ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Իրան եւ Իսրայէլ լարուածութեան նոր փուլ մը թեւակոխած են. Թել Աւիւի համար Թեհրան մնայուն թիրախ է։ Իրան-Իսրայէլ լարուածութեան մուտք գործած նոր փուլը ամբողջովին կը գերազանցէ՝ վերջին պատժամիջոցներու կամ միջազգային ճնշումներու շրջանակը։ Երեք ամիս առաջ տեղի ունեցած 12-օրեայ պատերազմի, ըստ վերապահ վերլուծութիւններու, ազդեցութիւնները տակաւին կը շարունակուին։ Արտաքին պարզ տեսքերէ անդին՝ պատճառները շատ բարդ են։ Հակամարտութիւնը կը շարունակէ մնալ բաց եւ անորոշ, իսկ տարածաշրջանի իրադրութիւնը դեռ երկար կը մնայ անկայուն։

Իսրայէլի կառավարութեան եւ յատկապէս՝ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի դիմաց այսօր կանգնած են բազմաշերտ եւ հակասական խնդիրներ։ Վարչապետի սեղանին վրայ տակաւին կը մնայ այն թղթածրարը, որ կը վերաբերի Իրանը դարձեալ հարուածելու համընդհանուր ծրագրին։ Յամենայնդէպս, միջազգային բեմահարթակի վրայ ներկայ իրավիճակը նպաստաւոր չէ՝ Իսրայէլի նոր ռազմական արկածախնդրութեան մը համար համաձայնութիւն ապահովելու։ Թէեւ Նեթանիյահու երբեք առանձնապէս ուշադրութիւն չէ դարձուցած միջազգային հանրութեան տեսակէտին, սակայն, ներկայ վերապահութիւններն ու դժգոհութիւնները աննախադէպ են՝ ներառեալ արեւմուտքի եւ Միջին Արեւելքի որոշ ռազմավարական դաշտերը։

Հիմնական ճակատը, ըստ վերլուծաբաններու՝ Կազզէի հարցն է եւ Իսրայէլի գերիներու խնդիրը։ Սա Նեթանիյահուի համար առաջնահերթ է, սակայն, նոյնիսկ հաւանական լուծումները չեն կրնար լիովին ապահովել իր ներքին կամ արտաքին դիրքերը։ Ընդհակառակն, իր որեւէ որոշումը կրնայ զինք դնել քաղաքական եւ ռազմավարական նեղ կացութեան մէջ, որովհետեւ ան չի կրնար անտեսել ներքին ընդդիմութիւնն ու իր հասարակական ճնշումները։

Բացի Կազզէէն, Նեթանիյահուի ուշադրութեան առարկայ է հարաւային Լիբանանը՝ «Հիզպուլլահ»ի սպառնալիքով, ինչպէս նաեւ Եմէնը՝ հուսիներու ազդեցութեամբ։ Իրանի շուրջ ստեղծուած լարուածութիւնը՝ համադրուած այս հակամարտութիւններուն հետ, Նեթանիյահուն կը պարտադրէ ճշգրիտ եւ արագ որոշումներ առնելու։ Իսրայէլի քայլերը կրնան ըլլալ երկու ուղղութեամբ։ Առաջին՝ ուղիղ ռազմական գործողութիւն Իրանի դէմ, երկրորդ՝ ժամանակ շահել եւ օգտուիլ Կազզէի հաւանական խաղաղութեան եւ միջազգային միջնորդութիւններու շնորհիւ։

Այս իրավիճակը ամբողջ Միջին Արեւելքը կը դնէ նոր անորոշութեան եւ վտանգաւոր ռազմաքաղաքական խաղի մը մէջ, ուր Իսրայէլի որեւէ քայլը կրնայ ազդել ո՛չ միայն սեփական երկրին, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանի ճակատագրին վրայ։ Նեթանիյահուի որոշումները չեն սահմանափակուիր միայն ռազմական գործողութիւններով, այլեւ կը պայմանաւորեն դիւանագիտական, տնտեսական եւ ներքին քաղաքական գործօններ, որոնք կը ճշդեն նոր ռազմավարական հաւասարակշռութիւն մը։ Վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ ներկայ փուլը կրնայ երկարիլ եւ ժամանակի ընթացքին նոր բախումներ եւ լարուածութիւններ ստեղծել։ Իրանի հարցը, անոր ռազմավարական դիրքերն ու Միջին Արեւելքի ընդհանուր անվտանգային միջավայրը կը մնան հիմնական կէտերը, որոնք կարեւորութեամբ կը գերազանցեն անցեալ 12-օրեայ պատերազմի հետեւանքները։ Նեթանիյահուի քայլերը այս անորոշ միջավայրին մէջ, պիտի որոշեն ո՛չ միայն Իսրայէլի անվտանգութիւնը, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանի քաղաքական եւ ռազմավարական ապագան։ Կարեւոր է հետեւիլ՝ արդեօք ան պիտի համարձակի՞ դարձեալ յարձակելու համար Իրանի վրայ կամ պիտի փորձէ ժամանակ շահիլ եւ քաղաքական խաղը յետաձգել՝ մինչեւ Կազզէի հաւանակ խաղաղութիւն։

Իրանի զինանոցի պարագային ալ նոր գործիքներու մասին կարելի է խօսիլ։ 12-օրեայ պատերազմէն ի վեր, Միջին Արեւելքը տակաւին «կը դողայ» լարուածութեան հին ու նոր ալիքներով։ Արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ կը քննարկուի ո՛չ միայն Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու ամբողջական վերականգնումը, այլեւ՝ հաւանական նոր բախումներու վտանգը։ Ահա, այս մթնոլորտին մէջ, Իրանի ապահովութեան նախարարութիւնը յանկարծ հրապարակեց 28 վայրկեան տեւողութեամբ տեսագրութիւն մը, որով կը պնդէ, թէ տիրապետած է միլիոնաւոր էջերով գաղտնի փաստաթուղթերու, որոնք կը վերաբերին Իսրայէլի միջուկային ու ռազմական ծրագրերուն։ Այս փաստաթուղթերու հրապարակումը ունի բազմաշերտ պատգամներ։ Նախ՝ դիւանագիտական։ Թեհրան կը փորձէ ճնշում բանեցնել միջազգային հարթակներու վրայ։ Երկրորդ՝ քարոզչական։ Իրան կը փորձէ հակադարձել իրեն հասցէագրուած միջազգային մեղադրանքներուն՝ ցոյց տալով, թէ Իսրայէլն ալ կը գործէ գաղտնի եւ ապօրինի ծրագիրներով։ Եւ երրորդ՝ անվտանգային. 189 մասնագէտներու անուններու, նկարներու ու հասցէներու հրապարակումը կրնայ վտանգել անոնց կեանքը, յառաջացնել իրաւական ու դիւանագիտական հետեւանքներ եւ նոյնպէս հրահրել Իսրայէլի հակահետախուզական պատասխանները։

Եթէ փաստաթուղթերը իսկապէս ամբողջական եւ վաւերական են, ապա աւելի կրնան սրել տարածաշրջանի ռազմավարական լարուածութիւնը։ Իսկ եթէ պարզուի, որ անոնք թերի կամ փոխուած են, ապա կրնան կասկածի տակ դնել Թեհրանի հաւաստիութիւնը միջազգային հանրութեան աչքին։

Իրանի հրապարակումը միայն տեղեկատուական պատահականութիւն մը չէ։ Ան կը փորձէ զուգորդուիլ միջազգային դիւանագիտական ժամանակացոյցին եւ խաղաքարտ դառնալ բանակցութիւններու սեղանին։ Արդեօք Թեհրան կը յաջողի՞ պարտադրել իր օրակարգը աշխարհին, թէ ոչ ընդհակառակն՝ կը կանգնի աւելի խիստ պատժամիջոցներու առջեւ։ Հեռանկարը կը մնայ բաց, բայց, բան մը յստակ է․ գաղտնի փաստաթուղթերու խաղը այլեւս դարձած է քաղաքական ճակատամարտի հիմնական զէնքերէն մին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025