ԵՐԿԻՐ ԴՐԱԽՏԱՎԱՅՐ

«Heaven, I am in heaven»ն է այս շաբթուան մեր երգը։ 

Եթէ անցեալ շաբթուան «New York-New york»ը յարմար էր Թրամփի «այդ տղան» կոչած մեր ղեկավարին՝ Նիւ Եորքի թաղերուն մէջ ունեցած պտոյտներուն, ապա՝ «Heaven»ը միանգամայն ա՛յն կարգավիճակն է, որուն մէջ կը գտնուի, կ՚ուզէ կամ կը ձեւացնէ գտնուիլ մեր երկրին առաջնորդը։ 

Հասկցայ ես՝ վերջապէ՛ս. անկեղծ ու անմիջական է մեր վարչապետը իր մտքերն ու ապրումները արտայայտելու ձեւերուն մէջ, քանի որ իսկապէ՛ս դրախտի մէջ պէտք է ըլլայ ան, որպէսզի իր հեղինակութեամբ մեր շուրջը կատարուածները չտեսնէ։ 

Քանի մը օր առաջ հայկական Գանձակի (այսօր՝ Կենճէ) մէջ կայացած ԱՊՀ-ի երկիրներու այս տարուան միջոցառման ընթացքին, ժողովուրդի բուռն ծափահարութիւններուն մէջ, Ատրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին պանծալի յաղթանակը գովերգող խօսքերուն հետ, բեմին մէջտեղ բազմեցաւ երկաթեայ բռունցքը, որ «ջարդ ու փշուր ըրաւ անոնց թշնամիները»… 

Ա՞յս է խաղաղութեան հռչակագիր «նախաստորագրող» Ատրպէյճանը։ 

Աւելին ալ կայ. 

Բոլորս գիտենք. 

Ատրպէյճանի մէջ դեռ նախադպրոցական տարիքէն մանուկները կը սորվին, որ Հայաստանի տարածքը իրենց «պատմական հողն» է, այդ երկրին մէջ Հայաստանի ու հայերուն հետ բարիդրացիութեան մասին խօսողները կը ձերբակալուին, գրողները կ՚աքսորուին, հայ գերիներուն դէմ խորագին ատելութեան դրսեւորումը հանդիսացող շինծու «դատավարութիւնները» կը շարունակուին, միայն վերջին վեց ամիսներուն մէջ աւելի քան երեսուն զօրավարժութիւններ կազմակերպուեցան, Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն աննախադէպ աճի մէջ է, զինեալ ուժեր կան ինքնիշխան Հայաստանի տարածքին մէջ, Ատրպէյճանի ոչխարնե՛րն ալ գծուած սահմանը սկսան անցնիլ եւ… այս բոլորին մէջ, մենք պէտք է համոզուինք, որ նման վարքագիծ մը որդեգրող պետութիւնը խաղաղութեա՞ն ձգտում ունի…. 

Այո՛, «Heaven»ի մէջ ապրողը կրնայ համոզուիլ։ 

Ալիեւ իր բոլոր ելոյթներուն մէջ առանց վարանելու, աներկմիտ՝ «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը կը գործածէ եւ մեր վարչապետը կը պնդէ, որ օգոստոսի 8-ի պատմական հռչակագիրին մէջ արձանագրուած, ընդունուած այդպիսի արտայայտութիւն մը չկայ։ Շատ բարի։ Եթէ չկայ, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ իրաւասութեամբ կ՚օգտագործուի ան Ալիեւի կողմէն։ 

Խնդիրը շատ պարզ է, ինչպէս հարցազրոյցի մը ընթացքին բացատրեց մեր վարչապետը. Հայաստանին պատկանող տարածքներուն անունները Հայաստանին կը վերաբերին, Ատրպէյճանի տարածքներունը՝ Ատրպէյճանին, բայց, անշուշտ, որ Հայաստանի մէջ TRIPP կոչուող ճանապարհին՝ Ատրպէյճանի «Զանգեզուրի միջանցք» կոչելուն մասին հարցուցած է ան, բայց ո՞ւր եւ որո՞ւն։ 

Ինչո՞ւ ՄԱԿ-ի 80-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին ընթացքին յստակօրէն չհնչեցուց այս էական հարցումը՝ մեր «խիզախ» ու «պահանջատէր» վարչապետը։ 

Ինչո՞ւ ճիշդ հո՛ն, մարդու իրաւունքներու միջազգային ամենէն հեղինակաւոր ու արդար ատեանին առջեւ չխօսեցաւ Պաքուի մէջ պահուող մեր գերիներուն մասին։ 

Ինչպէ՞ս խօսի, ինչպէ՞ս բողոքէ, երբ Հայաստանի մէջ ալ այդպիսիներ կան, երկու տարի ազատազրկուած սրբազան մը կայ։ 

Ինչպէ՞ս, ո՞ր երեսով կրնայ հարցնել։ 

Նոյեմբերի 9-ի դիպաշարը իր մասնիկներով կը կրկնուի. ստորագրուած թուղթը բան մըն է, հանրութեան ներկայացուածը՝ բոլորովին ուրի՛շ բան։ 

Ահա ա՛յս թոհ ու բոհին մէջ, բարեկամներ, մեր երկրին վարչապետը առտու կանուխ, Ազնաւուրի սքանչելի երգին հետ, հայելիին դիմաց իր դեղին փողկապը շտկած պահուն «բարի լոյս ու լաւ օր» կը մաղթէ բոլորիս, բան մը, որ աշխարհի միլիոնաւոր հետեւորդներ ունեցող մարզիկները, «մոտելները» կամ Հոլիուտի դերասանները չեն ըներ… 

Ու թէեւ աշխարհի այլ վարչապետներ իրենց պաշտօնին թելադրած սովորական պարտականութիւններուն կատարումը քայլ առ քայլ, շունչ առ շունչ որպէս հերոսութիւն չեն ցուցադրեր, բայց ի՛նչ ըսեմ, մեր ղեկավարին քաղաք մը այցելելը, ունեցած ժողովներն ու հանդիպումները ցուցադրելը չընդունիմ ալ՝ կրնամ հասկնալ, բայց ի՞նչ պէտք է ըսել «Շաբաթ երեկոյ»ին մասին… 

Կը ցաւիմ։ 

Պարտութիւն մը ստորագրած ու աներես հպարտութեամբ հրաժարական չտուած, չտուող, հաստատակամ քայլերով մօտալուտ ընտրութիւններուն պատրաստուող ու մեզ նոր արհաւիրքներու պատրաստող մեր վարչապետին փոխարէն ես կ՚ամչնամ ու գլուխս կախ՝ կը հարցնեմ. 

Որո՞ւն ի՞նչ կ՚ըսէ Չինաստանէն եկած ու «պարզ ա»՝ խորովածը կարօտցած Աննային համար՝ մեր վարչապետին պատրաստած շամփուր-շամփուր խորովածները ներկայացնող…

Ի՞նչ է այս տեսանիւթին նպատակը։ Հարազատութի՞ւն է, օրինակ, որ ան իր տիկնոջ հետ ունեցած կենցաղային այս մանրամասնութիւնները՝ խորովելիք միսերն ու լոլիկները ցուցադրէ։ 

«Շաբաթ երեկոյ»ին փոքրիկ օրինակով, մանկական կրօնի դասագիրքերուն ու նկարազարդ Աստուածաշունչներուն մէջ պատկերուած կապուտակ երկնքի, կանաչաւուն ծառերու, արծաթափայլ ջուրերու ու քաղցրահամ ուտեստներու, եդեմային «Heaven»ի մէջ չէ, այլ՝ ո՞ւր է մեր պետութեան վարչապետը…

Հայերէնի դպրոցական մեր պահերէն մէջս մնացած ուրիշ դրախտ մը կը յիշեմ ես.

Հայաստան՝ երկիր դրախտավայր…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025