«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԹԷ՛ ԱՆԲԻԾ Է ԵՒ ԹԷ ԱՐԱՏԱՒՈՐՈՒԱԾ» (Խորհրդածութիւններ հոկտեմբեր ամսուան համար)

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբգրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։

Գիրքին մէջ հեղինակը ամէն ամսուայ համար ունի յատուկ խորհրդածութիւններ։

Կը ներկայացնենք հոկտեմբեր ամսուան համար խորհրդածութիւններ, որոնք կը հրաւիրեն մեզ հաւատքով նայելու Եկեղեցւոյ, ոչ իբրեւ կատարեալ մարդկային կազմակերպութեան, այլ որպէս Քրիստոսի կենդանի մարմինին, ուր շնորհքը միշտ առատ է եւ ուր մեզի կը բացուի հանդիպման դուռը՝ կենդանի Տիրոջ հետ։ 

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԹԷ՛ ԱՆԲԻԾ Է ԵՒ ԹԷ ԱՐԱՏԱՒՈՐՈՒԱԾ

Եկեղեցին միաժամանակ սուրբ է եւ մեղաւոր, անբիծ է եւ արատաւորուած: Եկեղեցին Քրիստոսի հարսն է, որ զինք լուաց մաքուր ջուրով եւ իրեն համար զայն առաւ. «Առանց ոեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան...» (Եփ 5.26- 27): Եկեղեցին ալ մեղաւոր, շուարած եւ տառապած մարդոց կողմէ կազմուած խումբ մըն է, որ յարատեւօրէն ցանկութեան եւ ընչաքաղցութեան ուժերուն կողմէ փորձութեան կը մատնուի եւ միշտ ենթակայ է հակամարտութիւններու եւ մրցակցութեանց: 

Երբ կ՚ըսենք, թէ Եկեղեցին մարմին մըն է, միայն չենք ակնարկեր Մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հաղորդութեամբ Քրիստոսանման դարձած սուրբ եւ անսխալական մարմնին, այլեւ նկատի կ՚ունենանք այդ մարմնին անդամակցող մարդոց բոլոր թերութիւնները: Երբ Եկեղեցւոյ մասին ունինք այս յստակ պատկերացումը, այն ատեն մենք՝ եւս կրնանք Եկեղեցւոյ մէջ ապրիլ իբրեւ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներ։

ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Եկեղեցին հաւատքի առարկայ մըն է: Առաքելական Հանգանակին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Կը հաւատամ Աստուծոյ, Հօրը... Յիսուսի Քրիստոսի, իր Միածին Որդիին... Սուրբ Հոգիին, Ընդհանրական Սուրբ Եկեղեցիին, Սուրբերու հաղորդակցութեան, մեղքերու թողութեան, մարմնի յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին»։ Մենք պէտք է Եկեղեցւոյ հաւատանք: Առաքելական Հանգանակը չ՚ըսեր, թէ Եկեղեցին կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՚օժանդակէ մեզի հաւատալու Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին: Ո՛չ: Մենք կը հրաւիրուինք հաւատալու Եկեղեցիին եւ հաւատալու այն հաւատքով, որով Աստուծոյ կը հաւատանք։

Յաճախ կը թուի, որ շատ աւելի դժուար է Եկեղեցիին հաւատալը քան՝ Աստուծոյ: Սակայն, երբ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը անջատենք Եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքէն, մենք անհաւատ կը դառնանք: Աստուած մեզի տուած է Եկեղեցին որպէս վայր մը, ուր Աստուած կը դառնայ Աստուած մեզի հետ։

ՆՈՅՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐԸ

Առանց Եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին, մենք չենք կրնար հաւատալ, որ Աստուած իր Միածինը աշխարհ ղրկեց, որպէսզի Աստուած մեզի հետ ըլլայ եւ նաեւ ղրկեց իր Սուրբ Հոգին, որպէսզի Աստուած մեր մէջ բնակի:

Մարդկային տրամաբանութեամբ, Եկեղեցին, որուն միջոցաւ Աստուած կամեցաւ իր սէրը յայտնել մեզի, ամենաքիչ հաւանականութիւնը ունեցող մարմինն է իրեն վերապահուած այդ դերին համար: Մեզի համար անհասկնալի կրնայ թուիլ, թէ ինչո՞ւ երկու հազար տարիներ առաջ, Աստուած որոշեց մարդանալ Միջին Արեւելքի անտեսուած գիւղի մը մէջ ապրող երիտասարդ կոյսի մը միջոցաւ եւ անըմբռնելի՝ թէ ինչո՞ւ ան որոշեց իր փրկագործական աշխատանքը շարունակել մարդկային այն ընկերութեան մէջ, որ վէճերու, նախապաշարումներու, դիրքի եւ հեղինակութեան համար մղուած պայքարներու պատճառով շարունակաբար բաժան-բաժան է եղած է։ 

Այս բոլորով հանդերձ, Յիսուսի հաւատալն ու Եկեղեցիին հաւատալը, միեւնոյն հաւատքին երկու երեսակները կը կազմեն: Թերեւս ասիկա մարդկայնօրէն անտրամաբանական թուի մեզի, սակայն ասիկա կ՚արտայայտէ աստուածային կամքը։

ԱՌԱՏ ՇՆՈՐՀՔ

Դարերու ընթացքին, Եկեղեցին այնպիսի ծայրայեղ արարքներու թատերաբեմ դարձաւ, որ շատ բնական պիտի ըլլար, եթէ մարդիկ ընդմիշտ լքէին զայն: Արդարեւ, Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, որ ծանօթ է բոլորին, լեցուն է վայրագ խաչակրութեանց, կոտորածներու, իշխանութեան համար մղուած պայքարներու, կեղեքումներու, բանադրանքներու, մահապատիժներու, մարդոց եւ գաղափարներու չարաշահութեան եւ շարունակաբար կրկնուող բաժանումներու դէպքերով եւ արարքներով:

Կրնա՞նք հաւատալ, որ ասիկա նոյն Եկեղեցին է, որ իր մէջ ունի Աստուծոյ Սուրբ Խօսքն ու աստուածային փրկարար սիրոյ խորհուրդները: Կրնա՞նք վստահիլ, որ հակառակ այս այլասերումին, Եկեղեցին, իբրեւ յաւիտենական կեանքի սնունդ, կը շարունակէ աշխարհին մատուցել Քրիստոսի մարմինը: Կրնա՞նք ընդունիլ, որ հոն, ուր մեղքը շատ է, այնտեղ շնորհքը աւելի առատ կը դառնայ (Հռ 5.20), եւ հոն ուր խոստումները շարունակաբար կը դրժուին, այնտեղ Աստուծոյ խոստումը առյաւէտ հաստատ կը մնայ:

Հաւատալ, կը նշանակէ այս հարցումներուն «Այո՛» պատասխանել:

ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Իրողութիւն է, որ Յիսուս մարդոց ներկայացաւ մարդկային կերպարանքով: Նոյնպէս ալ Եկեղեցին մեզի կը ներկայանայ ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը կազմակերպութիւններու օրինակով: Տակաւին, եթէ կարելի է ընդունիլ, որ աշխարհէն ներս Յիսուսէն աւելի վայելուչ արտաքինով մարդիկ ապրած են, նոյնպէս ալ պէտք է ընդունինք, որ շատ մը կազմակերպութիւններ, Եկեղեցիէն շատ աւելի յաջող ձեւով կը վարեն իրենց գործերը : Բայց, Յիսուս մեր մէջ յայտնուող Քրիստոսն էր, որ մեզի բերաւ Աստուծոյ սէրը. եւ Եկեղեցին ալ Քրիստոսի ժողովուրդն է, որուն կոչումն է աշխարհէն ներս տեսանելի դարձնել Յիսուսի ներկայութիւնը:

Եթէ տարիներ առաջ հանդիպած ըլլայինք՝ Քրիստոսի, պիտի կարենայի՞նք ճանչնալ զինք: Արդեօք ներկայիս կրնանք զինք ճանչնա՞լ իր մարմնին՝ Եկեղեցիին միջոցաւ: Կեանքէն ներս մեզի կ՚առաջարկուի հաւատքի քայլ մը առնել եւ եթէ համարձակինք այդ քայլը առնել, մեր աչքերը պիտի բացուին եւ մենք ալ պիտի տեսնենք Աստուծոյ փառքը:

ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԷԶԸ

Եկեղեցին մարդկային նկարագիր ունեցող կազմակերպութիւն մըն է, բայց միաժամանակ, ան Աստուծոյ շնորհքին պարտէզն է, ուր սրբութիւն կը ծաղկի: Սուրբերն ալ անոնք են, որոնք իւրայատուկ ձեւով կենդանի Քրիստոսը տեսանելի կը դարձնեն մեզի: Կարգ մը սուրբեր, իրենց կեանքը ընծայած են Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան ասպարէզին. ուրիշներ, իրենց խօսքերովն ու գրութիւններովը, մնայուն կերպով կը շարունակեն սնուցանել մեզ: Ոմանք հերոսաբար եւ դժուարին կացութիւններու մէջ ապրած են. ուրիշներ, իրենց խոկումի եւ աղօթքի կեանքին մէջ անյայտ մնացած են. ոմանք, մարդկութիւնը վերականգնումի հրաւիրող մարգարէական ձայներ են եղած. ուրիշներ, հսկայ կազմակերպութիւններ հաստատող ու վարող ռազմագէտներ են եղած. ոմանք, եղած են առողջ եւ զօրաւոր, ուրիշներ՝ հիւանդոտ, տագնապալից եւ անապահով:

Վերոնշեալները կեանքը ապրած են իրենց հասկցած ձեւով, սակայն Եկեղեցւոյ մէջ: Անոնք Եկեղեցւոյ մէջ լսած են ձայն մը, որ զիրենք կոչած է Աստուծոյ սիրեցեալ: Եւ անոնք միեւնոյն վայրին մէջ, բաւարար քաջութիւն գտած են Քրիստոսը դարձնելու իրենց կեանքին կեդրոնը:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԸԼԼԱԼ, ԲԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ «ՉՊԱՏԿԱՆԻԼ»

Յաճախ կը լսենք, որ մենք պէտք է ապրինք աշխարհէն ներս, սակայն առանց աշխարհին պատկանելու: Բայց, առանց Եկեղեցւոյ պատկանելու, Եկեղեցւոյ մէջ մնալը շատ դժուար բան է: Բացասական իմաստով, Եկեղեցիին «պատկանիլ», կը նշանակէ այնքան գրաւուիլ եւ տարուիլ եկեղեցական պարտականութիւններով եւ անցուդարձերով, որ այլեւս կրնանք դադրիլ Քրիստոսի վրայ կեդրոնանալէ: Այս իմաստով, Եկեղեցւոյ պատկանիլը կրնայ կուրցնել մեզ եւ պատճառ հանդիսանալ, որ Եկեղեցւոյ մէջ մենք չտեսնենք ինչ որ պարտինք տեսնել եւ չլսենք այն՝ ինչ պէտք է լսենք:

Չմոռնանք, որ Քրիստոս կը բնակի Եկեղեցւոյ մէջ, ուր ան մեզ կը հրաւիրէ սեղանակից ըլլալու իրեն եւ իրմէ լսելու սիրոյ յաւիտենական խօսքեր:

Հսկայ մարտահրաւէր մըն է առանց Եկեղեցւոյ պատկանելու անոր մէջ ըլլալ։

ՍԻՐԵՆՔ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Յաճախ անկարելի կը թուի Եկեղեցին սիրել, սակայն, մենք պարտինք մեր անձերուն յիշեցնել, որ Եկեղեցւոյ մէջ գտնուողները, զօրաւոր ըլլան անոնք կամ տկար, պահպանողական կամ յառաջադէմ, հանդուրժող կամ ծայրայեղական, բոլորը մաս կը կազմեն վկայողներու այն խումբին, որ կը քալէ այս արցունքներու հովիտէն՝ փառաբանանքի եւ գոհաբանութեան երգեր երգելով եւ ականջ տալով Տիրոջ ձայնին ու միասնաբար ուտելով այն հացէն, որ այնքան ատեն որ կը բաշխուի, շարունակաբար կը բազմապատկուի:

Երբ այս ճշմարտութիւնը յիշենք, այն ատեն մենք ալ կրնանք ըսել. «Ես կը սիրեմ Եկեղեցին, եւ ես ուրախ եմ անոր պատկանելուս համար»։

Եկեղեցին սիրելը մեր սրբազան պարտականութիւնն է։ Առանց Եկեղեցին ճշմարտապէս սիրելու, մենք չենք կրնար անոր մէջ խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ ապրիլ եւ առանց այդ ճշմարիտ սիրոյն, մենք չենք կրնար ուրիշները հրաւիրել Եկեղեցի:

ՀԱՆԴԻՊԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցին սիրելը կապ չունի զգացական յոյզերու հետ, այլ պարզապէս կ՚ենթադրէ կենդանի Քրիստոսը՝ իր ժողովուրդին մէջ տեսնելու կամեցողութիւն եւ կը պահանջէ սիրել մարդիկ, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ուզէինք սիրել զՔրիստոս: Եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ունեցած սէրը պէտք չէ միայն ուղղուած ըլլայ դէպի աղքատ, հարստահարուած եւ մոռցուած «աննշան» մարդիկը, այլեւ՝ դէպի «մեծ»երը, որոնք Եկեղեցւոյ մէջ հեղինակաւոր դիրքի վրայ են:

Սիրել Եկեղեցին կը նշանակէ կամիլ Յիսուսի հանդիպիլ այնտեղ:

Սիրել չի՛ նշանակեր անպայմանօրէն համաձայնիլ կամ համամիտ գտնուիլ իւրաքանչիւր կարծիքի եւ վարմունքի հետ: Ընդհակառակը, սէրը կը պահանջէ նաեւ պայքարիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք Քրիստոսը կը թաքցնեն մեզմէ: Սակայն, հակառակինք կամ հաստատենք, քննադատենք կամ փառաբանենք, մենք արդիւնաւոր կրնանք դառնալ միայն այն ատեն, երբ մեր խօսքն ու գործը կը բղխին Եկեղեցին սիրող սրտերէ:

ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցին յաճախ մեզ խորապէս կը վիրաւորէ: Եկեղեցական դիրք եւ հեղինակութիւն ունեցող մարդիկ, յաճախ իրենց խօսքովը, կեցուածքովն ու պահանջքներովը մեզ կը ցաւցնեն: Եւ որովհետեւ մեր կրօնքը կեանքի ու մահուան հարցերուն հետ շփման մէջ կը դնէ մեզ, մենք կրնանք դիւրաւ վիրաւորուիլ: Հոգեւորականները շատ քիչ անգամ կ՚անդրադառնան, թէ սուր դիտողութիւն մը, մերժողական արարք մը, կամ անհամբերատար արտայայտութիւն մը, որքան երկար ժամանակ կրնան յիշուիլ մարդոց կողմէ։

Ընկերութեան մէջ սով կը տիրէ եւ մարդիկ լրջօրէն կը տագնապին, որովհետեւ կը փորձեն ըմբռնել կեանքին իմաստը, գտնել սփոփանք եւ մխիթարութիւն, հասնիլ ներողամտութեան եւ հաշտութեան ու հոգեպէս վերականգնիլ եւ բժշկուիլ:

Արդ, բոլոր անոնք, որոնք Եկեղեցւոյ մէջ ունին ոեւէ տեսակի հեղինակութիւն, պէտք է մնայուն կերպով գիտակցին, թէ կարեկցութիւնն է եկեղեցականին մեծագոյն հեղինակութիւնը։

Յիսուսին նայինք եւ պիտի անդրադառնանք, որ ան իր հեղինակութիւնը կարեկցութեամբ արտայայտեց։

ՆԵՐԵԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 

Երբ վիրաւորուած ենք Եկեղեցիէն, անմիջապէս կը փորձուինք զայն մերժել: Բայց երբ մերժենք Եկեղեցին, այն ատեն շատ աւելի դժուար կ՚ըլլայ կապ պահել կենդանի Քրիստոսին հետ: Երբ կ՚ըսենք. «Ես կը սիրեմ Քրիստոսը բայց կ՚ատեմ Եկեղեցին», ի վերջոյ կը կորսնցնենք ո՛չ միայն Եկեղեցին, այլ նաեւ՝ Քրիստոսը:

Մեզի համար Եկեղեցիին ներելը մեծ մարտահրաւէր է, որովհետեւ Եկեղեցին շատ քիչ անգամ ներում (գէթ պաշտօնապէս) կը խնդրէ: Բայց Եկեղեցին, որպէս մարդկային կազմակերպութիւն, որ յաճախ կը սխալի, կարիքը ունի մեր ներողամտութեան, որովհետեւ, Եկեղեցին իբրեւ մեր մէջ ապրող կենդանի Քրիստոս, շարունակաբար մեզի թողութիւն կը շնորհէ:

Եկեղեցւոյ մասին պէտք չէ մտածել իբրեւ մեզմէ հեռու եւ դուրս եղող բան մը, այլ անոր պէտք է նայիլ որպէս տագնապող համայնք եւ զայն դիտել իբրեւ տկար ժողովուրդ մը, որուն մենք մաս կը կազմենք, եւ որուն մէջ մենք կը հանդիպինք մեր Տիրոջ ու Փրկչին:

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Իբրեւ Քրիստոսի մարմին, Եկեղեցին բազմերես է իր արտայայտութիւններուն մէջ: Եկեղեցին կ՚աղօթէ ու կը պաշտէ: Ան կ՚առաջնորդէ եւ կը բժշկէ, կը մաքրէ մեզ մեր մեղքերէն, մեզ կը հրաւիրէ Տիրոջ սեղանին, սիրոյ ուխտով մեզ իրար կը միացնէ, մեզ դէպի առաքելութիւն կ՚ուղղէ, կ՚օծէ մեզ, երբ հիւանդ ենք կամ մահամերձ եւ կ՚ընկերակցի մեզի, երբ ճշմարտութիւնը փնտռելու ու ամենօրեայ մեր կարիքները հոգալու ճիգին մէջ ենք:

Այս բոլորը կրնանք չտեսնել, երբ կը նայինք մեր եկեղեցական առաջնորդներուն, սակայն, երբ կ՚ապրինք մեր կեանքը այն պարզ վստահութեամբ, թէ Քրիստոս, Եկեղեցւոյ միջոցաւ, մեզի հետ է, այն ատեն Եկեղեցւոյ բազմերես ծառայութիւնը պիտի սկսինք տեսնել նաեւ մեր չյուսացած եւ չակնկալած վայրերուն մէջ ու դէմքերուն մօտ:

Եթէ ճշմարտապէս կը սիրենք Յիսուսը, ապա, համաձայն մեր կարիքներուն, ան վստահաբար յարմար անձեր պիտի ղրկէ մեզի: Այդ անձերը, մեր հոգեւոր առաջնորդներն են:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025