ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ …ԵՒ ԱՆՑԵԱԼԻ ՊՈԼԻՍԸ ԻԲՐԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՆՈՐՈԳ ՈՒԺ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յաւելեալ նշանակութիւն ունին այն տօներն ու պահերը, որոնք միայն չնչին առօրեայ ծէս չեն, այլ կը ծառայեն ազգի հոգեւոր եւ մտաւոր կենսագրութեան ամրացման։

Սուրբ Թարգմանչաց տօնը անոր լաւագոյն օրինակն է, որ կը միացնէ հաւատքին խորագոյն խորհուրդը ազգի ինքնութեան հիմնաքարին։

Տօն է՝ նուիրուած այն լուսաւոր վարդապետներուն, որոնք Աստուծոյ Խօսքը հայ ժողովուրդին մատչելի դարձուցին եւ անով հայ կեանքը հարստացուցին։ 

Առաջին մեր թարգմանիչները՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ Պարթեւ իրենց սաներուն հետ, եղան ստանձնողները այն աստուածընտիր գործին, որով հայը վերստին ձայն գտաւ, իր հոգին եւ իր հաւատքը ամրագրեց հայատառ տողերուն մէջ։

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Թարգմանիչները միամիտ գործիչներ չէին․ անոնք, ըլլալով աստուածատուր առաքեալներ, նաեւ ռազմավարներ էին՝ ելած էին հաւատքի զէնքերով զինելու ժողովուրդ մը։ Յաջորդող դարերուն հայը, որ պիտի ապրէր հալածանքներ ու գաղթեր, իր գոյատեւման ճամբան պիտի գտնէր գիրքին ու դպրութեան մէջ։ Հայ գիրքը դարձաւ գաղտնի եւ խորհրդաւոր պատսպարան, որուն շնորհիւ լեզուն ապրեցաւ, իսկ ժողովուրդը չկորսուեցաւ։

Թարգմանիչներու ստեղծած գրական գլուխ գործոցները միայն աստուածաբանական ու փիլիսոփայական երկեր չէին․ անոնք նաեւ եղան հայ կենցաղի, մտածողութեան եւ աշխարհայեացքի ընդարձակ տարածքները։ Եղիշէն, Խորենացին, Դաւիթ Անյաղթը, Նարեկացին եւ Կլայեցին շարունակեցին Մաշտոցի եւ Սահակի ձեռնարկը՝ կրկին գիրով կերտելով հայու հոգին։

Այս օրերուն, երբ կը նշենք Սուրբ Թարգմանչաց տօնը, մենք միայն անցեալէն էջ մը չենք յիշեր։ Մենք կը վկայենք, թէ մեր գոյութիւնը հիմնուած է Խօսքին վրայ, որ եղաւ Գիրք, իսկ Գիրքը հաւատքի եւ ազգի թագ դարձած է։ 

Այս տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ լեզուին, գիրքին եւ կրթութեան պահպանումը մշակութային պարտականութիւն մըն է այսօր, նաեւ՝ գոյապայքարի միջոց, հոգեւոր հայրենիքը անմահ պահելու հրամայական։ 

Սուրբ Թարգմանիչները մեզի ձգեցին ժառանգութիւն մը, որուն վերանորոգումը մշտական անհրաժեշտութիւն է։ Ամէն անգամ, որ հայ մանուկ մը հայոց տառերը կը սորվի, ամէն անգամ, որ հայ երիտասարդ մը հայերէնով կը կարդայ եւ ամէն անգամ, որ հայ ընտանիք մը գիրք մը կը բանայ՝ Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի աղօթքը կենդանի կը դառնայ։

Սուրբ Թարգմանչաց տօնը հետեւաբար հրաւէր մըն է՝ մնալու հաւատարիմ Խօսքին, վերստին արմատաւորուելու Գիրքին մէջ եւ նորոգելու մեր զօրութիւնը հաւատքին ու ինքնութեան սուրբ զէնքերով։

ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐԸ՝ ՄԱՇՏՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՇՆՈՐՀԱԼԻ

Սուրբ Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը ամբողջական կը դառնայ միայն այն ականաւոր վարդապետներուն դէմքերով, որոնք կերտեցին հայ հոգեւոր-մշակութային մեծ դարաշրջանը։ Ամէն մէկը առանձին աստղ մըն էր, բայց բոլորը միասին երկնակամարին դարձուցին այն անթառամ լոյսը, որուն տակ պիտի քալէր հայ ժողովուրդը դարերէ դարեր։ 

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց (361-440) ծնաւ Տարօնի Հացեկաց գիւղին մէջ։ Մանուկ հասակէն ուսանեցաւ յունարէն, ասորերէն եւ պարսկերէն, իսկ Խոսրով Գ. թագաւորի օրով եղաւ նախ զինուորական, ապա պաշտօնեան արքունական դիւանին։ Սակայն աշխարհիկ փառքին վրայ գերադասեց հոգեւոր առաքելութիւնը։ 395 թուականին քարոզութեամբ գնաց Գողթն գաւառ, ուր աւելի խոր զգաց հայ ժողովուրդին համար սեփական գիրի անհրաժեշտութիւնը։ Սահակ Պարթեւի եւ Վռամշապուհ թագաւորի օրհնութեամբ ձեռնարկեց սրբազան գործին։ Նախ փորձ կատարուեցաւ գոյութիւն ունեցող նշանագրերու կիրառումով, սակայն, անոնք անկարելի եղան հայերէն լեզուի հնչիւնները ճշգրիտ արտացոլելու։ Այդ պատճառով Մաշտոց իր աշակերտներուն հետ մեկնեցաւ Ամիդ, Եդեսիա եւ Սամոսատ, եւ 405 թուականին, Աստուծոյ օգնութեամբ, ամբողջացուց հայ գիրերը։ Հռոփանոս վայելչագրի հետ միասին կատարելութեան հասցուց տառերուն գծագրութիւնը։ Վերադառնալով հայրենիք՝ հիմնեց դպրոցներ, ուսուցանեց նոր գիրերուն գիտութիւնը եւ հիմքը դրաւ հայ գրականութեան։ Վախճանեցաւ 440 թուականի փետրուարի 17-ին, Վաղարշապատի մէջ, թաղուեցաւ Օշական գիւղին մէջ, որ դարերէ ի վեր դարձած է ուխտավայր։

Սուրբ Եղիշէ (մօտ. 410-475) եղաւ Սահակ-Մեսրոպեան դպրոցի կրտսեր աշակերտներէն։ Որպէս Վարդան Մամիկոնեանի ատենադպիր, շուրջ 458 թուականին գրեց Վարդանի եւ հայոց պատերազմի մասին իր երկը, որ անգին գնահատուած է հայ պատմագրութեան գոհարներուն մէջ։ Իր մեկնութիւններով եւ ճառերով երեւցուց փայլուն աստուածաբանական իմացութիւն։ Վարդանանց պատերազմէն ետք անցաւ ճգնական կեանքի, նախ Մոկաց, ապա Ռշտունեաց լեռներուն մէջ, ուր ալ կնքեց մահկանացուն։

Սուրբ Մովսէս Խորենացի (մօտ. 410-485), որ յետագային պիտի կոչուէր Պատմահայր եւ Քերթողահայր, ծնաւ Տարօնի Խորոնք գիւղին մէջ։ Մանուկ տարիքէն ուսանեցաւ Սահակ Պարթեւին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին մօտ, ապա ուղարկուեցաւ Աղեքսանդրիա՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու։ Վերադառնալով հայրենիք՝ եղաւ եպիսկոպոս, գրեց բազմաթիւ գործեր եւ յատկապէս իր «Հայոց պատմութիւնը»՝ հայ ազգային ինքնութեան ամփոփագիրն ու դասագիրքը։ Անոր շարականները, ներբողները եւ դաւանական յօդուածները մնացին անանց գանձեր։

Սուրբ Դաւիթ Անյաղթ (մօտ. 475 - 6-րդ դարի կէսեր) ըստ հին հայկական աղբիւրներու, ծնած է Տարօնի Ներքին գիւղին մէջ։ Փիլիսոփայական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Աղեքսանդրիա, ուր փայլած է հրապարակային վէճերով եւ արժանացած՝ «Անյաղթ» մականունին։ Վերադառնալով հայրենիք՝ փիլիսոփայական գիտութեան հիմքը դրած է Հայաստանի մէջ։ Իր «Սահմանք իմաստասիրութեան» եւ այլ աշխատութիւններով ճշգրտած է հայ փիլիսոփայական լեզուն․ դարեր շարունակ իր ուսմունքը առաջնորդած է հայ փիլիսոփայական միտքը եւ ինք մնացած է իբրեւ ուսուցիչ ու մեկնաբան։ Անոր երկերը միջնադարեան դպրոցներու դասագիրքեր դարձած են։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի (մօտ. 947-1003) ծնաւ Վասպուրականի Նարեկ գիւղին մէջ։ Բանաստեղծ, փիլիսոփայ, երաժիշտ ու ճգնաւոր, ան Հայ Եկեղեցւոյ ամենամեծ խորհրդապաշտներէն եղաւ։ Իր «Մատեան ողբերգութեան»ը համաշխարհային աղօթագրական գրականութեան գլուխ գործոցն է։ Բազմաթիւ տաղերով ու գանձերով Նարեկացին հայ հոգին թեւաւորեց, իսկ իր ձայնը դարձաւ անմահ աղօթք։ Անոր գերեզմանը Նարեկայ վանքին մէջ մնաց դարեր շարունակ ուխտատեղի։

Սուրբ Ներսէս Կլայեցի (Շնորհալի, մօտ. 1102-1173) Պահլաւունի ազնուական տոհմէն ծնած, մեծցաւ մանուկ տարիքէն հայ մեծ վարդապետներու խնամքին ներքեւ։ 1166-ին ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր անթիւ գիրքերով, տաղերով եւ դաւանաբանական աշխատութիւններով ամրապնդեց եկեղեցւոյ միասնութիւնը։ Իր «Թուղթ ընդհանրական»ը եւ «Վիպասանութիւն»ը կը վկայեն հայրապետի մեծութիւնը։ Մեծ եղած է ո՛չ միայն իբրեւ հաւատքի առաջնորդ, այլեւ իբրեւ հայ գրականութեան եւ երաժշտութեան սրբազան հանճար։

Այս վարդապետներուն շղթան, որ կը սկսի Մաշտոցով եւ կը հասնի Շնորհալիին, խորհրդանիշն է այն աստուածատուր ուղիին, որով հայ ժողովուրդը ստացաւ գիր ու գրականութիւն, ունեցաւ հոգեւոր ինքնութիւն։ Ուրեմն, պէտք է փառաբանել թէ՛ մարդը եւ անոր սուրբ գործը եւ թէ՛ այն շնորհը, որուն միջոցով լեզուն դարձաւ ազատ ելք՝ դէպի հոգեւոր փափաքները եւ ազգային տոկունութիւնը։

Այսօր հայութիւնը սփռուած եւ ընդարձակուած է աշխարհով մէկ։ Տագնապը կայ այն բանին մէջ, որ լեզուն եւ գրականութիւնը յաճախ կը կորսնցնեն առաջնահերթութիւնը նոր պայմաններու մէջ։ Սակայն, սփիւռքը նաեւ երաշխիք է՝ բազմաձեւ ուսուցման եւ նորարարութեան համար։ Տօներու խորհուրդին շուրջ նոյնպէս կարելի է միաւորուիլ՝ դպրոցները, հայկական մշակութային կառոյցները, բոլորը կրնան համագործակցիլ՝ ստեղծելով առցանց դասընթացքներ, թարգմանական ամառնային ճամբարներ եւ բազմալեզու կրթական մատչելի ծրագիրներ։ 

Ուստի, Թարգմանչաց տօնը պէտք է դառնայ վկայութիւն՝ աշխարհին ու մեզի։ Յիշելով Մեսրոպի տեսիլքը, որ տառերը աստուածային պատուէր ստացաւ, պիտի ո՛չ միայն այբուբենը պիտի պահենք, այլ ապրեցնենք լեզուն, ունենալու համար նոր թարգմանութիւններ, նոր մեկնութիւններ եւ նոր զարթօնքներ։

Տօնը առիթ ըլլայ, որպէսզի այսուհետ աւելի շատ ընթերցենք, աւելի շատ խօսենք իրարու հետ հայերէն՝ ոչ երբեմն, այլ ամէն օր։ Պատրաստենք դպրոցներու եւ ընտանիքներու մէջ ձեռնարկներ, որպէսզի մեր երեխաները զգան, որ լեզուն՝ հոգին եւ մարմինը զօրացնող ամենամեծ միջոցն է։

ՊՈԼԻՍԸ՝ ՀԱՅՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՆՈՐՈԳ ՇՈՒՆՉԸ

Դարեր անց, թարգմանիչներու աւանդը Պոլսոյ մէջ ստացաւ նոր կեանք։ 18-19-րդ դարերուն Պոլիս դարձաւ հայ մտաւորականութեան եւ գիրքերու հրատարակութեան ամենամեծ կեդրոնը։

Պոլիսը վերածուեցաւ այն բացառիկ վայրին, ուր թարգմանութեան գործը ստացաւ նոր թափ, դառնալով համահայկական մտաւորական շարժում։ Պոլիսը եղաւ այն տեղը, ուր հայ մշակոյթը հանդիպեցաւ Եւրոպայի եւ Ասիոյ մտաւոր շունչին։

Հայոց Պոլիսը ո՛չ միայն տնտեսական ու հասարակական առումով եղաւ կայսրութեան հայութեան առաջնորդող կեդրոնը, այլ նաեւ գիր-մշակոյթի բնագաւառին մէջ այդպէս էր։ Այստեղ կը գտնուէին հայկական բազում տպարաններ, կրթական կեդրոններ, վարժարաններ, եկեղեցիներ, թերթեր ու ամսագրեր։ Թարգմանութիւնը դարձաւ այս մտաւորական միջավայրը սնուցող հիմնական աղբիւր, որով հայ ընթերցողը առաջին անգամ անմիջական առընչուեցաւ համաշխարհային գրականութեան մեծ անուններուն։

Պոլսոյ հայ մտաւորականները, բազմալեզու դաստիարակութիւն ստացած ըլլալով՝ ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն կամ յունարէն լեզուներու իմացութեամբ, իրենց առջեւ նպատակ դրին հայ ընթերցողին հասանելի դարձնել այն արժէքները, որոնք կը հարստացնէին նաեւ եւրոպական հասարակութիւնները։ Արդիւնքը եղաւ թարգմանական գրականութեան աննախադէպ ծաղկում։

Այս սերունդին պատկանող թարգմանիչները միայն բառացի չէին փոխանցեր գրական գործերը, այլ զանոնք կը վերաձեւէին հայոց ոճին եւ լեզուին համեմատ։ Այդ իսկ պատճառով, թարգմանուած գիրքերը օտար մշակոյթներուն հետ, այո՛, ծանօթութիւն էին, բայց նախ եւ առաջ հայ գրականութեան հարստութիւնը դարձան։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ

Թարգմանական արուեստը ուրիշ հայաշատ քաղաքներու մէջ ալ կար, բայց, Պոլիսն էր մա՛նաւանդ զայն առաջ տանող ուժը, որու միջոցաւ առաջին անգամ արեւմտահայ ընթերցողը ծանօթացաւ Շէյքսփիրի ողբերգութիւններուն, Մոլիէրի կատակերգութիւններուն, Վոլթէրի եւ Ռուսոյի փիլիսոփայական գրութիւններուն։ Նոյնպէս Վիքթոր Հիւկոյի վէպերը, Լամարթինի բանաստեղծական պոռթկումները, ինչպէս նաեւ ռուս դասականներու՝ Թոլսթոյի ու Փուշքինի գործերը հայերէն թարգմանուեցան այստեղ՝ արագ տարածուելով հայ ընթերցողներու մէջ, հասնելով ուրիշ երկիրներ ալ։ 

Ժամանակի ամբողջ գեղարուեստական, մանկական, հանրամատչելի, նոյնիսկ՝ գիտական գրականութիւնը արեւմտահայերէն ընթերցող մարդու ձեռքին էր՝ Մխիթարեաններուն հետ միասին նաեւ Պոլսոյ թարգմանիչներու միջոցով։ 

Այս թարգմանական ալիքը լայն դռներ բացաւ․ արեւմտահայ ընթերցողը հասկցաւ աշխարհին մէջ յղացող բարոյական, ընկերային ու քաղաքական գաղափարները, եւ զանոնք համեմատեց սեփական իրականութեան հետ։ Այդպէս էր, որ թարգմանական գրականութիւնը նաեւ նոր գաղափարական շարժումներու, ազատամտութեան եւ ազգային զարթօնքի խթան հանդիսացաւ։

Եթէ 5-րդ դարը թարգմանիչներու առաջին ոսկեդարն էր՝ «Ոսկեդար» յայտնի ժամանակաշրջանը, ապա 19-րդ դարը կարելի է բնութագրել որպէս թարգմանիչներու երկրորդ մեծ վերածնունդ։ Եթէ Մաշտոց եւ իր աշակերտները աշխարհագրականօրէն Եդեսիա ու Աղեքսանդրիա գացին գիտութեան ու գրութեան աղբիւրին մօտ, ապա Պոլսոյ հայերը իրենց իսկ քաղաքը վերածեցին նոր Եդեսիոյ։

Այստեղ աշխատող թարգմանիչները հաւատացած էին, որ հայ ժողովուրդը պիտի չապրի մեկուսացած իր նեղ աշխարհին մէջ, այլ պիտի դառնայ համաշխարհային մշակոյթի մասնակից։ Թարգմանիչներու շնորհիւ հայ ժողովուրդը ունեցաւ այն գիտակցութիւնը, որ իր լեզուն կրնայ արտայայտել նոյնքան նրբին ու խորունկ գաղափարներ, որքան որեւէ յայտնի լեզու։

Այսօր, երբ կը խօսինք հայ գրականութեան 19-րդ դարու ծաղկման մասին, չենք կրնար անտեսել թարգմանիչներու վաստակը։ Անոնք եղան կամուրջ՝ հայ եւ օտար մշակոյթներու միջեւ։ 

Պոլսոյ հայ թարգմանիչները այսպէսով նախ մատչելի դարձուցին համաշխարհային գանձերը եւ հայ լեզուն վերածեցին համամարդկային միտքի կրողի։ Անոնց ժառանգութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ թարգմանութիւնը երբեք միայն թեքնիքական գործ չէ․ ան մշակութային ստեղծագործութիւն մըն է, որ կրնայ ժողովուրդ մը բարձրացնել նոր մակարդակի։ Այսօր ալ հայ ժողովուրդը կանգնած է նոյն մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնք կային դարերով։ Ուստի այսօր նաե՛ւ լեզուի միջոցով մեր ժողովուրդը առիթ ունի նոր մակարդակի մը բարձրանալու, աշխարհին խօսելու։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025