ՄԱՐԴԸ ԷՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐԻ՞ Է, ԹԷ ՉԱՐ
Մարդկային բնոյթը դարեր շարունակ քննարկուած է փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան եւ կրօնի շրջանակներուն մէջ։ Արդեօք մարդը ի ծնէ բարի՞ է, թէ ունի չարութեան սերմեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կը ծաղկին։ Այս հարցումը ո՛չ միայն ակադեմական հետաքրքրութիւն ունի, այլեւ կը դպչի մեր առօրեայ ըմբռնումին՝ մարդուն, ընկերութեան եւ բարոյականութեան մասին։
Ոմանք կը կարծեն, թէ մարդը կը ծնի որպէս «սպիտակ էջ»՝ «tabula rasa», ինչպէս կ՚ըսէր անգլիացի փիլիսոփայ Ճոն Լոք։ Այս տեսակէտին համաձայն, մարդկային բնաւորութիւնը կը ձեւաւորուի միայն միջավայրի, դաստիարակութեան եւ ընկերութեան ազդեցութեամբ։ Այսինքն՝ մարդը ի բնէ ո՛չ բարի է, ո՛չ ալ չար. ան պէտք է սորվի, թէ ի՛նչ է բարիքը եւ ի՛նչ՝ չարութիւնը։ Այս գաղափարը յաճախ կը գործածուի կրթական եւ ընկերային քաղաքականութիւններու հիմնաւորման մէջ՝ ըստ որում, եթէ մենք մարդու հոգին ճիշդ ուղղենք, կրնանք աւելի արդար հասարակութիւն կառուցել։
Ժան Ժաք Ռուսօ կը պնդէր, թէ մարդը ի սկզբանէ բարի է։ Ան կը սեպէր, թէ հասարակութիւնը այն գործօնն է, որ մարդը կը փճացնէ։ Ռուսոյի կարծիքով՝ բնութեան մէջ ազատ ապրող մարդը բարիի մարմնացումն է, իսկ պետութեան, քաղաքակրթութեան, ունեցուածքի նման ժամանակի ընթացքին ստեղծուած կառուցուածքները մարդուն բարոյական անկումին պատճառ դարձած են։
ԹՈՄԱՍ ՀՈՊԶ ԵՒ ԲՆԱԶԴԱՅԻՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ի հակադրութիւն, անգլիացի փիլիսոփայ Թոմաս Հոպզ (Thomas Hobbes) կը տեսնէր մարդը որպէս անզուսպ, ագահ եւ վտանգաւոր էակ մը, երբ կը գտնուի առանց ընկերային վերահսկողութեան։ Իր «Leviathan» աշխատութեան մէջ, ան կը գրէ, թէ մարդուն բնական վիճակը «պատերազմ է բոլորին դէմ՝ իւրաքանչիւրին», ուր կեանքը «կարճ, դժբախտ եւ վայրագ» է։ Հոպզի տեսանկիւնէն, առանց օրէնքի եւ իշխանութեան, մարդը կը վերադառնայ իր բնազդային վիճակին, ուր գերիշխող է ուժը, այլ ոչ թէ բարոյականութիւնը։
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ ԱՇԽԱՐՀԸՆԿԱԼՈՒՄ
Զիկմունտ Ֆրոյտի նման հոգեվերլուծաբաններ կը նշեն, թէ մարդուն ներաշխարհը բախում գոյութիւն ունի՝ իտ (id), ես
(ego) եւ «գեր»ես (superego) համակարգերուն մէջ։ Ֆրոյտի տեսանկիւնէն, մարդու որոշ բնազդներ՝ ինչպէս սեռային մղումներն ու ակրեսիան, կործանիչ կրնան ըլլալ, եթէ չեն ուղղուիր ճիշդ հունով։ Բայց ժամանակակից հոգեբանները նաեւ կը հաստատեն, թէ մարդը ունի կարեկցելու, համագործակցելու եւ սիրելու բնական ունակութիւն։
Երբ ամփոփենք վերոյիշեալ բոլոր մօտեցումները, կրնանք եզրակացնել, թէ մարդը ի ծնէ ունի երկու հակադրական ուժեր՝ լոյս եւ մութ, բարիք եւ չար։ Ո՛չ ամբողջովին հրեշտակ է, ո՛չ ալ սատանայ։ Իր ամբողջ ճանապարհորդութիւնը՝ մանկութենէն մինչեւ մահ, եղած է պայքար այդ երկու կողմերուն միջեւ։ Ընկերութիւնը, դաստիարակութիւնը, կրօնը, արդարութիւնը՝ բոլորը ազդող գործօններ են, որոնք կրնան լծակ հանդիսանալ բարիին։ Բայց ընտրութիւնը՝ միայն մարդունն է։
Թէեւ տեսութիւնները բազմազան են, սակայն, բազում փիլիսոփաներ կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ մարդը պատասխանատու է իր արարքներուն համար։ Անկախ իր բնազդներէն, անհատը ունի ազատ կամք եւ կրնայ ընտրել բարիի կամ չարի ճամբան։ Այս ազատութիւնը էական է՝ մարդը միայն այն ատեն կրնայ բարիի արժանիքը ունենալ, երբ ունի նաեւ չարիք գործելու կարելիութիւնը։
Այնուամենայնիւ, այս հարցումին կարելի չէ միանշանակ պատասխան տալ։ Մարդը ի բնէ կրնայ ունենալ հակում դէպի անձնական շահ, ինքնապահպանում, նոյնպէս ալ կարեկցանք, սէր եւ զոհողութիւն։ Կարեւորը սա է. պէտք է ըմբռնենք, թէ մեր բարոյական ըլլալը կախեալ չէ միայն մեր բնութենէն, այլեւ՝ մեր ընտրութիւններէն։ Իւրաքանչիւր արարք ճամբայ մըն է. ո՛ր ճամբան որ ընտրենք, այդ մէկը կ՚որոշէ մարդ արարածին իսկական դէմքը։
Հուսկ, մարդը միեւնոյն ժամանակ կրնայ կրել բարութեան եւ չարութեան սերմերը։ Իր միջավայրը, դաստիարակութիւնը, փորձառութիւնները եւ որոշումները կ՚որոշեն, թէ այդ սերմերէն ո՛ր մէկը պիտի աճի։
Մարդ ըլլալը կը նշանակէ շարունակ պայքարիլ իր ներսի լոյսին եւ խաւարին միջեւ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ