ՁԵՌՔ ՄԻ՛ ՏԱՐ ՎԷՐՔԻՍ

«Քաղաքականութեան մէջ մարդը միշտ շահի համար է եւ ո՛չ բարոյականութեան», յայտնի փիլիսոփայ Նիցչէ այսպէս կը սահմանէ քաղաքականութիւնը. սեփական շահեր ապահովելու արուեստ մը. վերացականի մէջ է, որ քաղաքականութիւնը կը ծառայէ իտէալներու՝ արդարութեան եւ հանրային կեանքի բարօրութեան. մեր օրերուն ի գործ դրուած քաղաքականութիւնը եւս կը ծառայէ դիրքեր եւ որոշ ազդեցութիւններ պահպանելու: Այսօր կը տեսնենք, որ որոշ ազգեր ձեռք կը մեկնեն իրարու եւ այդ օգնութեան ետին գտնուող ճշմարիտ նպատակը բարութիւնը չէ. անոր ետին միշտ կայ քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմավարական որոշ նպատակներ: 

Պատմութեան ընթացքին զանազան ազգեր իրենց օգնութեան ձեռքը մեկնած են հայ ժողովուրդին, սակայն, այդ օգնութեան ձեռքը մնացած է բարի այնքան ժամանակ՝ ինչքան օգնութեան ձեռք մեկնողի շահերը ներած են եւ որպէս օգնութիւն պարզուած ձեռքերէն շա՜տ շատեր եղած են կործանիչ: Շատ անգամ հայ ժողովուրդին վիճակը եղած է այնքա՛ն յուսահատ, որ նոյնիսկ կործանիչ ձեռքը որպէս օգնութեան ձեռք կարծելով ապաւինած է անոր, կարճ ժամանակուան համար երկկողմանի շահեր ապահովելու համար՝ մինչեւ մէկ կողմին շահը վնաս կրէ ու խզուի «մտերմութիւն»ը: 

Քաղաքականութիւնը երբեք չեմ սիրած ու այս վայրկեանէն ետք ալ սիրելու նպատակ կամ ձգտում չունիմ, սակայն, անոր տուած վնասները ինչպէս բոլորը, ե՛ս ալ կը զգամ: Քաղաքականութեան հանդէպ այս զգացումներով է, որ կարդացի աշուղ Ջիւանիի «Թող» երգ-բանաստեղծութիւնը, որ գուցէ քաղաքականութեան համար գրուած չէ, սակայն նոյն վիճակն է, որ կը ներկայացնէ: 

Աշուղը իր երգին մէջ կ՚ըսէ.

«Թող ինչպէս ինկեր եմ, այնպէս վեր կենամ,
Դիմակաւոր ընկեր խրատդ պէտք չէ»: 

Ջիւանի իր ձախորդութեան մէջէն կ՚ուզէ դուրս գալ իր սեփական ճիգերով ու ջանքերով, որովհետեւ լաւապէս կը հաւատայ, որ բոլոր անոնք որոնք ձեռք կը մեկնեն՝ իրականութեան մէջ սեփական շահ մը կը հետապնդեն եւ քաղաքականութեան մէջ պարագան տարբեր չէ։ Այդ իսկ պատճառով Ջիւանի կը նախընտրէ դժուարութեամբ իր ուժերուն վստահելով ոտքի ելլել, քան դիւրութեամբ ուրիշին ապաւինիլ: Ձեռք մեկնողները Ջիւանի «դիմակաւոր» կը կոչէ, որովհետեւ նման անձեր խրատելու եւ խօսքով նեցուկ կանգնելու մէջ մասնագէտ, սակայն իրական գետնի վրայ կը շարունակէ լոկ խօսքով նեցուկ ըլլալ. վկայ Արցախի վերջին ճակատամարտը, ուր աջակիցները շատ, սակայն գործողները գրեթէ գոյութիւն չունէին: 

«Թող իմ հօրս, պապիս ճամբովը գնամ,
Հաւատ ունիմ, քու նոր հաւատդ պէտք չէ»: 

Աշուղ Ջիւանի օգնելը դաւանափոխութեան ինչպէ՞ս կապեց. պատասխանը պարզ է. ան որ քեզի քաղաքականութեան մէջ կ՚օգնէ, վերջաւորութեան ունի իր քաղաքականութիւնը, իր համոզումներն ու իր գաղափարները։ Ջիւանի հայրենասէր ըլլալով կ՚ուզէ իր պապերուն ճամբէն քալել եւ այդ իսկ պատճառով կը մերժէ կեղծաւոր ընկերոջ օգնութեան ձեռքը: Ազգասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը միայն հայրենիքէն դուրս՝ սփիւռքի մէջ չէ՛, որ կը մեռնի. այնքան ժամանակ որ այլ պետութեան մը օգնութեամբ ազգ մը կը գոյատեւէ՝ կամայ թէ ակամայ, ինքզինք պարտական պիտի զգայ եւ կատարէ այն բոլորը, ինչ որ այդ պետութիւնը կ՚ուզէ՝ նոյնիսկ եթէ անոնք հակառակ ըլլան իր սեփական շահերուն: 

Առ այդ, քաղաքականութեան մէջ կայ «կախուածութեան» մթնոլորտ մը, որ «բարիք» անուան տակ իրականութեան մէջ չարիք է պետութեան համար։ Այդ իսկ պատճառով Ջիւանի կ՚ուզէ, որ մեր ազգը ուրիշին ապաւինելով ոտքի չելլէ. անոր համար աւելի լաւ է մարդ դժուարութեամբ ինքնուրոյն ոտքի ելլէ՝ քան նման դաշնակիցներու օգնութեամբ, որոնք վերջաւորութեան «նոր հաւատք» պիտի ծախեն փոխան իրենց օգնութեան: 

«Այն գունով մեռնիմ, ինչով որ ծնայ,
Ձեռք մի տար իմ վէրքիս, թող այսպէս մնայ»։

Այս տողերով կը հասկնանք, որ աւելի լաւ է վիրաւոր վիճակով մնալ գետին՝ քան ոտքի ելլել եւ գոյնը փոխել. քաղաքականութեան մէջ դաշինքը որպէս երեւոյթ դրական կրնայ որոշ պայմաններ առաջարկել, սակայն այդտեղ սէր եւ միութիւն չկայ. այդտեղ կայ միայն ու միայն ուժ եւ ո՛վ զօրաւոր է վերջաւորութեան ա՛ն է, որ կ՚իշխէ ու կը յաղթէ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քաղաքականութեան մէջ անկեղծութիւն կա՞յ:

Պատասխան. Քաղաքականութեան աշխարհը կը ներկայացուի որպէս շահերու եւ ռազմավարութեան դաշտ, ուր անկեղծութեան դժուար է հանդիպիլ: Մարդիկ եւ կուսակցութիւններ հիմնականին մէջ կ՚առաջնորդուին իրենց սեփական շահերով՝ իշխանութիւն պահելու եւ ընդլայնելու ցանկութեամբ: Այս մէկը ընելու համար յաճախ անկեղծութիւն կը ձեւացնեն: Որոշ անհատներու համար անկեղծութիւնը հնարաւոր է, սակայն այդ մէկը հազուադէպ է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2025