«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԷԻՆՔ, Ա՛ԶԳ ԴԱՐՁԱՆՔ»
Այսօր, 11 հոկտեմբեր 2025, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Տօն մը, որ իր բնոյթով եւ էութեամբ ազգային է՝ հոգեւոր դրոշմով միասին: Տօն մը, որ տարբեր մեր ազգային-եկեղեցական միւս բոլոր տօներէն, որովհետեւ այս տօնը մեր ինքնութեան ու գոյատեւութեան գլխաւոր կռուաններէն մէկն է, եթէ ոչ ամենէն գլխաւորը:
Առ այդ, այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք վերջերս Լիբանանի մէջ հրատարակուած «Ամենաղեկավարը՝ Սարգիս Զէյթլեան» գիրքէն հատուած մը, որ կը վերաբերի Թարգմանչացին: Գիրքին հեղինակն է լիբանանահայ մտաւորական, մանկավարժ եւ հրապարակագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեանը: Հատուածը որ պիտի ներկայացնենք, կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Հայոց պատմութեան մեծագոյն հրաշքը՝ ազգայնացման յաղթանակը - ժողովուրդ էինք, ա՛զգ դարձանք»։
*
Մշակութային ճակատի վրայ, Զէյթլեանի համար մեծ նշանակութիւն ունէր Հայ գիրերու գիւտը, Թարգմանչաց շարժումը եւ անկիւնադարձային դարը՝ Ոսկեդարը:
Ան կը յայտնէր, որ հայոց պատմութիւնը աննահանջ պայքար է վասն հայրենեաց, յարատեւ կռիւ՝ յանուն ազատութեան եւ ի խնդիր մեր ցեղային արժէքներու, ինչպէս նաեւ հաւաքական դիմագիծի անաղարտ պահպանման ու զարգացման։ Այդպէս է որ պատմութեան ընթացքին մեր բոլոր պայքարները, ինչ ճակատի վրայ ալ ըլլան անոնք - քաղաքական, մշակութային կամ կրօնական - տեղի ունեցած են մէկ ու միակ նշանաբանի մը տակ. ազգայնացում: Ազգայնացնել հայրենի հողը, լեզուն, պետական մեքենան, Եկեղեցին, մշակոյթը: Այսինքն, սեփական դիմագիծ եւ դրոշմ ունենալ եւ ամուր կռուաններ ստեղծել: Հաւաքական անհատականութիւն կերտել (Ս. Կալեան, «Ազգայնացում (Թարգմանչաց տօնին առիթով)», Յուսաբեր, 13 հոկտեմբեր 1962, ԽԸ. տարի, թիւ 163):
Զէյթլեան կը հաստատէր, որ սեփական անկախ պետութիւն ստեղծել ու զարգացնել -ահա՛ պատմութեան անիւը առաջ մղող անդիմադրելի զօրութիւնը: Եւ այս զօրութենէն է, որ իրենց սնունդը կ՚առնեն նաեւ ազգային մշակոյթները: «Ս. Մեսրո՛պը վկայ: Ա՛ն, որ հայ մշակոյթի հիմը դրաւ ազգային պատուանդանի վրայ, իբրեւ քաղաքական խորագէտ տիտան: Իբրեւ հայ ազգային քաղաքական իտէալի անզուգական դրօշակիր» (Ս. Կալեան, Լուսանցքի վրայ՝ «Ապաքաղաքական… “Քաղաքականութիւն”», Ազդակ, 22 [պէտք է ըլլայ 23] օգոստոս 1966, Խ. տարի, թիւ 144 (10494)): Որովհետեւ հայ ազգային պետութիւնը եւ ազգային հայրենիքը վտանգի մէջ կը գտնուէին, եւ զանոնք պահելու միջոցը մշակոյթն էր, ըստ Մաշտոցի:
Ազգայնացման պայքար մըն էր քրիստոնէութեան պետական կրօն ընդունելու պարագան: Ազգային կրօնքով զատորոշուելու մեր շրջապատի քրիստոնեայ ժողովուրդներէն եւ հեթանոս-կռապաշտ կրօններէն: Այդ ժամանակաշրջանին կորսնցնելու վրայ էինք մեր թագաւորական գահը։ Հայութիւնը ենթակայ էր արեւելքի եւ արեւմուտքի քայքայիչ եւ այլասերիչ ազդեցութեան։ Հայութիւնը ներքնապէս պառակտուած էր։ Հայ քաղաքական միտքը բաժնուած էր երկու թեւի: Օտար պետութիւնները կը ջանային նուաճել մեզ հոգեպէս։ Անոնք ձեռք առած էին հայ մշակութային ու կրօնական կեանքի ղեկը։ Վտանգուած էր մինչեւ իսկ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը։
Ահա այս պայմաններուն տակ մեր կրօնական եւ քաղաքական վարիչներու - Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ Վռամշապուհ թագաւոր - միահամուռ ճիգերով տեղի ունեցաւ հայոց պատմութեան մեծագոյն հրաշքը - Գիրերու գիւտը եւ սուրբ գրոց թարգմանութիւնը։ Այս աննախընթաց շարժումը մեկնակէտ հանդիսացաւ ազգայնացման պայքարին, անկիւնադարձային դարաշրջան մը, իր համազգային նուաճումներով եւ բացած ակօսներով (խմբագրական, «Մեկնակէտը (Թարգմանչաց տօնին առիթով)», Յուսաբեր, 14 հոկտեմբեր 1961, ԽԷ. տարի, թիւ 165):
Զէյթլեանի համար Թարգմանչաց շարժումը կը կազմէ մեր ազատագրական դարաւոր պայքարին ամենէն մեծ ճակատամարտը։ Արդարեւ, հայ ժողովուրդը, բայց մանաւանդ հայ մարդը արձանագրեց մէկէ աւելի յաղթանակներ։ Այսպէս.
Ա. Բարոյական յաղթանակ - Հայ ժողովուրդը հաւաքաբար եւ անհատաբար փրկեց իր արժանապատուութիւնը եւ հպարտօրէն մուտք գործեց քաղաքակիրթ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ:
Բ. Իմացական յաղթանակ - Հայ տառերու գիւտին եւ Թարգմանչաց շարժումով հիմը դրուեցաւ հայ միտքի անկախութեան։ Օտարի հարկաւ հայը փաստը տուաւ իր ստեղծագործ հանճարին, թօթափեց ստորակայութեան ծանր զգացումը, դարձաւ ինքնավստահ, գիտակից, իտէալ եւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն: Փաստը տուաւ, որ իր ստեղծագործական ընդունակութիւններով ետ չի մնար որեւէ ժողովուրդէ. վկա՛յ՝ իր մշակեալ ու զարգացեալ լեզուն:
Գ. Ազգային յաղթանակ - Ժողովուրդ էինք, ա՛զգ դարձանք: Անիտէալ եւ անղեկ բազմութիւն էինք, դարձանք մշակութային ժողովուրդ, սեփական դրոշմ ու դիմագիծ ունեցող ազգ, եղանք լիիրաւ, միաձոյլ, գիտակից եւ ինքնիշխան ազգ, որովհետեւ հիմը դրուեցաւ հայ հոգիի միութեան, հայ մշակոյթին ու հայ դպրութեան:
Դ. Քաղաքական միտքի ազատագրութեան յաղթանակ - Ասիկա հիմ ունէր հայ միտքի եւ մշակոյթի անկախութիւնը։ Այլեւս երկու Հայաստան - բիւզանդական եւ պարսկական - չկար, կար միայն մէկ Հայաստան: Ա՛լ երկու հայութիւն գոյութիւն չունէր, այլ կար ու գոյութիւն ունէր միայն մէկ հայութիւն, որ կ՚ապրէր մէկ երազով - ամբողջական Հայաստանի ազատագրութեան եւ անկախ պետականութեան վերստեղծման նուիրական իաէալով։
Հայ գիրերու գիւտին ու թարգմանչաց շարժումին շնորհիւ ազգայնացան հայ լեզուն, Հայաստանեայց Եկեղեցին, հայ դպրոցները, հայացաւ հայոց հայրենիքը: Ազգայնացաւ հայը ինք՝ իրրեւ ժողովուրդ: Հայ հոգին վերագտաւ իր միութիւնը։ Հայ ստեղծագործ միտքը թօթափեց օտար ամէն ազդեցութիւն։
«Այս համապարփակ շարժումը, խորքին մէջ, գերազանցօրէն ազգային, էապէս ազգայնական եւ ըստ ամենայնի ազգայնացման շարժում մըն էր, հայ ժողովուրդի ինքնանալու, իր ճշմարիտ անհատականութիւնն ու անձնականութիւնը վերագտնելու եւ արտայայտելու անյագ ու անդիմադրելի ձգտումին իբրեւ հետեւանք» («Ազգայնացում», անդ):
Անկէ ետք, հակառակ անոր որ բազում անգամներ կորսնցուցինք մեր պետական անկախութիւնը, վրայ տուինք նոյնիսկ մեր հայրենի հողը, բայց միշտ գերիշխան մնացինք հոգիով եւ անսասան պահեցինք մեր մշակութային անկախութիւնը: Աւելի՛ն. ապրեցանք ու տեւեցինք իբրեւ ազգ։
«Ուստի, տօնել Թարգմանչաց յիշատակը՝ մեզի համար կը նշանակէ տօնել հայ ազգութեան յաղթանակը, յաղթանա՛կը հայ ստեղծագործ հանճարին եւ բարձր բռնել հայ մշակոյթի անկախութեան դրօշը։
Կը նշանակէ տօնել ազգայնացման ու ազգայնութեան յաղթանակը ապազգայնութեան ու միջազգայնութեան դէմ» («Մեկնակէտը…», անդ: Նաեւ՝ «Ազգայնացում», անդ):
Ազգայնութեան ամրապնդման համար, Զէյթլեան մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայ վարժարանին եւ հայ ուսուցիչին, որոնք գլխաւոր ուժերը կը հանդիսանան՝ աշակերտութեան մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու հայ մշակոյթի հանդէպ. բա՛ն մը, որ ազգապահպանման հիմնական միջոցներէն մէկն է։ Հայեցի դաստիարակութեան նպատակն է մշակութայնացնել մատաղ սերունդները, անոնց հոգեկան ու իմացական ուժերը սնուցանել ու գարգացնել հայ մշակոյթի կենարար աւիշով («Գիր սիրէ…», անդ):
Ըստ Զէյթլեանի, հայեցի դաստիարակութեան գլխաւոր ազդակներէն մէկն է ընթերցումը, որով նաեւ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի իւրացումը, բա՛ն մը, որմէ զուրկ են առաւելաբար օտար վարժարան յաճախած եւ օտար մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեանց ենթակայ մեր երիտասարդութեան մէկ մասը։ Այս իրողութեան ի տես, հայութիւնը կը կորսնցնէ կարեւոր ուժեր։
Իսկ հայ մշակոյթը, կը գրէ ան, միաժամանակ եկեղեցի է եւ դպրոց, արուեստ է եւ գրականութիւն: Մշակոյթը իր բնոյթով ազգային է, փոխ չ՚առնուիր ուրիշներէն, այլ կը ստեղծուի (Խմբագրական, «Ազգային նախանձախնդրութեամբ (“Կանաչ կիրակի”ի հանգանակութեան առիթով)», Ազդակ, 30 մայիս [պէտք է ըլլայ ապրիլ] 1960, Խ. տարի, թիւ. 48(10398): Նաեւ՝ «Մեր ուղեգիծը», անդ)։
Արդեօք հնարաւո՞ր է ապագայ կերտել եւ սերունդ մը դաստիարակել առանց ազգային-հաւաքական իտէալի: Ի հարկէ ո՛չ։ Իտէալը ամէն ինչ է ազգի մը, մանաւանդ անոր մատաղ սերունդներուն համար։ Իսկ ի՞նչ է մեր ազգային իտէալը. պահպանո՛ւմ՝ համրանքը, կերտո՛ւմ՝ ամբողջական հայրենիքի, անկախութի՛ւն՝ ամբողջական հայութեան:
Այս իտէալը հիմը կը կազմէ հայեցի դաստիարակութեան եւ նուիրական առաքելութիւնը հայ վարժարանին։ Իսկ հայեցի դաստիարակութիւն կը նշանակէ հայացում, հայակերտում։ Կը նշանակէ ազգայնացում:
«Հայացման, ագգայնացման այս աշխատանքը ճակատագրական նշանակութիւն ունի արտերկրի մէջ հայապահպանման եւ առանձնապէս հայ դատի յաղթանակը ապահովելու տեսակէտէն» («Մեր մատաղ սերունդին համար», անդ):
Այսօր այլեւս վերադարձ եւ նահանջ չկայ այն դարաւոր երազէն, որ ճակատագրած է հայոց պատմութիւնը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր. այն երազէն, զոր մեզի հետ անձանձրոյթ կրեցինք երկրէ-երկիր: Պարտուեցանք, յաղթեցինք, մահուան հետ քալեցինք կողք-կողքի: Մեզի մնաց հաւատքը, հաւատքը ազգով եւ ազգին համար պայքարելու: Մեզի մնաց նաեւ գալիք հազարամեակներուն վրայ շարունակելու սրբազան պատերազմը: Եւ այդ երազը կամ իտէալը կամ ճակատագիրը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անկախութի՛ւն հայ միտքի, անկախութի՛ւն հայ մշակոյթի եւ անկախութիւն ամբողջական հայրենիքի («Մեկնակէտը», անդ):
*
Իսկ հիմա մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սարգիս Զէյթլեանի «Ազգայնացում (Թարգմանչաց տօնին առիթով)» գրութիւնը՝ որպէս խմբագրական «Յուսաբեր»ի, լոյս տեսած շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 1962, ԽԸ. տարի, թիւ 163: Կարդա՛նք.
Ազգերու պատմութեան մէջ շարժումներու կը հանդիպինք երբեմն, որոնք դարագլուխ կը կազմեն իրենց համազգային բնոյթով եւ ձեւակերպած առաջադրութիւններով: Դարագլուխ կը կազմեն մանաւանդ իրենց կատարած նուաճումներով ու բացած ակօսներով:
Եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ իրենց անջնջելի դրոշմը կը դնեն յաջորդող դարերուն ու սերունդներուն վրայ։ Մեր պատմութեան մէջ դարագլուխ կազմող այդ երեւոյթներէն է Սրբոց Թարգմանչաց շարժումը։
Շա՛րժում մը, որ նախընթաց չունէր մինչեւ Ե. դար եւ իր նմանը չունեցաւ երբեք՝ Ե. դարէն ետք, մինչեւ մեր օրերը:
Ինչո՞ւ այսպէս է սակայն, ինչո՞ւ այնքան մեծ ու անկշռելի եղաւ Սրբոց Թարգմանչաց դերը հայ իրականութեան մէջ:
Էապէս բախտորոշ ու բացառաբար վճռական հետեւանքներ ունեցաւ Թարգմանչաց շարժումը պարզ այն պատճառով, որ մեր ազատագրական դարաւոր պայքարին ամենէն մեծ ճակատամարտը կը կազմէ:
Անօրինակ ճակատամարտ մը, արդարեւ, ուր հայ ժողովուրդը, բայց մանաւանդ հայ մարդը մէկէ աւելի յաղթանակներ արձանագրեց:
Այդ յաղթանակներէն առաջինը բարոյական յաղթանակ մըն էր։ Հայ ժողովուրդը, հաւաքաբար եւ անհատապէս, նախ փրկեց իր արժանապատուութիւնը։ Արժանաւորապէս եւ հպարտօրէն մուտք գործեց քաղաքակիրթ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ։
Այդ յաղթանակներէն երկրորդը իմացական յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ հիմը դրուեցաւ հայ միտքի անկախութեան։ Օտարին յամենայնի հարկատու հայը, Հայ տառերու գիւտով եւ Ս. Գրոց թարգմանութեամբ փաստը տուաւ իր ստեղծագործ հանճարին, թօթափեց ստորակայութեան իր ծանր զգացումը, վերագտաւ իր անձնականութիւնը, դարձաւ ինքնավստահ, գիտակից, իտէալ ու դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն։
Ապացոյցը տուաւ այն մասին, թէ իր ստեղծագործական ընդունակութիւններով ետ չի մնար հին ու նոր ոեւէ ժողովուրդէ, վկա՛յ մշակեալ ու զարգացեալ հայ լեզուն, որ ի վիճակի է արտայայտելու մարդկային ամենէն նուրբ զգացումներն ու մտածումները։
Երրորդ յաղթանակը ազգային յաղթանակ մըն էր: Անիտէալ ու անղեկ բազմութիւն էինք, դարձանք մշակութային ժողովուրդ, սեփական դրոշմ դիմագիծ ունեցող ազգ:
Դարձանք լիիրաւ ու ինքնիշխան ազգ, որովհետեւ հիմը դրուեցաւ հայ հոգիի միութեան, հիմը դրուեցաւ հայ մշակոյթին ու դպրութեան։
Չորրորդ յաղթանակը կազմեց հայ քաղաքական մտքի ազատագրութիւնը, որ հիմ ունէր հայ միտքի եւ մշակոյթի անկախութիւնը։ Այլեւս երկու Հայաստան չկար -բիւզանդական եւ պարսկական-, այլ կար միայն մէկ Հայաստան: Ա՛լ երկու հայութիւն գոյութիւն չունէր, այլ կար ու գոյութիւն ունէր միայն մէկ հայութիւն, որ կ՚ապրէր ու կը շնչէր միայն մէկ երազով,- ամբողջական Հայաստանի ազտագրութեան եւ անկախ պետականութեան վերստեղծման նուիրական իտէալով:
Այս համապարփակ շարժումը, խորքին մէջ, գերազանցօրէն ազգային, էապէս ազգայնական եւ ըստ ամենայնի ազգայնացման շարժում մըն էր, հայ ժողովուրդի ինքնանալու, իր ճշմարիտ անհատականութիւնն ու անձնականութիւնը վերագտնելու եւ արտայայտելու անյագ ու անդիմադրելի ձգտումին իբրեւ հետեւանք։
Ըսած ենք ասկէ առաջ եւ կը կրկնենք նաեւ այժմ, թէ մեր բոլոր պայքարները -ազգային, կրօնական, մշակութային թէ քաղաքական ճակատի վրայ- տեղի ունեցած են եւ տեղի կ՚ունենան միակ նշանաբանի մը տակ՝ Ազգայնացում:
Ազգայնանալ ազգայնացնել հայրենի հողը, լեզուն, ազգայնացնել պետական մեքենան, Եկեղեցին, մշակոյթը:
Որովհետեւ ազգայնացում, ժողովուրդի մը համար, կը նշանակէ անձնացում. հաւաքական անհատականութեան ու անձնականութեան կերտում: Կը նշանակէ դեռ մեծնալ, սեփական դիմագիծ ու դրոշմ ունենալ եւ ամուր կռուաններ ստեղծել իր յաւերժօրէն վերանորոգ կեանքին ու գոյատեւման համար։
Անձնացման, ազգայնացման այս վեհիմաստ պայքարն էր ահա, որ իր պսակումը գտաւ Ե. դարուն, Սրբոց Թարգմանչաց գերազանցօրէն ազգակերտ շարժումին մէջ:
Հրաշքի համազօր այս շարժումին շնորհիւ էր, արդարեւ, որ Ե. դարուն ազգայնացաւ հայ լեզուն, ազգայնացաւ Եկեղեցին, ազգայնացան դպրոցները, հայացաւ հայոց հայրենիքը եւ հայացաւ նոյնինքն հայը, իբրեւ ժողովուրդ։
Իսկ այդ հրաշքը, իրենց հանճարին լոյսով, իրագործեցին առաւելաբար երեք բազմերախտ սուրբեր՝ Ս. Մեսրոպ, Ս. Սահակ եւ Վռամշապուհ արքայ:
Ճիշդ է, այնուհետեւ եւս մենք բազմիցս կորսնցուցինք մեր պետական անկախութիւնը, կորսնցուցինք մինչեւ իսկ մեր հայրենի հողը, վրայ տուինք գրեթէ ամէն, ամէն բան:
Սակայն գերիշխան մնացինք հոգիով, անեղծ պահեցինք մեր ազգային դիմագիծը, անսասան պահեցինք հայ հոգիի միութիւնը եւ մեր մշակութային անկախութիւնը: Ապրեցանք եւ տեւեցինք իբրեւ մշակութապէս բարձրորակ ազգ, երբ մեզմէ բիւրիցս հզօրներն անգամ փոշիացան պատմութեան մթին քառուղիներուն վրայ։
Ուստի, տօնել Թարգմանչաց յիշատակը՝ մեզի համար կը նշանակէ տօնել հայ ազգութեան յաղթանակը, յաղթանա՛կը հայ ստեղծագործ հանճարին եւ բարձր բռնել հայ մշակոյթի անկախութեան դրօշը։
Կը նշանակէ տօնել ազգայնացման ու ազգայնութեան յաղթանակը ապազգայնութեան ու միջազգայնութեան դէմ:
Կը նշնակէ, միաժամանակ, անգամ եւս ուխտել, թէ այսուհետեւ եւս անդեղեւ կամքով պիտի շարունակենք այն ուղին, որ լուսաւորուած է Ս. Մեսրոպներու հանճարով եւ ոռոգուած մեր բիւրաւոր հերոսներուն ու նահատակներուն քրտինքով, արցունքով եւ արիւնով։
Պիտի շարունակենք պայքարը ի խնդիր մեր դարաւոր երազին, որուն համար սերունդներ ամբողջ իրենց կեանքը տուին անվարան.- Անկախութի՛ւն հայ միտքի, անկախութի՛ւն հայ մշակոյթի եւ անկախութիւն ամբողջակա՛ն հայրենիքի։
Որովհետեւ համոզուած ենք, թէ ինչ որ չյաջողեցան ընել բոլոր բռնութիւններն ու բռնապետութիւնները հազարամեակներու ընթացքին, պիտի չյաջողին ընել նաեւ այսօր եւ ընդմիշտ:
Հայ ազգայնութեան դրօշը վերստին պիտի ծածանի հայ միտքի եւ հայոց հայրենիքի պայծառ երկնակամարին վրայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ