ՁԵՌՔ ՄԻ՛ ՏԱՐ ՎԷՐՔԻՍ

Նեղութեան ժամանակ օգնութիւն ուզելը կենսաբանական պահանջ մըն է, որովհետեւ նման հոգեվիճակներու մէջ մարդ արտաքին միջամտութիւն մը կ՚ակնկալէ, բայց, Աշուղ Ջիւանի այդ օգնութիւնը կը մերժէ, որովհետեւ կը գիտակցի, որ շատ անգամ օգնութիւնը իր հետ ազատութեան եւ անկախութեան սահմանափակում կը բերէ. աշխարհի մէջ՝ գրեթէ բոլոր պարագաներուն օգնողը զօրաւոր՝ իսկ օգնութիւն ստացողը տկար կարգավիճակի մէջ կը գտնուի։ Այս մէկը ի զօրու է թէ՛ քաղաքականութեան եւ թէ մարդկային ու ընկերային կեանքին մէջ եւ այդ պարտուողի դերին մէջ ըլլալը շատերու «ես»ը կը վիրաւորէ: Սակայն, Ջիւանի իր եսասիրութենէն մղուած չէ՛, որ կը մերժէ իրեն օգնելու երկարող ձեռքերը. ան պարզապէս գիտէ, որ այդ ժամանակաւոր օգուտները կրնան իրմէ տանիլ անժամանակը, այդ իսկ պատճառով կ՚ըսէ.

«Մի կտրատիլ ծառիս ճիւղերը, գնա՛
Վնասատու կոպիտ մկրատդ պէտք չէ»: 

Բուսական աշխարհի մէջ ճիւղերը կրտելը ունի դրական հասկացողութիւն. երբ պտղատու ծառի մը ճիւղերը ճիշդ ձեւով կտրուի, ծառը աւելի պտղատու կը դառնայ. ճիւղերու հեռացումը նոր շունչ կու տայ ծառին, սակայն հակառակ այդ բոլոր դրական երեւոյթներուն՝ Աշուղ Ջիւանի կ՚ուզէ, որ կեղծ բարեկամը իր մկրատը հեռու պահէ իրմէ։ Պատճառը պարզ է. այն մկրատը՝ որ օտար է, պատճառ կը դառնայ, որ ծառը օտար պտուղ տայ։ Ջիւանի կ՚ուզէ, որ իր ճիւղերը թէեւ հիւանդ՝ բայց հարազատ մնան ծառի արմատին եւ այդ մէկը բնականաբար ազգութիւնն է: 

Այդ ծառի ճիւղը հայը ի՛նք է. հայու ներաշխարհն է այդ ճիւղը, հայու անհատականութիւնն ու էութիւնը: Կը կարծուի, թէ ծառի մը ամենէն կարեւոր մասը անոր արմատներն են, սակայն, նոյնքան կարեւոր են նաեւ ճիւղերը, որովհետեւ բնութիւնը իր բարիքները անոնց վրայ կ՚աճեցնէ եւ այդ ճիւղերը ինչքան ալ խոցելի ըլլան, այդ ծառին, անոր արմատներուն հարազատ մէկ մասը կը կազմեն եւ այնպէս ինչպէս ճիւղերը իրենց տերեւներով, նոյնպէս մարդիկ իրենց հայրենասիրական ոգիով կը տարբերին միւսներէն: 

Աշուղը իր խօսքը շարունակելով կեղծաւոր ընկերոջ կ՚ըսէ.

«Միայն դու Ջիւանուն եղբայր անուանէ,
Միւս ծրագիրդ մտքիցդ հանէ»։

Պարզ է, որ օգնութեան մեկնած այդ ձեռքին մէջ Ջիւանի յետին նպատակ մը կը փորձէ գտնել եւ ցաւ ի սիրտ մեր օրերուն այդ մէկը շատ աւելի շեշտուած ձեւով կը տեսնենք։ Այսօր ամէ՛ն բան՝ նոյնիսկ բարեգործութիւնը իր մէջ ունի նպատակ մը՝ որ գրեթէ մեծաւ մասամբ տարբեր կ՚ըլլայ այն երեւոյթէն՝ որ մարդիկ կը փորձեն ցոյց տալ: Ջիւանիի ժամանակ «միւս ծրագիր»ը ինչ էր՝ չենք գիտեր, սակայն լաւապէս գիտենք, թէ մերօրեայ այդ կեղծ ընկերները՝ քաղաքականութեան կեղծ «բարեկամ»ները ի՜նչ ծրագիրներ ունին եւ ընդունինք թէ ոչ, այդ ծրագիրը արդէն իսկ իր յաջողութիւնը կը գտնէ այնպէս ինչպէս ամէ՛ն տեղ՝ նոյնպէս եւ մեր մօտ: Համաշխարհային արշաւ մը, ծրագիր մը գոյութիւն ունի այսօր, հասարակութեան մէջ փոխելու որոշ սկզբունքներ եւ համոզումներ՝ որոնք կը կաշկանդեն ծրագիրը չարամիտներուն: Այսօր մարդոց մէջ զանազան ձեւով կը փորձեն մեռցնել հաւատքի հանդէպ մարդոց ունեցած արժէքներն ու սկզբունքները՝ ներառեալ հայերուս մօտ: Կը փորձեն վերացնել ընտանիք-զաւակ յարաբերութիւնները, մեծ ու պզտիկ յարգանքն ու փոխըմբռնումը եւ բացէ ի բաց այլասերուած սերունդներ ստեղծելու կը միտին: 

Մեծ պետութիւններ կ՚ուզեն իրենց մշակոյթով, իրենց անարժէք սկզբունքներով լեցնել ներկայ երիտասարդութեան ուղեղը ու «զարգացում» եւ «յառաջդիմութիւն» անուան տակ դէպի կործանում կը տանին դարեր շարունակ զգուշութեամբ պահուած եւ մինչեւ մեր օրերը հասած բոլոր արժէքները: 

Այդ իսկ պատճառով Աշուղ Ջիւանի իր երգին վերջին երկու տողին մէջ կ՚ըսէ. 

«Իմ բլբլած տունս ինձ բաւական է
Քեզ լինի բարեկամ, պալատդ պէտք չէ»: 

Կեղծաւորութեամբ ձեռք մեկնողները շատ անգամ իրենց նպատակներուն հասնելու համար պալատներ կրնան առաջարկել։ Պալատներ կ՚առաջարկեն, սակայն վերջաւորութեան կը յաջողին ձեռք ձգել այն՝ որուն ի սկզբանէ նպատակ ունէին: Հայուն համար շատ աւելի արժանապատիւ է իր սեփական արժէքներով, իր ազգասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ իր բլբլած տան մէջ ապրիլը, քան ուրիշի գերին դառնալով պալատներու տիրանալը: 

Այսօր մենք հակառակը կ՚ընենք. կը նախընտրենք պալատները՝ անոր դիմաց զոհ դարձնելով այն բոլորը, որ հայը հայ կը պահէ:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պետութիւններ իրարու օգնելու մէջ սեփական շահ կը փնտռե՞ն:

Պատասխան. Այո, պետութիւններ իրարու օգնելու ժամանակ սեփական շահը նկատի կ՚ունենան: Համաշխարհային քաղաքականութիւնը կարելի է համեմատել առեւտուրի հետ. օգնութիւն կը ցուցաբերուի, սակայն շուքի տակ կայ շահի փնտռտուք, որ կրնայ ըլլալ տնտեսական կամ ռազմական: Պետութիւններու մէջ համագործակցութիւնը միշտ կը ձգտի պաշտպանելու եւ ամրապնդելու դիրքերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2025