ԴԷՊԻ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՔԵՐԸ. ԵՐԵՔ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ, ՄԷԿ ԸՆԹԱՑՔ
Հայրենի ճանչցուած վաւերագրող ու հրապարակախօս, գիրքերու եւ տեսավաւերագրութիւններու հեղինակ Տիգրան Պասկեւիչեանին նորագոյն վաւերագրական՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ժապաւէնը առաջին իսկ ցուցադրութեամբ արդէն ուշադրութիւն գրաւեց։
Երկար տարիներու աշխատանքով հիւսուած այս ժապաւէնը ճամբորդութիւն մըն է դարերու խորքերուն մէջ. կը բացայայտէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի յարատեւութիւնը, անոր դերակատարութիւնը հայկական հոգեւոր ու ազգային կեանքին մէջ եւ ներկայ մեր գոյութեան առումով անոր դերն ու կարեւորութիւնը։
Ժապաւէնը միայն պատմական փաստերու ցուցադրում մը չէր․ հեղինակը փաստագրական ճշգրտութեամբ դիտած, վերլուծած եւ միաժամանակ հոգեւոր զգացողութեամբ մատուցած է՝ անցեալն ու ներկան իրարու սերտ առընչութեան մէջ դնելով։ Ստեղծագործական աշխատանքի եւ արհեստավարժ խմբակի ջանքերով մէջտեղ եկած այս նոր ժապաւէնը կը վկայէ, թէ ինքնութիւնը, այո՛, կը շաղախուի պատմութեան ու հողին վրայ, բայց, կը վերակերտուի փորձառութիւններու, ժառանգութեան տէր ըլլալու եւ համայնքային լուրջ գիտակցութեան ընթացքին։
Հեղինակը «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» վաւերագրութեան ամբողջ նիւթը բաշխած է երեք հիմնական բաժիններու մէջ՝ Հիմնադրութիւն, Սահմանադրութիւն, Հանրապետութիւն։
Արհեստավարժի սահուն ձեռագիրով այս երեք հանգրուանները չեն մնար զուտ որպէս գեղարուեստական նկարագրութիւն, այլ կը վերածուին մանրամասն եւ իրերայաջորդ պատմական ընթացքի մը, ուր միշտ կայ ինքնութեան խորքը։
Ժապաւէնին արժանիքներէն մէկը բազմաձայն վկայութիւններն են․ շուրջ վեց տասնեակ պատմաբաններ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, Պոլսոյ եւ սփիւռքի գործիչներ կը խօսին՝ իւրաքանչիւրը իրենց դիտանկիւնէն, բայց, միշտ հիմնուելով փաստերու վրայ եւ ատիկա առաւել կ՚ընդգծէ վաւերականութիւնը։ Արդիւնքը բազմաշերտ պատում մըն է, ուր ամէն ձայն կը դառնայ գորգի թել մը՝ հիւսելով ամբողջական պատկեր մը։ Այս բազմաձայնութիւնը կը յիշեցնէ, թէ ինքնութիւնը երբեք միաձայն երգ մը չէ, այլ բազմահնչեղ ներդաշնակութիւն, որուն մէջ զանազան ձայներ կան։
Փորձ կատարուած է ցոյց տալու, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը միայն եկեղեցական կառոյց մը չէ․ այն նաեւ ազգային կուռ հաստատութիւն մըն է, որ դարերու ընթացքին միշտ ներկայ եղած է հայութեան հոգեւոր, կրթական, հասարակական, մշակութային կեանքին մէջ։ Նոյն ատեն ան ունեցած է իր կարեւոր դերը Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեանքին մէջ, կարեւորած է կապերը միւս նուիրապետական աթոռներուն հետ եւ լրջութեան իր դիրքը մշտապէս մեծ յարգանք եւ ակնածանք բերած է իրեն։ Պոլսոյ Պատրիարքարանը յաճախ եղած է այն հարթակը, ուր կը խաչաձեւուին տեղական ու համահայկական հարցեր։
Հինգ հարիւր եւ աւելի տարիներու ընթացքին այս աշխարհագրութեան մէջ եղած են պատերազմներ, յեղաշրջումներ, բազմապիսի քաղաքական վերիվայրումներ, որքա՜ն պատմական իրադարձութիւններ յաջորդած են իրարու, աթոռն ալ անխուսափելի կերպով կրած է այդ ամէն ինչին ազդեցութիւնը, բայց, մնացած է անսասան եւ ժապաւէնին մէջ այդ մէկը յստակ կերպով ցուցադրուած է։ Պոլսոյ պատրիարքները ծանր բեռ վերցուցած են իրենց վրայ՝ պատմական իրադարձութիւններու մէջ միշտ ներկայութիւն ըլլալով։ Այսօր ալ, Սահակ Արք. Մաշալեան Պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն, աթոռը կը շարունակէ իր այդ ուղին՝ պահպանելով հոգեւոր առաջնորդութեան եւ ազգային միասնականութեան խորունկ դերը։
Տիգրան Պասկեւիչեանին ձեռագրին յատկանշական փաստը գեղարուեստական պատկերի վերածելն է։ Արխիւային լուսանկարներ, եզակի տեսանիւթեր եւ նոր նկարահանումներ կը ներկայացնեն Պոլսոյ պատրիարքները, որոնք դարձած են կերտողները պատմութեան եւ պահողները այդ պատմութեան։
Պասկեւիչեանին ժապաւէնը պատմական յիշեցում մըն է ու ներկայի եւ ապագայի կամուրջ մը, ուր մենք կը տեսնենք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը՝ որպէս կենդանի ներկայութիւն հայութեան կեանքին մէջ: Անժխտելի կերպով ցոյց կու տայ, որ Պոլսոյ Պատրիարքարանը այսօր ալ իր յատուկ տեղն ունի մեր ազգային գիտակցութեան մէջ՝ միացնելով անցեալը, ներկան եւ գալիքը միեւնոյն հոգեւոր շունչին շուրջ։
Պասկեւիչեանին այս նոր գործը ապրում մը եղաւ հանդիսատեսին մէջ, որպէսզի այսօրուայ եւ վաղուայ իր օրը արժէ, որ պատմութեան խորքը նայելով կերտէ։
Հեղինակին անունը տասնամեակներէ ի վեր կապուած է հայկական փաստագրական մշակոյթի զարգացման հետ։ Ան պատրաստած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական հարցերուն վերաբերեալ նոյնպէս արժէքաւոր ու արդիական նկարահանումներ, հայրենադարձութեան շուրջ մեծածաւալ ծրագրի՝ ներառեալ տեսաժապաւէններ, առցանց հարթակներ, ցուցահանդէսներ եւ բազմաբնոյթ մշակութային ձեռնարկներ։ Ինք բազում այլ ժապաւէններ նոյնպէս ստեղծած է եւ բոլոր նիւթերը, որոնց դիմած է՝ հայութեան ինքնութեան, ներկայի ու անցեալի շունչով պատմութիւններ են՝ անչափ հետաքրքրական ու մարդկային։ Այս ժապաւէնը արտադրուած է «Ֆակտում» կեդրոնին կողմէ՝ Պասկեւիչեանի հիմնադրած խմբակին մէջ։
Անցեալին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին ժապաւէնը Պոլսոյ, Հայաստանի եւ արտասահմանի ցուցադրութիւններով նոյնպէս պատմութեան խորքերը ճամբորդելու առիթներ տուաւ հայութեան։ Պոլսահայ համայնքային գիտակցութեան կերտման, անցեալի եւ ներկայի միջեւ հոսանքի պահպանման առումով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը նոյնպէս իր անփոխարինելի դերակատարութիւնը ունեցած է եւ այսօր ալ այդ շարունակականութիւնը պահելու ընթացքին մէջ է։ Ուստի, բնաւ պատահական չէ, որ Պասկեւիչեանի այս նոր ժապաւէնի մտայղացումն ալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կը պատկանի եւ գլխաւոր խմբագիրը նկարահանումէն, պատմական նիւթերու վերհանումէն սկսեալ՝ մինչեւ ցուցադրութեան պահը եղած է բեմագիր-հեղինակին ու անոր խումբի կողքին։
Պատմական շղթայի մը օղակ ըլլալը եւ ստեղծագործական նախաձեռնութիւնները ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմական եւ մշակութային առաքելութեան մէկ մասն է։
Չորս լեզուներով՝ հայերէն (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն), թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն պատրաստուած այս ժապաւէնը ինքնին վկայութիւնն է այն բանին, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին պատմութիւնը միայն տեղական յուշ մը չէ, այլ համահայկական եւ համամարդկային արժէք ունեցող ժառանգութիւն է։ Լեզուներու այս բազմազանութիւնը այլ խօսքով կը հաստատէ, թէ հայ հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւնը սահմանափակուած չէ աշխարհագրական տարածքով, այլ բաց է երկխօսութեան, փոխանցման՝ բազմաբեմ ու բազմամշակոյթ միջավայրերու մէջ։ Ժապաւէնի երթը սկսաւ Պոլսոյ մէջ եւ պիտի շարունակուի աշխարհի տարածքին։ Առայժմ Պոլսոյ առաջին ցուցադրութիւնն էր։
Հոգեւոր եւ աշխարհիկ գործիչներու, լրատուամիջոցներու ներկայութեամբ ամբողջացած ձեռնարկը միայն ցուցադրութեան սահմաններուն մէջ չմնաց, եղաւ մշակութային իրադարձութիւն մը՝ նուիրուած Սահակ Արք. Մաշալեանի՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի գահակալութեան հնգամեակին, ինչ որ ժապաւէնին տուաւ աւելի խոր խորհուրդ մը՝ ներկայ պատրիարքին առաքելութիւնը միացնելով պատմական յարատեւութեան շղթային։ Ժապաւէնը նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրներէն Մարտիրոս Գօչունեանի մահուան կէսդարեայ յիշատակը ոգեկոչելու նպատակ ունէր։
Եւ այսպէս՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» վաւերագրութիւնը կը դառնայ ժամանակներու վրայով ձգուած մեր պատմութիւնը ճանչնալու, վերարժեւորելու եւ հոգեւոր, հասարակական, ազգային շարունակականութիւն մը զգալու ուղի մը՝ ցոյց տալով, որ ինչպէս Պոլսոյ Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեանը ըսաւ ժապաւէնին մէջ՝ Պոլսոյ հայ համայնքը եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան գոյութիւնը հրաշք մըն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ