ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գումգաբուի ընտանիքը արդէն ձեռնարկած է հերթական մատաղօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պէզճեան Մայր վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Գումգաբուի ընտանիքէն պատասխանատուներ, որոնք մեզի բացատրութիւններ տուին թաղի այժմու վիճակին շուրջ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու, տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր եւ թաղային խորհուրդէն Կիւլպէնկ Չաքար։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ Պէզճեան Մայր վարժարանը 109 աշակերտով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Այս տարի եւս դպրոցը ունի պիւտճէի բաց մը, որու հաւասարակշռման համար անհրաժեշտ է համայնքին զօրակցութիւնը։ Թաղային խորհուրդը այդ զօրակցութիւնը ապահովելու համար ստեղծած է նաեւ կարգադիր յանձնախումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի թաղի նախկին ատենապետներէն Էֆրիմ Պաղ, որ Գումգաբուի ընտանիքին հետ նոյնացած մեր բարերարներէն է։
Հիւերը երէկուան զրոյցի ընթացքին դիտել տուին, որ համայնքային կեանքի հիմնախնդիրները կը շարունակեն պայմանաւորուած մնալ վարժարաններու պիւտճէի բացին հետ։ Խնդիրներու արմատական լուծումը կը կարօտի համակարգի բոլոր տարրերու համախմբումէն։ Որքան որ ալ մէկ կողմէ այդ համակարգի բոլոր տարրերը տուժեն առկայ կացութենէն, սակայն, միւս կողմէ ալ այդ նոյն տարրերը չեն կրնար ընդհանուր կամք մը դրսեւորել վերջնական լուծման ճանապարհին։ Գումգաբուի ընտանիքն ալ այս իրավիճակին մէջ կը ջանայ լուծում որոնել իր հարցերուն։
Թաղականները յոյս յայտնեցին, թէ այս տարի եւս Մայր վարժարանը անտես չ՚առնուիր համայնքին կողմէ։