ՁԵՐ ԱՄՈՒՍԻՆԸ ՀԱ՞Յ Է

Հայաստանի «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողներուն հետ Պոլսոյ փողոցներուն վրայ ենք եւ կ՚ուզենք անցորդներէն հայ-թրքական յարաբերութեան մասին տեղացի ժողովուրդին կարծիքը լսել. կը կանգնեցնենք կին մը եւ մեզ հետաքրքրող հարցը թրքերէն լեզուով կը փոխանցենք անցորդին։ Եւ ահաւասիկ, նախախնամութեան գործը. առաջին անձը պոլսահայ մը դուրս կու գայ՝ տիկին Երջանիկը, որ մաքուր արեւտմահայերէնով մը կը պատասխանէ լրագրողներու բոլոր հարցումներուն։ Յաջորդ պատահական անցորդը կ՚ըլլայ զոյգ մը՝ որ ձեռք ձեռքի հեռուէն կը մօտենան: Լրագրողը դարձեալ հարց կու տայ «հայ-թրքական յարաբերութիւններ»ու մասին. պահ մը զոյգերը իրարու կը նային. աղջիկը իր հայ ըլլալը կը յայտնէ՝ սակայն, անունը չ՚ըսեր։ Այդ պահուն լրագրողներէն մին անհամեստ հետեւեալ հարցումը կը բարձրացնէ. «Ձեր ամուսի՞նն ալ հայ է…». աղջկան դէմքը կը թթուի եւ լուռ կը հեռանան՝ անպատասխան ձգելով տրուած բոլոր հարցումները: 

Վերջին երկու տասնամեակներուն սփիւռքի մէջ օտար ամուսնութեան նիւթը շատ «ծեծուեցաւ» եւ մարդիկ զանազան ձեւերով իրենց բողոքը բարձրացուցին այս կապակցութեամբ։ Ամերիկայի մէջ հայ երիտասարդը սկսաւ իրեն կողակից ընտրել ամերիկացին, Ֆրանսայի մէջ՝ ֆրանսացին եւ այսպէս գրեթէ սփիւռքի բոլոր տարածքին: Անշուշտ, այս երեւոյթը լոկ հայերու յատուկ երեւոյթ մը չէ. գրեթէ բոլոր ազգերը նման խնդիր մը կը դիմագրաւեն, ոմանք մտահոգ իսկ ուրիշներ անհոգութեամբ: Սակայն, հայերու պարագային այդ օտար ամուսնութիւնները միշտ ալ եղած են անընդունելի, որովհետեւ սփիւռքի մէջ հայ մնալու եւ հայ սերունդի շարունակականութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ էր ու է՛, որ հայը հայուն հետ ամուսնանայ՝ որպէսզի անոնցմէ լոյս աշխարհ գայ նորածին հայ մը՝ որ իր կարգին պարտի շարունակել իր ազգութեան շառաւիղը:

Այս բոլորով հանդերձ կայ պարագայ մը, որ պոլսահայութեան մօտ քիչ մը կը տարբերի. Լիբանան, Սուրիա, Ամերիկա եւ կամ այլուր կը տեսնենք, որ կնքուած օտար ամուսնութիւնները ունին միայն ազգային տարբերութիւններ, սակայն, Պոլսոյ պարագային կը փոխուի հարցը, որովհետեւ այդտեղ գոյութիւն ունի նաեւ կրօնական տարբերութեան հարց մը։ Սփիւռքի մէջ եթէ հարցը արաբի կամ ամերիկացիի հարց էր, ապա Թուրքիոյ պարագային կու գայ անոնց վրայ աւելնալու մահմետականութեան եւ դաւանանքի հարցը: 

Այսօր Պոլսոյ մէջ հայ-թուրք ամուսնութեան թիւը անհամեմատելի աճ արձանագրած է եւ տեղ մը նոյնիսկ սկսած է ունենալ բնական ընթացք։ Կը յիշեմ, որ աւելի քան դար մը առաջ հրատարակուած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ կը կարդայի, որ պատրիարքը ի՛նք երթալով հայ օրիորդ մը համոզած է, որպէսզի օտար ամուսնութիւն չկնքէ՝ որովհետեւ նման դէպք շատ հազուադէպ էր: Մենք նկատենք թէ ոչ, կամաց կամաց շատ մը երեւոյթներ մեզի համար կը սկսին «պարզ» դառնալ. օրինակ՝ անցեալին մարդիկ դէմ էին ամէն տեսակի օտար ամուսնութիւններու՝ նոյնիսկ եթէ անձը նոյն կրօնի հետեւող ըլլար. կար յստակ կեցուածք մը. հայը օտարին հետ չի կրնար ամուսնանալ։ «Ծայրայեղ» նկատուող այս համոզումը ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւն կրեց եւ սկսաւ «համոզուիլ», որ ոչինչ, օտար ամուսնութիւններ թող ըլլան, սակայն, հիմնականը տղան կրօնակից ըլլայ։ Այսօր Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ օտար հարսին կամ փեսային նոյն կրօնին պատկանած ըլլալը արդէն իսկ հպարտանալու բաւարար առիթ մըն է: Հիմա արդէն «բնական»ի ընթաց կը սկսի առնել օտար ամուսնութեան մէջ այլ կրօնի պատկանող թեկնածուներու գոյութիւնը։ Մեր ժողովուրդը ժամանակ մը ետք այս մէկն ալ բնական ընթացք պիտի նկատէ. որոշ ժամանակ պիտի սկսի քննադատել միասեռ ամուսնութիւնները՝ սակայն ժամանակ մը ետք այդ մէկն ալ բնական ընթացք մը սեպէ ու այսպէս, գրեթէ ընդունելի թուացող բոլոր երեւոյթները պիտի դառնան ընդունելի: 

Լաւապէս կը գիտակցինք, որ այս խնդիրը միայն հայունը չէ. համաշխարհային խնդիր մըն է բոլոր ազգութիւններու համար, սակայն, մեզի համար առաւել եւս, որովհետեւ մենք արդէն իսկ առանց օտար ամուսնութեան դէպի անդունդ կ՚առաջնորդուինք։ Մեզի պէտք են անխառն հայեր, որպէսզի շարունակուի հայու արիւնը. բացէ՛ք վիճակագրութիւնները եւս տեսէք. օտար ազգերու ներկայացուցչիչներու թիւը օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ, իսկ հայունը՝ նահանջի մէջ է։ Հայը աճելու եւ բազմանալու փոխարէն կը նօսրանայ. մենք այսօր ո՛չ միայն ազգութեան համար, այլ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներու կողմէ եւս նահանջի մէջ ենք. մին օտար ամուսնութիւն կնքելով հայութենէն կը հեռանայ, ուրիշ մը այս կամ այն կրօնին կամ աղանդաւորական շարժումին հետեւելով իր եկեղեցիէն կը հեռանայ ու այս բոլորին մէջ մենք դրական ու լաւատես ո՛չ մէկ բան կը տեսնենք: 

Մեր գաղութները կամաց կամաց կը հայաթափուին եւ զարմանալիօրէն այդ հայաթափումին վրայ Հայաստանի մէջ հայոց թիւն ալ աճ չ՚արձանագրեր. աւելի քան մի քանի հարիւր հազար հաշուող Լիբանան եւ կամ Պոլիսը այսօր շա՜տ աւելի նուազ կը հաշուէ. մի քանի տասնեակ տարի ետք պիտի տեսնենք, որ այսօրուան թիւն ալ կէսով (եթէ ոչ աւելի) պակսած է, որ այսպէս օրէ օր պիտի պակսի: 

Թող մեր ազգի լաւատեսները հրապարակ դուրս գան եւ մեկնաբանեն այս բոլորին ետին գտնուող լաւատեսութիւնը՝ ինչ որ մենք՝ անկարողներս չենք կրնար տեսնել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս կարելի է կանխել օտար ամուսնութիւնները:

Պատասխան. Օտար ամուսնութիւնները կանխելու համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ամրապնդել սեփական ազգային ինքնութիւնը՝ լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը, որովհետեւ մարդ երբ իր պատկանելիութեան մասին խոր գիտակցութիւն կ՚ունենայ, ինքնաբերաբար կը ձգտի պահպանել այդ մէկը նաեւ իր ընտանեկան կեանքին մէջ: Պէտք է կրթութեամբ խթանել հայ ընտանիքի գաղափարը, կազմակերպել երիտասարդական միջոցառումներ եւ հանդիպումներ, որոնք կը նպաստեն, որպէսզի հայ երիտասարդներ զիրար ճանչնան: Այս բոլորը պէտք է ընել ո՛չ թէ արգելքներով ու դատապարտումներով, այլ՝ սիրով, կրթութեամբ եւ հայ ըլլալու համար հպարտութեան զգացում փոխանցելով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2025