Երեքշաբթի 21, Հոկտեմբեր 2025
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան, «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի հերթական բաց ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Այսպէս, Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ ցոյց տրուեցաւ գործը, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի համատեղ արտադրութիւնն է։ Ձեռնարկը քաղաքիս Ասիական ափին ֆիլմի առաջին ժողովրդական ներկայացումն էր։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկաներու շարքին էին Գատըգիւղի ընտանիքէն վարիչներ։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ֆիլմին հերթական ներկայացումը նախատեսուած է այս չորեքշաբթի երեկոյեան, Օրթագիւղի մէջ, Թարգմանչաց վարժարանի սրահի երդիքին տակ։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025