ԱԳՌԱՒՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԸ

Ո՞ւր պիտի հասնինք։

Դեռ ո՞ւր կրնանք հասնիլ։

Թերահաս պատանիներու պէս՝ մատներով պատկերած սրտիկին հետ «Ձեզ շատ եմ սիրում» գրելով՝ առաւօտուն իր «սիրեցեալ» ժողովուրդը ողջունող մեր վարչապետին առաջնորդած Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչները Արագածոտնի թեմէն ներս թեմակալ առաջնորդին եւ հոգեւոր սպասաւորներու դէմ անօրէն գործողութիւններ գործադրեցին. անիրաւ ու անհիմն խուզարկութիւններով զանոնք բերման ենթարկեցին, անոնց գտնուած վայրերը թաքցուցին եւ փաստաբանական աջակցութիւն ստանալու առիթ չտուին։ Աւելի՛ն, նոյն անարգ ոճով կալանաւորուեցան Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանն ու Տ. Գարեգին Քհնյ. Արսէնեանը։

Եթէ զարմացած էք այս գրուածներէն, ուրեմն դուք տեղեակ չէք, որ մեր վարչապետն ու իշխանութիւնը ամիսներէ ի վեր բացէ ի բաց կը յայտարարէին, կը յայտարարե՛ն ատելութեամբ ու անհանդուժողականութեամբ լեցուն հակաեկեղեցական այս արշաւանքին մասին, բայց, զայն հակաեկեղեցական չե՛ն կոչեր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ իրենց խնդիրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին հետ չէ՛։ Եկեղեցին ալ, արդէն, մէ՛կ մարդ չէ։ Իրենց խնդիրը այդ եկեղեցին ներկայացնողներո՛ւն հետ է, որոնք ըստ մեր իշխանութեան անսխալական ու արդար դատումներուն՝ իրենց ճի՛շդ տեղերը չեն գտնուիր։

Երանի՜ այսքանով վերջանային ժողովրդավար մեր հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը։ Ո՛չ։

Համացանցին մէջ տարածուեցաւ Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախկին գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեանի միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութեան մը ձայնագրութիւնը, որուն ընդմէջէն պարզ կը դառնայ, որ Նաթան արքեպիսկոպոսը Աղան աբեղան կը համոզէ ետ քաշել հոգեւոր ծառայութենէն ազատուելու դիմումը, բայց վերջինս կը մերժէ դժգոհելով, որ Վեհափառ Հայրը իրեն թելադրած է հակաիշխանական ցոյցերու մասնակցիլ եւ… թելադրութիւնը չկատարող աբեղան իր տունէն 200 քմ. հեռու մատուռ մը ուղարկուած է ծառայութեան համար։

Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը, չեմ գիտեր՝ բնականաբա՞ր, թէ զարմանալիօրէն քննութեան առարկայ պիտի դարձնէ այս ձայնագրութիւնը, որ տեղի ունեցած է 2023 թուականի հոկտեմբերին…

Կը հարցնեմ, կը հարցնենք, պէ՛տք է հարցնենք.

Երկու տարի առաջուան դէպքերու վերաբերող հոգեւորականներուն այս գաղտնալսումը ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հիմա, ճի՛շդ հիմա իշխանութեան եւ ապա՝ լրատուամիջոցներուն ձեռքը անցաւ։ 

Փաստօրէն, մեր նոր պետութեան մէջ ունինք իշխանութիւն մը, որուն իրաւապահ մարմինները քաղաքական շահերու համար կ՚օգտագործուին, կրնա՛ն օգտագործուիլ… կամ, միւս տարբերակը՝ ինքզինքը երկիր ու պետութիւն համարող ձեւ ու կառոյցի մը մէջ անձեռնմխելի պատիւ ու արդարութեան օրինակ ըլլալիք իրաւապահ մեր մարմինները, ապօրինի գաղտնալսումներ կ՚ընեն ու զանոնք տարիներո՜վ կը պահեն, յարմար, յարմարագո՛յն պահուն օգտագործելու նպատակով։

Դեռ ինչե՜ր։

Յաջորդ քայլը ի՞նչ է։

Յաջորդը ո՞վ է։

Թշնամիի՛ն հետ լեզու գտանք, իրարու հետ չե՞նք կրնար խօսիլ։ 

Կարելի չէ՞ դէմ յանդիման մարդավարի նստիլ, զիրար այպանել, թէկուզ՝ հաշիւ մաքրել, զիջիլ, պահանջել, համաձայնիլ, հասարակ յայտարարի մը գալ… 

Կարելի է, անշո՛ւշտ, եթէ կայ բոլոր, բոլո՛ր նստողներէն աւելի՛ վեհ գաղափար, նպատակ մը։ 

Բայց կա՞յ։ 

Մեր ապրած իրողութեամբ՝ չկայ։ 

Դեռ որքա՞ն կրնանք ամչնալ։ 

Մարդու մը ամօթէն, վիզը ծռելէն ու գլուխը կախելէն անդին ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

Եղածը պատմութեան մէջ չկրկնուող բան մը չէ՛, իսկութեան մէջ. հակառակը՝ աթոռին, աթոռներուն խաղը խաղացող պետութիւններուն մէջ կիրառուող միջոց մըն է ասիկա՝ երկար ձեռքերը կրճատելու, աթոռներուն տեղը, շարուածքն ու հերթականութիւնը փոխելու եւ նոր-նոր ձեւեր հնարելու, ուղղակի մե՛նք պէտք է ընդունինք, որ Նոյեան տապանի Արարատով սկսած իր պատմութենէն քայլ առ քայլ ձերբազատուող մեր պետութիւնը, այլեւս բոլո՜ր պետութիւններուն նմանող մեր պետութիւնը՝ ա՛ս է։ 

«Հայրենիք» կ՚ըսէինք մենք մեր դպրոցական տարիներուն, աւելին՝ «Մայր հայրենիք» եւ հեռո՜ւ այդ հայրենիքին մէջ ամէն ինչ այնքա՛ն ճիշդ ու իտէալական կը պատկերացնէինք, որ վերոյիշեալ այս միջոցները չէինք վայելցներ սուրբ համարուող այդ Մօր։ 

Եկեղեցին իր բոլոր միջոցներով ժողովուրդը առաջնորդողին հետ՝ թշնամիին դէ՛մ կ՚ըլլար։

Այդպէս գիտենք մենք, բայց՝ «Մեր պատմութիւնը մեզ ասում է՝ մի՛ կրկնէք ինձ», ըսաւ մեր պետութեան ղեկավարը եւ դժգոհեցաւ, որ մենք պատմութեան մասին կը խօսինք, բայց չենք կարդար զայն… 

«Այսօրուան պետութիւնն ու պետականութիւնը կառուցելու համար պէտք է լսենք պատմական Հայաստանի ուղերձները», ըսաւ ան. 

Ահա ուղերձներուն ուղերձը՝

«Ի՞նչ է ասում մեզ պատմական Հայաստանը։ Պատմական Հայաստանը մեզ ասում է՝ ձեր ունեցած պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մի դարձրէք պատմական Հայաստանի մաս»։

Վերջացած պատերազմի դաշտին մէջտեղը մնացած դիակներուն վերեւը թեւ-թեւի տուած՝ հրճուանքի մէջ պարող ագռաւներու ցնծութիւնը պէտք է ապրին մեր թշնամիները՝ մեր ներքին ատելութիւնը, պառակտումը, այլամերժութիւնն ու անհանդուժողականութիւնը տեսնելով։ 

Բայց ինչո՞ւ հոգալ թշնամին։ 

Ո՞ւր է թշնամին։ 

Դուռ չէ, դարպաս ու պարիսպի մը չափ նախաստորագրուած խաղաղութիւն մը ունինք, ըստ որուն, թշնամանք չկա՛յ այլեւս։ Եթէ՜ բան մըն ալ պատահի՝ հեռաձայն ունինք եւ զանգելու արտօնութիւն… Միջազգային հարթակներուն վրայ արդէն միասին ընկալուող անուններ են Ալիեւն ու Փաշինեանը։ 

Դեռ ի՞նչ։

Խաղաղութիւնը մեզի աւելի զբօսաշրջիկներ, տոլարներ, աւելի միջազգային, համերգներ, «Mega Star»ներ, խումբեր, աւելի հարթ ճամբաներ, բարգաւաճ հանրաշարժներ, նոր շէնքեր, խելացի համաստեղութիւններ, գործ, գործեր, ծրագիրներ, «QR cod»եր օտարազգինե՜ր, բարեկամ քոյր ու եղբայրներ… գարշելի մեր խաւարը քօղարկող լոյսեր։ 

Մթագնելու, ընդվզելու կարիք չկայ։ 

Շատ ընթերցող մեր վարչապետին քաղած ու զայն մեզի հասցնելու համար ջանք չխնայած դասը յստակ է.

«Պատմական» չկայ, պատմութիւն չկայ, հին չկայ, Արարատ չկայ, Մաշտոց չկայ, ցեղասպանութիւն չկայ, հին գաւառներ չկան, թշնամի չկայ, բանակի, զինուելու կարիք չկայ… 

Մե՞նք, մենք կա՞նք։

Այսքան խաբկանք, ինքնախաբէութիւն, ուրացում, բռնաճնշում, նենգամիտ ծրագիրներ, պետական լիազօրութիւններու անսահման շահագործում, քծնանք, գժտութիւն, պառակտում, խախտուած հոգեմտաւոր համակարգ, գերութիւն, լուտանք, թերահաւատութիւն, կասկած եւ անյոյս, մահագոյժ անտարբերութիւն…

Մեզ այստեղ հասցնող մեր ըրածներուն ու չըրածներուն հաշիւը պիտի կարենա՞նք տալ…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025