ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻՆ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Գէորգ Պետիկեան արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Ան վեթերան սիւնակագիր մըն է, որ արեւմտահայերէնով լրատուամիջոցներու ընթերցողներու յարգանքն ու համակրանքը կը վայելէ, նաեւ թերթիս պատուակալ աշխատակիցներու շարքին է։

Գէորգ Պետիկեան մրցանակակիր դարձած է իր «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպով։ 2024 թուականին, Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսած էր իր հեղինակած այդ գործը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի Գէորգ Պետիկեան, որու ստեղծագործական աշխատանքը բարձր գնահատանքի արժանացած է Հայաստանի մէջ։ Այսպէս, «Հայկ Նագգաշեան» գրական գնահատանքի հիմնադրամը որոշած է տարեկան մրցանակը շնորհել Գէորգ Պետիկեանին։ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցած է յիշեալ հիմնադրամի ժողովը, որու ընթացքին առնուած է Պետիկեանի պարգեւատրման որոշումը։

Հեղինակին պարգեւի յանձնման մանրամասնութիւնները պիտի ճշդուին յառաջիկային։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Գէորգ Պետիկեանը, որուն կը մաղթենք մշտադալար գրիչ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025