ՆՈՐ ՎԻՃԱԿՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կլոր սեղան մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննարկումները կը տեւեն երկու օր։ Զանազան հարցերու առընթեր, ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու գագաթաժողովէն յետոյ ձեւաւորուած խաղաղութեան օրակարգը։

Հայաստանէն՝ Անվտանգութեան քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոնը տեղեկացուց, որ հանդիպման ընթացքին կը շօշափուին երկու հանրութիւններու միջեւ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորման ուղղեալ միջոցները։ Անդրադարձ կը կատարուի Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն տնտեսական համագործակցութեան ձեւաւորման հաւանական ուղիներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ ուղիղ եւ երկարաժամկէտ կապերու հաստատման հեռանկարներուն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025