ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՉԵՂԱՐԿԵՑ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը ջնջած է դէպի Հայաստան բեռներու տարանցման բոլոր սահմանափակումները։
Աստանայի մէջ, Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ ըսաւ. «Կը փափաքիմ նշել, որ Ատրպէյճան չեղարկած է բոլոր սահմանափակումները դէպի Հայաստան բեռներու տարանցման համար։ Այդպիսի առաջին տարանցումը եղած է Ղազախիստանէն ցորենի տեղափոխումը դէպի Հայաստան։ Կը կարծեմ, թէ սա լաւ ցուցիչ մըն է այն բանին համար, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւնը արդէն ո՛չ միայն թուղթի վրայ է, այլեւ գործնական դրսեւորում ունի»։
Բաց աստի, Ալիեւի խօսքով՝ TRIPP նախագիծը անպայման կեանքի կը կոչուի։ «Սա կը բանայ Միջին միջանցքի այլ երթուղի մը։ Բացի աւանդականէն, ի յայտ կու գայ եւս մէկը՝ Զանգեզուրի միջոցաւ, որ ունի 15 միլիոն թոն բեռնաշրջանառութիւն՝ համապատասխանելով ամենաժամանակակից չափանիշներուն։ Այսպէսով, Ասիայէն Եւրոպա եւ հակառակ ուղղութեամբ մեր երկիրներու տարածքներով բեռնափոխադրումներու ծաւալը ինքնին աճի ներուժ ունի, բայց նաեւ աւելի մեծ ներուժ կ՚ունենայ՝ ընդունման եւ ուղարկման տեսանկիւնէն», ըսաւ Ալիեւ։
Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնը ողջունեց այս յայտարարութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ալիեւի յայտարարութիւնը չափազանց կարեւոր համարեց, նոյնպէս այդ քայլը։ Այս առաւօտ Նիկոլ Փաշինեան Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած «Մետաքսի ճանապարհ» հինգերորդ համաժողովի ընթացքին ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այժմ կ՚աշխատին TRIPP նախագիծը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ»։ Վարչապետը նշեց, որ նոյնը ի զօրու է Ուաշինկթընի մէջ գոյացած միւս համաձայնութիւններու պարագային։