ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Չիքովանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւր նախարարը յարգանքի այց մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ ներկայիս համագործակցութիւնը կը զարգանայ բոլոր ուղղութիւններով։ Այս ամբողջին մէջ պաշտպանութեան բնագաւառը մասնաւոր տեղ կը զբաղեցնէ։ Նախարարները Երեւանի մէջ աչքէ անցուցին երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։ Անոնք իրարու նկատառման յանձնեցին երկու հարեւան երկիրներու զինեալ ուժերու պարագային ձեռնարկուած բարեփոխումներու մանրամասնութիւնները։ Նախարարները արժեւորեցին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդունեց Չիքովանին։