ՁԵՒԱՒՈՐԵԼ ԿԵՑՈՒԱԾՔ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Արաբական ծոցի շարք մը երկիրներ։ Իր շրջագայութեան առաջին փուլն էր Քուէյթը, ուրկէ ան անցաւ Քաթար, իսկ եզրափակիչ փուլին պիտի ուղեւորուի դէպի Օման։ Այս առաւօտ, Տոհայի մէջ Էրտողան տեսակցեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի հետ։ 

Նախագահ Էրտողան երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Քուէյթի էմիրին՝ Մեշալ էլ Ահմէտ էլ Ճեպիր էս Սապահի կողմէ։ Նախագահի եւ էմիրի առանձնազրոյցէն վերջ տեղի ունեցան պատուիրակութեան բանակցութիւնները։

Այս ուղեւորութեան ընթացքին, Թուրքիոյ եւ տուեալ երկիրներու երկկողմանի համագործակցութեան հարցերուն առընթեր, օրակարգի վրայ կու գան նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով խնդիրներ։ Մերձաւոր Արեւելքի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ Էրտողան շեշտեց, որ Կազզէի մէջ հրադադարի պահպանումը ունի նուրբ կարեւորութիւն։ Ան համոզուած է, թէ իսլամական աշխարհը միասնական դիրքորոշումով պէտք է հանդէս գայ՝ Պաղեստինի խնդրի՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծման համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025