ԱՇԽՈՅԺ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ։ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութիւնը առիթ դարձաւ Երեւան-Թիֆլիզ բարձր մակարդակի հերթական շփման։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Քոպախիծէ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը նոր ազդակ կը հաղորդէ տարածաշրջանային համագործակցութեան ու կայունութեան ապահովման։ Վարչապետները կարծիքներ փոխանակեցին երկու հարեւան երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի զանազան երեսակներուն շուրջ։
Նիկոլ Փաշինեան Թիֆլիզի մէջ մասնակցեցաւ «Մետաքսի ճանապարհ» հինգերորդ համաժողովին։ Այս առաւօտ Փաշինեանի, Քոպախիծէի եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի նիստ մը՝ «Ներդնել կապի մէջ, աճիլ կայունութեան մէջ» խորագրին ներքեւ։ Փաշինեան այս փուլին խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ դրական երկխօսութիւնը յոյս կը ներշնչէ, թէ կողմերը յառաջիկային սահմանները կրնան բանալ։