ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԵՒ Ո՛Չ ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ
Դիմացս ունիմ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանը, որուն մէջ միութիւն բառը կը բացատրուի որպէս «համաձայնութիւն», «միացում» եւ «ընկերակցութիւն», իսկ որպէս բայ՝ միացնելը բացատրուած է «իրարու կցել», քով քովի բերել», «համախմբել» եւ «միաւորել» բառերով: Հայերէն լեզուին մէջ այս բառին հականիշը «պառակտում», «անջատում» եւ «բաժանում» է, սակայն, իր կարճ վիճակին մէջ կարելի է ըսել՝ հայ ժողովուրդի մի քանի տասնամեակներու (եթէ ոչ աւելի) իրավիճակը:
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին երբեք չկրցաւ միացնել ու քով քովի բերել իր ուժերը եւ աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ այդ ուժերու համախմբումով կարելի կրնար ըլլալ ամբողջութեամբ տարբեր ներկայ մը ունենալ՝ յաղթուածի տեղ յաղթած ըլլալու հպարտութեամբ: Գրեթէ ամէ՛ն տարիներու կրնանք գտնել այս միութեան անհրաժեշտութիւնը բարձրաձայնող մտաւորականներ. կը կասկածիմ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենայ ազգ մը, որ աւելի՛ շատ լսած ըլլայ միութեան կարեւորութեան մասին՝ քան հայերը եւ միւս կողմէ կը կասկածիմ նաեւ, ազգ մը միութենէն շատ աւելի հեռու դիրքի վրայ գտնուած ըլլայ՝ դարձեալ քան հայերը: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիրներէն Միսաք Գօչունեան, թերթիս շաբաթ, 31 յուլիս 1910 թուականի թիւին մէջ (Բ. տարի, թիւ 551, էջ 1) կը գրէ հետեւեալը. «Մեր ազգին բուն շահը կուսակցութիւնները միացնել, երկպառակութիւնները բառնալ եւ փոխադարձ զիջողութիւններով ազգը իր առաջնորդուած այս անել խորխորատէն փրկելն է»։ Այս գրութենէն 115 տարիներ ետք, թերթիս խմբագիր Արա Գօչունեան մի քանի օրեր առաջ Պոլսոյ մէջ իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին հետեւեալը ըսաւ. «Մենք պէտք է պայքարինք, ո՛չ թէ իրարու դէմ՝ այլ իրարու հետ»: Ահաւասի՛կ, աւելի քան 11 տասնամեակներու հեռաւորութիւն մը, սակայն նոյն ցաւն ու մտահոգութիւնը եւ զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ դար մը ետք տակաւին լոյս աշխարհ չեկած սերունդը նոյն խօսքերը լսէ ու լսէ՝ առանց գործնական արդիւնք մը տեսնելու:
Հայաստան թէ Լիբանան, Սուրիա թէ Եւրոպա տպուած բոլոր հայկական թերթերու մէջ կարելի է տեսնել միութեան նոյն կոչը. շաբաթ, 28 նոյեմբեր 1970-ին Լիբանանի մէջ լոյս տեսած «Արարատ» մամուլը (ԼԴ. տարի, թիւ 8746) իր 8-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Սիրեցէ՛ք զմիմեանս, հաշտ ապրեցէք, գործակցեցէ՛ք» հրամայականը։ Մեր հսկայ մտաւորականներէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան իր «Համբոյր» խորագրեալ գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Մենք սիրել գիտցող ժողովուրդ ենք»։ Եթէ իրապէս այդպէս ենք, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ չենք սիրեր զիրար... Հայը իր մշակոյթով, քրիստոնէական աւանդութիւններով վերջապէս պարտաւոր է չէ՞ սիրել գիտնալ. մեր բանաստեղծութիւններն ու երգերը մի՛շտ ալ, ամէն դարերու սիրոյ վեհութիւնը գովերգած են: Սակայն սէրը հայերուս համար եղած է վերացական հասկացողութիւն մը՝ քան գործնական: Հայուն սէրը ունեցած է թիթեռի մը կեանքը՝ կարճ ու ժամանակաւոր, որովհետեւ նախանձը, անձնական շահը, անտեղի մրցակցութիւնը միշտ ա՛լ աւելի առաջնահերթ ու յաղթական եղած են:
Հայ ժողովուրդը միշտ համոզուած եղած է, որ համերաշխ ապրելու համար այլ երկիրներու հետ պէտք է հաշտ ապրիլ. պէտք է դիւանագիտական կապեր հաստատել եւ յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ պահել, սակայն անդին մոռցած են, որ համերաշխ ու հանգիստ ապրիլը նախ ներքին կեանքով սկիզբ կ՚առնէ եւ ապա արտաքին. եթէ արտաքին կապը հաստատ է, սակայն ներքինը քանդուած՝ ապա առաջինը ո՛չ մէկ օգուտ պիտի ունենայ այդ ազգին. ներքին համերաշխութիւնը երկրորդական կարելի չէ նկատել, որովհետեւ եթէ ներքինը քանդուած է, ապա արտաքինը ո՛չ մէկ օգուտ պիտի ունենայ մեր ազգին:
Մեր քաղաքական ու կուսակցական կեանքին մէջ կը նկատենք, որ բոլորը իրենց գործունէութեան նպատակ ընտրած են զիրար տապալելը. 115 տարիներ առաջ Միսաք Գօչունեան կը գրէր. «Կուսակցութիւնները տապալելու համար նոր կուսակցութիւններ կը հիմնեն»։ Մեր ներկան տարբեր չէ. անցնող տասնամեակին Հայաստանի մէջ ծնունդ առած նոր կուսակցութիւնները ձեզի փաստ. այս մէկը վերջ եւ աւարտ չունի, որովհետեւ ծնունդ առնող այդ կուսակցութիւնը տապալելու համար եւս նոր կուսակցութիւն մը ծնունդ պիտի առնէ եւ այսպէս հազիւ երկու-երեք միլիոն հաշուող ժողովուրդ մը պիտի ունենայ մի քանի տասնեակ կուսակցութիւններ, որոնք անուանապէս նոյն նպատակին համար կ՚աշխատին՝ սակայն ամբողջութեամբ իրարու հակառակ:
Իրաւացի է, որ այն վնասը՝ որ թշնամին չյաջողեցաւ մեզի հասցնել՝ մենք մեզի հասցուցինք։ Իրաւ է, որ այս անիմաստ կռիւներուն մէջ հայ ազգը ինքզինք պիտի փճացնէ եւ գուցէ օր մը՝ երբ արդէն մեր ոչնչացումը անխափան ըլլայ՝ հասկնանք, որ իրարու հետ պէտք էր պայքարիլ եւ ո՛չ իրարու դէմ:
Տակաւին ինչքա՞ն միասնութեան կոչեր պիտի լսէ այս ազգը. լսելը արդէն անիմաստ, ե՞րբ պիտի սկսի իրապէս հասկնալ այդ միութեան արժէքն ու կարողութիւնը. մենք յոյս չունինք, սակայն կը մաղթենք, որ ապագան ի դերեւ հանէ մեր յոռետեսութիւնը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Երկրի մը համար արտաքի՞ն խաղաղութիւնը աւելի կարեւոր է, թէ ներքին:
Պատասխան. Երկրի մը համար ներքին խաղաղութիւնը աւելի կարեւոր է, քան արտաքինը, որովհետեւ առանց ներքին համերաշխութեան, վստահութեան եւ արդարութեան հաստատման՝ արտաքին խաղաղութիւնը կը մնայ փխրուն: Երբ ժողովուրդը միասնական է, իր մէջ ունի սէր, փոխհասկացողութիւն եւ առողջ մթնոլորտ, ապա այդ մէկը կ՚ազդէ նաեւ արտաքին յարաբերութեան վրայ՝ ստեղծելով ամուր հիմք: Եթէ երկրին մէջ կան բաժանումներ, անհաւասարութիւն եւ թշնամանք, ապա ո՛չ մէկ արտաքին յարաբերութիւն կրնայ ճշմարիտ խաղաղութիւն ապահովել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան