Տ. ՆԱԹԱՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, երէկ, դատական մարմիններուն կողմէ հերթական անգամ հարցաքննուեցաւ բարձրաստիճան հոգեւորական մը։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէ, ուր հարցաքննուեցաւ։ Նորին Սրբազնութեան հարցաքննութիւնը տեղի ունեցաւ՝ իշխանամէտ լրատուամիջոցներու կողմէ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած հեռաձայնային խօսակցութեան ձայնագրութեան մը հիման վրայ։ Այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցած էր Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ այժմ կարգալոյծ Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեանի միջեւ։ Այդ ձայնագրութիւններուն հիման վրայ սկսած է քրէական վարոյթ մը։ Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը տեղեկացուցած էր, որ նիւթը քննութեան առարկայ կը դարձուի։
Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան հարցաքննութեան ընթացքին յայտնած է, որ ապօրինի ձեռք բերուած այդ ձայնագրութեան վերաբերեալ ըսելիք ոչինչ ունի։
Իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան մթնոլորտին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ հերթական յայտարարութիւնը ըրաւ։ Ան անդրադարձաւ Տ. Արամ Քհնյ. Ասատրեանի կարգալոյծ ըլլալուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այդ տնօրինութիւնը կատարած էր՝ նկատի ունենալով, որ Արագածոտնի թեմէն ներս իշխանութիւններու իրականացուցած գործողութեան հիմք ծառայած էին անոր զրպարտութիւնները։ «Ան ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ քահանայ կարգալոյծ ընել», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ որպէս հաւատացեալ՝ ինք կարգալոյծ կը հռչակէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։