ՊԱՌԱԿՏՄԱՆ ՓՈՐՁ
Հայաստանի մէջ իշխանութեան կողմէ եկեղեցւոյ թիրախաւորման ուղղեալ արշաւի նոր դրսեւորումները կը շարունակուին մտահոգիչ հունի մէջ։ Երէկ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) վերջին իրադարձութիւններու կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
*
Ամենայն Հայոց Հայրապետի 2025 թուականի հոկտեմբերի 21-ի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութեան հիման վրայ, Արագածոտնի թեմի հոգեւոր սպասաւոր Տ. Արամ Քհնյ. Ասատրեան՝ սպառած ըլլալով կանոնական դաշտ վերադառնալու իրեն ընձեռուած ողջամիտ բոլոր հնարաւորութիւնները՝ ներառեալ երիցս հրաժարելով յանձնախումբին ներկայանալէ, կարգալոյծ հռչակուեցաւ՝ կոչուելով ի դասս աշխարհականաց Ստեփան Ասատրեան աւազանի անուամբ։
Ի հետեւումն այս որոշման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պատշաճ իրազեկմամբ Ստեփան Ասատրեանին, ըստ եկեղեցւոյ կանոններու, արգիլած է կատարել եկեղեցական ծէսեր ու խորհրդակատարութիւններ, այլեւ այնպիսի գործողութիւններ, որոնք վերապահուած են բացառապէս եկեղեցւոյ սպասաւորներուն։
Ստեփան Ասատրեանէն պահանջուած է նաեւ հոկտեմբերի 23-ին ազատել Յովհաննավանքը եւ եկեղեցւոյ բանալիները յանձնել Արագածոտնի թեմի վարչական խորհուրդի ատենապետ Տ. Շնորհք Աբեղայ Պալոյեանին, իսկ Մայր Աթոռի կողմէ ծառայողական նպատակներով իրեն տրուած բնակարանը ազատել մինչեւ 2026 թուականի յունուարի 15-ը։
Միեւնոյն ժամանակ, Ստեփան Ասատրեան իրազեկուած է, որ Յովհաննավանքի մէջ այսուհետեւ ծէսերը պիտի իրականացնեն տեղւոյն վրայ սպասաւորող քահանաները եւ յորդոր յղուած է ձեռնպահ մնալ ծէսերու՝ ներառեալ Ս. Պատարագի խորհուրդի մատուցումը որեւէ կերպ չխոչընդոտելու, ինչ որ ո՛չ միայն կանոնական կոպտագոյն խախտում է, այլեւ քրէօրէն պատժելի արարք։
Կը ցաւինք, որ Արամ Քահանայի կարգազանց ընթացքի հետեւանքով Մայր Աթոռի կողմէ ձեռնարկուած կարգապահական միջոցառումները եւ կայացուած կարգալուծութեան որոշումը անհարկի կը շահարկեն իշխող քաղաքական ուժի ներկայացուցիչները։ Դատապարտելի է՝ յատկապէս վարչապետի աջակցութեամբ Յովհաննավանքի մէջ Ս. Պատարագի անուան ներքեւ միջոցառում կազմակերպելու Ստեփան Ասատրեանի հոգեկործան նախաձեռնութիւնը։ Սա իշխող քաղաքական ուժի ղեկավարի կողմէ Եկեղեցին պառակտելու հերթական փորձն է՝ հակաօրինական ու հակաեկեղեցական իր բոլոր դրսեւորումներով։
Եկեղեցիները, վանքերը եւ այլ սրբավայրերը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ժառանգութիւնն են եւ անկախ այդ պատմամշակութային արժէքներու նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքէ, կրօնական ծէսեր կատարելու եւ պատարագներ մատուցելու կանոնական իրաւունքը բացառապէս վերապահուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Կարեւորութեամբ կը փափաքինք արձանագրել, որ նախկին եկեղեցականներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերով կը խոչընդոտուի Յովհաննավանքի մէջ սպասաւորող քահանաններու օրինաւոր ծառայութիւնը, կը պղծուի սրբավայրը՝ հակականոնական գործողութիւններուն մեղսակից դարձնելով մերժելի ընթացքին մասնակից անձերը։
Կը յորդորենք իրաւապահ մարմիններուն կանխել ապօրինութիւնները եւ ապահովել Յովհաննավանքի մէջ սպասաւորող քահանաններու բնականոն ծառայութիւնը եւ սրբավայրի հոգեւոր-աղօթական մթնոլորտը։