ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաղտատ, ուր Իրաքի ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ։ Տարածաշրջանային եռուն պայմաններու ներքեւ, երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բանուկ է Թուրքիա-Իրաք առանցքը։ Բնականաբար, քաղաքական իրադարձութիւններու հունը մնացեալ ամէն ինչը կը բնորոշէ, սակայն, Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ փոխըմբռնում գոյացաւ նաեւ ջրային պաշարներու արժեւորման հեռանկարներուն շուրջ։ Սա նիւթ մըն է, որ, իր հերթին, քաղաքական իրադարձութիւններու հունին վրայ ազդեցութիւն կը գործէ։

Նախարար Ֆիտան Պաղտատի մէջ տեսակցեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռեշիտի, վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Սուտանիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի հետ։ Կողմերու միջեւ շրջանակային համաձայնութիւն մը գոյացաւ՝ ջրային պաշարներու արժեւորման ծրագիրներու գանձատրման շուրջ։ Այսպէս, անոնք մշակած են դրութիւն մը, որպէսզի Իրաքի ջուրի պաշարները օգտագործուին արդիւնաւէտ եւ տեւական ձեւով։ Այստեղ ենթակառուցուածքներու արդիականացման անհրաժեշտութիւն մը խնդրոյ առարկայ է եւ թրքական ընկերութիւնները դեր պիտի ստանձնեն այս ուղղութեամբ։ Իրաքէն կատարուած քարիւղի ներածումներու հաշւոյն գանձատրում մը կը նախատեսուի։

Հաքան Ֆիտան Պաղտատի մէջ շեշտեց նաեւ, որ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացը ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ կենսական նշանակութիւն ունի՝ մանաւանդ կայունութեան ու արտաքին միջամտութիւնները կանխելու առումով։ Ֆիտանի խօսքով՝ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն է, որպէսզի ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2025