ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԱՅՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հոկտեմբեր ամիսը Հայաստանի մէջ նշանաւորուեցաւ զանազան հանդիսութիւններով, միջոցառումներով, որոնց մէջ էին նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու օրուան նուիրուած ձեռնարկները։ 
Ազգային փոքրամասնութիւններու օրը պետական կարգով յիշատակելը Հայաստանի մէջ հաստատուած է 2021 թուականին՝ պետականօրէն, նպատակ ունենալով ընդգծել երկրին ազգային փոքրամասնութիւններու դերը հասարակական եւ մշակութային կեանքին մէջ։
Ընդհանրապէս Հայաստանը շատերու միտքին մէջ կը պատկերացուի իբրեւ միազգ երկիր մը, ուր գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը հայ է, հայերէն կը խօսի, քրիստոնեայ հաւատքին կը պատկանի։ Բայց իրականութիւնը շատ աւելի տարբեր ու բազմերանգ է։ Հայաստանի լեռնային շրջաններուն, գիւղերուն եւ քաղաքային բնակավայրերուն մէջ դարերէ ի վեր ապրած են զանազան ժողովուրդներ՝ եզիտիներ, ռուս-մոլոկաններ, ասորիներ, հրեաներ, յոյներ, քիւրտեր, ուքրանացիներ եւ ուրիշներ։
Անոնք եկած են զանազան ժամանակներու՝ պատերազմէ փախչելով, տնտեսական պատճառներով կամ իրենց հաւատքը պահպանելու նպատակով։ Կամ ալ պարզապէս սիրած են Հայաստանը եւ փոխադրուած հոս։ Եւ Հայաստանի հողը՝ հին ու համբերատար, միշտ ունեցած է այն առանձնայատկութիւնը, որ գիտէ ընդունիլ ու համակեցութեան դուռ բանալ։
Հայ ժողովուրդը ինքն ալ աշխարհիս բոլոր կողմերուն մէջ ապրած է իբր փոքրամասնութիւն․ Փարիզի, Պէյրութի, Թեհրանի, Իսթանպուլի, Մոսկուայի եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ ամէն տեղ հայերը տուեալ երկրի մեծամասնութիւնը կազմող ազգին հետ ապրած են։ Եւ այդ փորձառութիւնը՝ տարբերութեան մէջ ապրելու, ուրիշի կողքին տեղ ունենալու, այսօր Հայաստանի մէջ արտացոլուած է հանդուրժողութեան ու մարդկային յարգանքի ձեւով։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր սահմանադրութեամբ եւ իր գործօն քաղաքականութեամբ, կը պաշտպանէ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։ Ազգային ժողովի մէջ ամենամեծ ազգային փոքրամասնութիւնները ունին իրենց ներկայացուցիչները։ Համայնքներու մէկ մասը Հայաստանի մէջ դպրոցներ ու լրատուամիջոցներ ունի, հանրային ձայնասփիւռով անոնց համար հաղորդումներ կան, ընդհանրապէս, երկրին մէջ կը վայելեն կրօնական ազատութիւն եւ մշակութային պաշտպանութիւն։ Բայց աւելի կարեւոր է ո՛չ թէ օրէնքը միայն, այլեւ այն մարդասիրական մթնոլորտը, որ կը թելադրէ՝ բոլորն ալ այս երկրի զաւակներն են։
ԵԶԻՏԻՆԵՐ. ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՊԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
Հայաստանի մէջ ապրող եզիտիները՝ շուրջ յիսուն հազար հոգիով, կը կազմեն երկրի ամենամեծ ազգային փոքրամասնութիւնը։ Աշխարհի ամենահին ժողովուրդներէն մէկն են անոնք․ իրենց նախահայրենիքը, ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Հնդկաստանն է, աւելի ճշգրիտ՝ Մումպայ (Պոմպէյ) քաղաքը։ Անոնք հազարաւոր մղոններ կտրելով վաղուց ի վեր մեծ թիւերով հաստատուած են Հայաստանի մէջ՝ հոս գտնելով լեռներու ազատ օդը։ Հեթանոս են եզիտիները ՝ արեւապաշտ ժողովուրդ մը, որոնց կրօնը շարֆատինն է, իրենց աստուածն ալ գերբնական ուժով օժտուած Խուտէն է՝ տիեզերքի արարիչը, որուն համար չկայ բարիի եւ չարի բաժանում։
Հայաստանի Ակնալիճ գիւղին մէջ վերջին տարիներուն բացուած է եզիտիական տաճար, որ կը նկատուի աշխարհի ամենամեծ եզիտիական տաճարը։ Անոր բացումը, օծումը նոյնպէս կը խորհրդանշէ պետական ճանաչումն ու յարգանքը այս համայնքին հանդէպ։
Եզիտիներուն կենցաղը լեցուն է խորիմաստ արարողութիւններով, զորս անոնք կը պահպանեն առանց խախտելու։ Եզիտիներ կը խուսափին վարազի միսէն, կը խուսափին կապոյտ գոյնէն, զոր կը համարեն սուրբ արգելք։ Անոնց համար չորեքշաբթին սուրբ օր է, պէտք է չաշխատին, չլոգնան, չսափրուին։ Իրենց Նոր տարին կը նշեն Արեւելեան օրացոյցի առաջին չորեքշաբթի օրը։
Բայց բոլոր այս սահմանափակումներուն մէջ կայ խոր յարգանք՝ բնութեան եւ մարդկային հոգիին հանդէպ։ Եզիտիները իրենց դարաւոր աւանդութիւններով իսկական գանձ են Հայաստանի մշակութային դիմապատկերին մէջ։ Ունին դպրոցներ, ուր սրբօրէն կը պահեն իրենց մայրենի լեզուն։
Լեռներու ազատութիւնը՝ Գեղամայ գագաթներէն մինչեւ Աժդահակի բարձունքները, դարձած է անոնց տունը։ Անոնք այդ ազատութեան մէջ սովորաբար ոչխար կը պահեն եւ այդ է իրենց ապրուստի հիմնական միջոցը։ Յատկանշական է, որ Արցախի պատերազմներուն եզիտիները մեծ մասնակցութիւն եւ նաեւ՝ զոհեր ունեցած են․ Երեւանի կեդրոնը տեղադրուած է Հայաստանի համար զոհուած եզիտիներու յուշարձան։ Այս ազգի ներկայացուցիչները նաեւ յաճախ Ողիմպիական մետայլներ կը բերեն Հայաստանին։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՌՈՒՍԵՐԸ
Ռուսերը Հայաստանի բնակչութեան կազմին մէջ երկրորդ ամենամեծ ազգային փոքրամասնութիւնն են։ Խորհրդային Միութեան տարիներէն շատ առաջ ալ հոս գոյութիւն ունեցած է ռուսական համայնք մը, որ զգալի ազդեցութիւն ունեցած է հայկական մշակոյթին, կրթութեան եւ կենցաղին վրայ։ Անոնք ունեցած են իրենց եկեղեցին, դպրոցներն ու մամուլը՝ ժամանակին տպագրելով ռուսերէն թերթեր եւ ամսագրեր։ Վերջին տասնամեակներուն ռուսական համայնքի անդամներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է, սակայն, ռուս-ուքրանական պատերազմէն ետք Հայաստան ռուսերու ներգաղթի նոր ալիք մը արձանագրուած է։ Այդ նոր եկածները սակայն հիմնականին մէջ ժամանակաւոր կեցութեան բնոյթ ունին եւ, ինչպէս կը թուի, պատրաստ են կրկին տեղափոխուելու՝ պայմաններուն փոփոխութեամբ։
ՄՈԼՈԿԱՆՆԵՐ. ՄԱՔՐԱԿԵՆՑԱՂ ՌՈՒՍԵՐԸ
Ռուսական ծագումով համայնք մըն են մոլոկանները, որոնք 18-րդ դարուն հաստատուած են Հայաստանի մէջ՝ փախչելով կրօնական հալածանքներէ։ Անոնք քրիստոնեաներ են, բայց չեն ընդունիր խաչը, սրբապատկերները եւ ճոխ եկեղեցական ծէսերը։ Իրենց հաւատքը կը կոչեն «մաքուր հոգեւոր կաթ»՝ Աստուծոյ խօսքին մաքրութենէն սնուող կեանք։
«Մոլոկան» անունը շատեր կը կապեն ռուսերէն «մոլոկօ»՝ «կաթ» բառին հետ, քանի որ անոնք պասի օրերուն ալ կաթ կը գործածէին։ Բայց մոլոկանները կը բացատրեն, թէ իրենց հաւատքը կաթի պէս պարզ ու մաքուր է՝ հոգեւոր կաթ մը, որ մարդուն կու տայ զօրութիւն։
Անոնք կը կազմեն գոց, ամուր համայնք մը՝ ծայր աստիճան կոկիկ, մաքրասէր, բծախնդիր կենցաղով։ Մոլոկան ընտանիքին մէջ գերիշխանութիւնը կը պատկանի մեծ մօրը կամ մեծ հարսին՝ իբր տունը պահպանող կնոջ։ Մօրուք պահելը մոլոկան տղամարդոց մօտ հոգեւոր հասունութեան նշան է․ մօրուքով մարդը կը նկատուի ներքին ու արտաքին ներդաշնակութեան հասած մէկը։ Ամուսնութիւնները կը կատարուին միայն իրենց համայնքին մէջ, որովհետեւ կը կարծեն՝ հոգին պէտք է միանայ նոյն հաւատքով հոգիին։ Թէեւ անոնք Հայաստանէ ներս կը բնակին նաեւ մայրաքաղաքի մէջ, բայց ունին իրենց գիւղերը, որոնք կը գտնուին երկրի հիւսիսը. Ինչպէս՝ Ֆիոլէտովօ կամ Լերմոնտովօ եւ հոն ամբողջութեամբ կը պահպանեն աւանդութիւնները։ Մոլոկանները հողագործներ են, արհեստաւորներ՝ մաքուր աշխատանքի ու համեստ, կազմակերպուած կեանքի սիրահարներ, բայց՝ զգուշաւոր ու փակ կեանքով ապրող, ինչ որ ինքնութիւն պահելու ձեւ մըն է։ Անոնց պարզ կենցաղը դարձած է հայկական գիւղական իրականութեան բաղկացուցիչ մասը՝ առանց որեւէ հակադրութեան կամ օտարութեան զգացումի։
ԱՍՈՐԻՆԵՐ. ՀԻՆ ԼԵԶՈՒԻ ՀՆՉԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ասորիները աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն են՝ Միջագետքի ժառանգորդները։ Այսօր անոնց փոքր մէկ համայնքը կ՚ապրի Հայաստանի մէջ՝ հիմնականը Արզնիի, Տիմիթրովի, Վերին Դուին գիւղերուն մէջ։ Ասորիները կը խօսին արամերէնի տեղական տարբերակով, այն լեզուով՝ որուն մէջ տակաւին կը լսուի Քրիստոսի ժամանակներու հնչիւնը։ Եւ Հայաստանի մէջ ալ իրենց կրօնական արարողութիւնները այդ լեզուով կը կատարուին։
Անոնք պահպանած են իրենց ազգային ուտեստը՝ մարթուխան կոչուածը․ հաւկիթէ, ալիւրէ, կաթէ եւ կարագէ շինուած շատ պարզ եւ անլի այս հալվան իրենց համար սուրբ կերակուր է, զոր կը պատրաստեն Սուրբ Մարեզի տօնի օրուան համար ու կը բաժնեն դրացիներուն։ Ըստ աւանդութեան, այն ունի օրհնութեամբ հարստացած զօրութիւն։ Ասորիներու հարսնիքները կը զարդարուին թէ՛ ասորական, թէ՛ հայկական երաժշտութեամբ եւ կը դառնան երկու ժողովուրդներու սիրտերը միացնող ճոխ տօնակատարութիւններ։
Ասորիները բաց են ամուսնութիւններու հարցին մէջ, չեն դներ ազգային սահմանափակումներ․ բայց այս ազատ ու պարզ վերաբերմունքը հասցուցած է ձուլումի․ անոնց թիւը քիչցած է ժամանակի ընթացքին։
ՀՐԵԱՆԵՐ. ԳԻՐՔԻ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
Հայաստանի մէջ հրեաներու ներկայութիւնը նոյնպէս դարաւոր է։ Վայոց Ձորի Եղեգիս գիւղին մէջ գտնուած է Իսրայէլէն դուրս ամենահին հրէական գերեզմանատուներէն մէկը։ Այսօր հրեաներու համայնքը Հայաստանի մէջ փոքր է, բայց՝ կենսունակ ու կազմակերպուած։ Անոնք ունին իրենց սրբատեղին, հրէական մշակութային կեդրոնը, կը նշեն տօները։
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Վերջին մարդահամարի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ կան նաեւ իբրեւ փոքրամասնութիւն նկատուող ուքրանացիներ, հնդիկներ, պարսիկներ, յոյներ, վրացիներ, քիւրտեր։
Հայաստանի մէջ միեւնոյն ժամանակ կայ վէճ մը՝ քիւրտ եւ եզիտի ժողովուրդներու նոյնութեան եւ տարբեր ըլլալու մասին։ Անոնք այժմ զատ համայնքներ են Հայաստանի մէջ, սակայն, խորհրդային տարիներուն փորձեր եղած են մէկ ժողովուրդի անուան տակ ներկայացնելու քիւրտերն ու եզիտիները։
Եզիտիական համայնքի ներկայացուցիչները տարիներէ ի վեր կը պնդեն, թէ Հայաստանի մէջ քիւրտեր, իբրեւ առանձին ժողովուրդ, գոյութիւն չունի, եւ որ «քրտական ներկայութեան» մասին խօսքը արհեստական ստեղծում մըն է՝ արտաքին ազդեցութեամբ կամ շահագրգիռ շրջանակներու նախաձեռնութեամբ։
Այս տեսակէտը ժամանակի ընթացքին յանգած է այն համոզումին, թէ քրտական ինքնութիւնը պատմականօրէն ծագած է եզիտիական արմատներէ, սակայն, մահմետականութիւնը ընդունելէ ետք քիւրտերը «իսլամացած եզիտիներ» դարձած են։ Նոյն տեսակէտը կը պնդէ նաեւ, որ եզիտիները, իրենց կարգին, մնացած են հին արեւապաշտական ու շարֆատինական հաւատքին, եւ այդ տարբերութիւնը դարձած է այն սահմանագիծը, որով կը զանազանեն իրենք զիրենք։
Եզիտի համայնքի ղեկավարներու պնդումները կը միտին պաշտպանելու այս առանձնայատկութիւնը՝ յաճախ նաեւ՝ իբրեւ ինքնապահպանման միջոց։ Անոնք կը տեսնեն վտանգ արտաքին ուժերու փորձերուն մէջ՝ ներկայացնելու Հայաստանի մէջ «քրտական համայնք», «քրտերէն» կամ «քրտական լեզուի դասագիրք», որոնք, ըստ իրենց՝ կրնան բանալ դռներ՝ քաղաքական շահարկումներու եւ տարածաշրջանային խաղերու։
Միւս կողմէ, յստակ է, որ Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք զիրենք կը համարեն քիւրտեր՝ ոչ-մահմետական դաւանանքով, ինչ որ կը բարդացնէ ամբողջ հարցը։ Այս խումբերուն համար ազգութիւնը եւ հաւատքը կրնան տարրեր ըլլալ․ կարելի է մնալ քիւրտ առանց մահմետական ըլլալու։ Իսկ եզիտիական ընկալումը ազգութիւնը կը շաղկապէ հաւատքին հետ՝ եզիտի ըլլալ կը նշանակէ նաեւ անպայման եզիտիական հաւատքի կրող ըլլալ։
Մասնագէտներ հաստատած են, որ Հայաստանի մէջ քիւրտերու եւ եզիտիներու տարբերութիւնը աւելի ազգային-կրօնական է, քան ցեղաբանական։ Երկուքն ալ կը բխին նոյն պատմական արմատներէ, կը խօսին մօտ լեզուներով եւ կը կիսեն համընկնող սովորութիւններ։ Սակայն եզիտիները իրենց ինքնութիւնը կը կառուցեն կրօնի, իսկ քիւրտերը՝ ազգային եւ լեզուական պատկանելիութեան շուրջ։
ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՄԱՅՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու բազմազանութիւնը ո՛չ միայն հարստութիւն է, այլ նաեւ տնտեսական ու զբօսաշրջային ներուժ։ Վերջին տարիներուն զարգացած է զբօսաշրջութեան տեսակ մը, երբ զբօսաշրջիկներ կը մեկնին Հայաստանի հեռաւոր շրջանները՝ ծանօթանալու փոքրամասնութիւններու աւանդոյթներուն, կը մտնեն եզիտիական սրբավայր, կ՚այցելեն մոլոկաններու գիւղերը, մասնակից կ՚ըլլան ասորական կամ այլ ազգերու տօներու, կը ճաշակեն անոնց ճաշերը, անուշեղէնը։
Աշխարհը վաղուց հասկցած է, որ ազգային բազմազանութիւնը սպառնալիք չէ, այլ ուժ՝ հասկնալու ուրիշին ու բարելաւելու ինքզինքդ։
Այս առումով Հայաստանը ո՛չ միայն հին քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ մըն է, այլ ձեւով մը նաեւ հաւասարութեան ու համակեցութեան վայր։ Այստեղ փոքրամասնութիւնները խորթ չեն զգար, որովհետեւ այս երկիրը ճաշակած է սեփական տարագրութեան դառնութիւնը եւ գիտէ՝ ինչ ըսել է փոքր համայնքը մեծ աշխարհին մէջ։ Այսօր Հայաստանի մէջ այդ գիտակցութիւնը կը գոյատեւէ իբր քաղաքակրթական արժէք։
ԿՈՄԻՏԱՍ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Եւրոպական ժառանգութեան օրեր 2025»ի եւ Հայաստանի մէջ Ազգային փոքրամասնութիւններու օրուայ ծիրէն ներս, Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ բացուած է բացառիկ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու մշակոյթին եւ առօրեայ կեանքին։ Ցուցադրութեան նպատակն է պատկերել այն բազմերանգ խճանկարը, որ կը կազմէ Հայաստանի փոքրամասնական դիմագիծը՝ եզիտիներէն մինչեւ յոյներ, ռուսերէն մինչեւ ասորիներ եւ պարսիկներ։ Միեւնոյն ժամանակ փոքրամասնութիւններու օրը թանգարանին մէջ նշանաւորուած է համերգով մը, որուն մասնակից էին փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, ցուցադրուած է տեսաժապաւէն։
Ցուցահանդէսի վայրը պատահական չէր ընտրուած։ Ինչպէս յայտնի է՝ Կոմիտաս ո՛չ միայն հայկական, այլեւ քրտական, թրքական եւ այլ ազգային մեղեդիներ հաւաքած ու մշակած է, իր հսկայ երաժշտական ժառանգութեան մէջ ընդգրկելով նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներու հնչուն աշխարհը։
Իբրեւ երաժշտագէտ եւ ազգագրական նիւթերու հետազօտող, Կոմիտաս իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ բազմիցս անդրադարձած է զանազան ժողովուրդներու երաժշտութեան՝ փորձելով գտնել այն համամարդկային յարաբերութիւնը, որ կը միացնէ զանազան հաւաքականութիւններու երգերն ու մեղեդիները։ Ան կը տեսնէր, թէ ինչպէ՛ս նոյն հնչիւնային կառուցուածքները կը կրկնուին լեզուներու մէջ՝ իբրեւ հոգեւոր միեւնոյն արմատներու արտայայտութիւն։ Կոմիտասի ներկայութիւնը՝ իբրեւ անտեսանելի խորհրդանիշ, կը յիշեցնէ, թէ իսկական ժառանգութիւնը այն է, որ կը միացնէ մարդը մարդուն՝ երգով, հնչիւնով եւ հոգիով։
Այս խորհրդանշական շարունակութեան մէջ ցուցահանդէսը եղաւ նաեւ յարգանքի տուրք մը Կոմիտասին, որ կը տեսնէր մշակոյթը որպէս կամուրջ ժողովուրդներու միջեւ։ Ներկայացուած էին ազգային տարազներ, լուսանկարներ՝ իբրեւ վկայութիւն, որ Հայաստանի մէջ բազմազանութիւնը պահպանուած եւ վերածուած է մշակութային շերտի մը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան