ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՐՍԷՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԻ
Սամաթիոյ Սահակեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հոգելոյս Արսէն Արզումանի յիշատակին ձօնուած մինի ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին շրջանին համայնքէն ներս արժանացաւ մարզասէրներու ուշադրութեան։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ եւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ խրախուսանքով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ համախմբեց շուրջ յիսուն մարզիկ։ Քսանչորս խումբի մրցապայքարի թատերաբեմը հանդիսացաւ այս մրցաշարքը, որու աւարտին Արսէն Արզումանի որդին՝ Յարութիւն Արզուման ունեցաւ ելոյթ մը։ Մրցանակաբաշխման արարաղութեան ընթացքին ախոյեան խումբի բաժակը յանձնեց լուսահոգի Արսէն Արզումանի որդին։ Մրցաշարքի կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Զատիկ Սարեան, Կարօ Ինկիլլի, Հայրապետ Ուլուք, Եղիա Չեւիք, Արամ Էվաթօղլու, Նուրի Ուլուք եւ Արման Էսաեան։