ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Խնամակալները Գումգաբու փութացած էին՝ Կեդրոնական վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին Կեդրոնական վարժարանի դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները, նաեւ խօսեցան վարչական առկայ թնճուկներու շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խնամակալութեան ջանքերը գնահատեց՝ իրեն փոխանցուած թարմ տեղեկութիւններու լոյսին տակ։ Ան շեշտեց, որ լաւատեսութենէ պէտք չէ հրաժարիլ ու պէտք է միշտ ունենալ այն ներքին համոզումը, թէ նեղութիւններու յաղթահարման նախապայմանն է միասնականութեան ոգին, որու վրայ պէտք է աւելնայ վարչայիններու աննկուն կամքը։
Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խնամակալներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու կարողութեան մաղթանքը։