ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Երբ Աստուած վերջացուց ստեղծագործութիւնը, «շատ բարի է» ըսելով հռչակեց Իր ձեռքի գործին որակը։ Սակայն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը լեցուն կը տեսնենք ո՛չ թէ միայն «չար»ով, այլ անարդարութեամբ եւ չարչարանքով։ Անշուշտ, ստեղծագործութեան մէջ եղող վայերը եւ աւերակութիւնները գերիշխող չեն, սակայն՝ ահաւո՛ր։

«Չար»ին անունը «Լեգէոն» է, նոյնիսկ մեր այսօրուան գիտարուեստական դարուն մէջ։ Բազմաթիւ ձեւերով եւ կազմերով կը բացատրուի եւ կը ներկայացուի ան՝ անոնցմէ մին է ահաւասիկ, «Աստուածային լաւատեսութիւն»ը։

Այս խումբին կը պատկանին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, Յովհաննէս Սկոփուս Երիգենա եւ Յովհաննէս Քալվին։ Քալվինի ամբողջական Աստուածաբանական դրութիւնը կը յանգի Աստուծոյ գերիշխանութեան շեշտին վրայ։ Քալվին կը հասկնայ, թէ Աստուած Իր ուզածին պիտի հասնի առանց հաշուի առնելու մարդուն ըրածը։ Աստուծոյ կամքը գերագոյն է եւ մենք ազատ չենք զանիկա ի դերեւ հանելու։ Այդ կամքով նոյնիսկ նախասահմանուած է ոմանք յաւիտենական կեանքի եւ ոմանք ալ յաւիտենական մահի։

Եւ ի՛նչ ալ ընենք, չենք կրնար այս նախասահմանեալ «ճակատագիր»ը փոխել։ Քալվին կ՚ըսէ. «Եթէ ըսենք, որ ոմանք բախտով ձեռք կը ձգեն եւ կամ իրենց ջանքերով, այն ինչ որ միայն ընտրողութիւնը մի քանիներուն կը շնորհէ, անհեթեթութենէ աւելի գէշ պիտի ըլլայ։ Աստուած կը մեղապարտէ Իր ուզածը, ուրիշ ո՛չ մէկ պատճառով՝ բացի Իր որոշումէն, զանոնք Իր ժառանգէն դուրս դնելու, ա՛յն ժառանգը, զորս Իր զաւակներուն նախասահմանուած է»։

Ան նաեւ կը գրէ. «Կարծրացումը Աստուածային զօրութենէն եւ կամքէն կը բխի, ինչպէս ողորմութիւնը։ Աստուած գիտէ, թէ ի՛նչ մտադրած է մեզի ընելու, եթէ մեր փրկութիւնը վճարուած է, Իր ժամանակին պիտի իրագործէ, եթէ մեզ մահուան նախասահմանած է, պարապ տեղ պայքարած պիտի ըլլանք Անոր դէմ»։ Սակայն Քալվին ի՞նչ պատասխան ունի յաւիտենական կեանքի սահմանուածներուն չարչարանքին նկատմամբ։ Ան կ՚ըսէ, որ ամէն բնական չար կարգապահութեան. «disciplin» միտումով է, ուրեմն բարի՛ է։ Ան կ՚ըսէ չարչարանքը կու գայ մեզի, որպէսզի արդարը աւելի քիչ մեղանչէ, «Սակայն հաւատացեալները, Աստուածային ուղղումներով յորդորուած, անմիջապէս կը համոզուէին իրենց մեղքերուն նկատմամբ, եւ վախով եւ ահով զարնուած, կ՚ապականին պատիժի աղերսող ենթագնահատութեան։ Եթէ Աստուած չամոքէր այս ցաւերը՝ որոնցմով ամբարիշտ հոգիները զիրենք կը չարչարեն, շարունակաբար պիտի մարէին, նոյնիսկ Աստուծոյ ամենէն թեթեւ բարկութեան ժամանակ»։

Ուրեմն, ըստ Քալվինի, չարը «ընտրեալ»ներուն կ՚այցելէ, որպէսզի անոնք Աստուծոյ վստահին, ապաւինին եւ համբերութիւն սորվին։

Ինչպէս կ՚երեւի, Քալվին ճշմարիտ «լաւատես» մըն է։ Յոռետեսութեան նշոյլ մը իսկ չի տեսնուիր, ո՛չ ալ բարւոքականութեան «meliorisme»ի ախտանշան մը։ «Չար»ը իրական չէ Քալվինի համար, վարդապետութիւն մը՝ զոր թէ՛ յոռետեսները եւ թէ բարւոքականութեան հետեւողները կը մերժեն։ Քալվին չարին իսկական ըլլալը կը մերժէ, այսինքն՝ բան մը կամ առարկայ մը չէ՛, որ պէտք է վերցուի, տեղափոխուի, ինչպէս բարւոքականութեան հետեւողներ կը փորձեն ընել։

Քալվին կ՚ընէ ի՛նչ որ բոլոր լաւատեսները կ՚ընեն. բնական չարին դէմ յանդիման քաշուելով կու գայ եւ կը վիճի չարչարանքը ընդունելու հետեւեալ ձեւին համար, թէ՝ «Սուրբերը կրեցին այս ուղղումները իրենց հոգիին մէջ քաշուելով», ինչպէս կ՚ըսէ Քալվին։

Իսկ «բարւոքականութիւն»ը ա՛յն համոզումն է, թէ՝ կերպով մը թէ՛ բարին եւ թէ չարը իրական են, սակայն բարին տիրո՛ղն է, ա՛յն իմաստով, որ տիեզերքի մէջ եղածները եւ պատահածները մի՛շտ բարելաւումի ենթակայ են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 3, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2025