ԹԵՀՐԱՆ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ տարածաշրջանէ ներս սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն անընդունելի է։ Իր խօսքով՝ անվտանգութիւնը ամենալաւ կերպով կ՚ապահովուի տարածաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ՝ ներառեալ «3+3» ձեւաչափով հարթակը։

«Մենք չենք ընդունիր տարածաշրջանային սահմաններու կամ աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն ու կը կարծենք, թէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը ապահովելու լաւագոյն միջոցը տարածաշրջանային համագործակցութիւնն է։ Մենք անմիջական կապի մէջ ենք Զանգեզուրի հարցի վերաբերեալ եւ մեզ վստահեցուցած են, որ Իրանի համար որեւէ սպառնալիք պիտի չըլլայ։ Ի հարկէ, մենք կը հետեւինք իրավիճակին», ըսաւ Ապպաս Արաղչի։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը դիտել տուաւ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ով Իրանի համար ուղղակի սպառնալիք մը չկայ։ Թեհրան այս հարցին մէջ անմիջական կապի մէջ է բոլոր դերակատարներուն հետ։ Արաղչիի խօսքով՝ բանակցութիւնները կը մնան իր երկրի ազգային շահերուն հասնելու եւ անվտանգութիւնը ապահովելու հիմնական միջոցը։ Իրան պէտք է պատրաստ ըլլայ որեւէ մարտահրաւէրի՝ ներառեալ ռազմական։ Ան աւելցուց, որ Իրան կախեալ չէ արեւմուտքէն կամ արեւելքէն եւ յոյսը կը դնէ սեփական ժողովուրդին վրայ՝ շարունակելով իր ռազմավարական գործընկերութիւնները Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025