ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔԸ
Ամէն ծնողք իր զաւակին լաւութիւնը մտածելով կը հաւատայ, որ ինք մի՛շտ ճիշդ է։ Այո, յարգանքը, որոշ տեղ մը հնազանդութիւնը որպէս անհրաժեշտութիւն կրթութեան ճամբով կը մատուցուի մեր բոլորին, սակայն պէտք է հասկնանք, որ ծնողները անսխալական արարածներ չեն եւ հետեւաբար ամէն ինչ, որ կ՚ըսեն ու կը մտածեն, պայման չէ ճշմարտութիւն ըլլայ: Այո՛, անոնց կեանքին մէջ փորձառութիւնը մեծ դեր ու տեղ ունի եւ շատ մը իրողութիւններ, որոնք երիտասարդներուն համար տակաւին անծանօթ են՝ իրենց համար կրնան ծանօթ ըլլալ:
Ու հետեւեալ կարեւոր հարցը կը ծագի. եթէ ընդունինք, որ ծնողքը ի՛նք եւս մարդ ըլլալով սխալական է, ապա պէտք է մտածենք, որ յարգանքը կը պահանջէ կատարել ծնողքի խօսքն ու թելադրութիւնները. այս պարագային հակասութեան մը դիմաց չե՞նք գտնուիր:
Ծնողքի մը ճշդութիւնը բառացիօրէն պէտք չէ հասկնալ, որովհետեւ անոնք միշտ ճիշդ չեն կրնար ըլլալ. այդ ճշդութիւնը պարզապէս պէտք է ընդունիլ որպէս իրենց սիրոյ արտայայտութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ծնողքը իր անգիտակից սխալին մէջ եւս իր զաւակներուն լաւութիւնը կ՚ուզէ եւ այն սխալները, զորս կը գործէ, վնաս պատճառելու համար չէ: Այդ իսկ պատճառով ծնողքը ինք եւս գիտակցելով, որ ինք անսխալական չէ, պէտք է առիթ տայ, որպէսզի զաւակը հանգիստ արտայայտուի, իր մտածումներն ու կարծիքները յայտնէ։ Ցաւ ի սիրտ, մեր շուրջ կը տեսնենք բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք իրենց զաւակին կարծիքը նկատի չեն առներ եւ կ՚ուզեն իրենց գիտցածն ու ըսածը պարտադրել:
Ինչպէս ըսինք, յարգանքը կոյր հնազանդութիւնը չէ. յարգանքը լսելու մէջ է, գնահատելու եւ երեւոյթները առողջ ձեւով քննելու մէջ է՝ հեռու կռիւէ ու հակառակութենէ:
Զաւակի մը համար ծնողքին սխալ կամ ճիշդ ըլլալը զանազանելն ալ խնդիր մըն է, որովհետեւ ծնողքը զաւակին առաջին ուսուցիչն է եւ շատ անգամ այդ սխալներէն շատեր դաստիարակութեան ճամբով իրենց փոխանցուած է որպէս ճիշդ եւ, հետեւաբար, շատ մը ճիշդեր մեզի համար կու գան մեր ծնողներէն. մեզի համար անոնք ճիշդ են՝ որովհետեւ մեր դաստիարակութեան մաս կը կազմեն եւ որովհետեւ տարբեր են ծնողները՝ տարբեր են նաեւ իւրաքանչիւրիս ճիշդերն ու սխալները: Ի դէպ, կան սխալներ, որոնք ժառանգական են. ծնողքը սխալ մը կը ժառանգէ իր ծնողքէն եւ նոյնը դաստիարակութեան ճամբով կը փորձէ իր զաւակին փոխանցել՝ որովհետեւ ան ունի այն համոզումը, որ այդ մէկը ճիշդ է՝ որովհետեւ իր ծնողքը այդ ձեւ վարուած է. օրինակի համար, կը տեսնենք շատ մը ամուսիններ, որոնք իրենց կողակիցներուն հանդէպ խստութեամբ կը վարուին. եթէ լաւապէս փորձենք պատճառները գտնել՝ պիտի տեսնենք, որ գուցէ նոյն վերաբերմունքը հայրը կ’՚ունենար իր մօրը հանդէպ եւ ինք այդ մէկը սխալ չի տեսներ, որովհետեւ այդ մթնոլորտին մէջ մեծցած է: Այս երեւոյթը հասկնալի դարձնելու համար սապէս բացատրենք. Ամազոնի անտառներուն մէջ ապրողներուն համար միջատ ուտելը բնական բան մըն է եւ սխալ չէ՝ որովհետեւ աւանդութիւն է, որովհետեւ մթնոլորտը այդ կը պահանջէ. նոր ծնած մանուկը կը տեսնէ, թէ ինչպէս հայրն ու մայրը միջատ կ՚ուտեն եւ հետեւաբար ինքն ալ կ՚ուտէ. մենք չենք ուտեր՝ որովհետեւ կը մտածենք, որ միջատը չ՚ուտուիր. սակայն մեր չուտելու պատճառը ո՛չ թէ միջատին չուտուիլն է, այլ դաստիարակութիւնն ու միջավայրն է։ Մենք կը հաւատանք, որ միջատը կարելի չէ ուտել՝ որովհետեւ մեր ծնողները չեն ուտեր, որովհետեւ անոնց ծնողները չեն կերած: Հետեւաբար, մեր շատ մը արարքներն ու համոզումները ո՛չ թէ տրամաբանութեան, այլ սովորութեան եւ միջավայրի արդիւնք են:
Ի դէպ, մեր մօտ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը եւս սխալ ըմբռնում ունի. դաստիարակութիւն չի՛ նշանակեր կրկնել այն բոլորը, որ ծնողքը կը սորվեցնէ եւ շատ անգամ կը պարտադրէ. դաստիարակութիւնը երկխօսութիւն է ծնողքին եւ զաւակին միջեւ եւ զաւակը բան մը անգիր, պարտադրուած եթէ ընէ, ապա ժամանակ մը ետք կրնայ դիւրաւ շեղիլ ճամբէն. զաւակը ի՛նչ արարք որ կ՚ընէ, պէտք է ընէ համոզումով. ծնողքը պարտադրելու փոխարէն պէտք է համոզէ: Յարգանքն ու դաստիարակութիւնը կոյրի պէս բոլոր ըսուածներուն հաւատալ եւ բոլորը ընդունիլ չէ:
Ի դէպ, ըսենք, որ շատեր կեանքի մէջ զոհ կ՚երթան այս դժբախտութեան. իրենց ստացած դաստիարակութեան միջոցով կը համոզուին, որ ծնողքը ինչ որ ըսէ՝ ճիշդ է եւ կուրաբար անոնց հետեւելով կրնան իրենց կեանքին մէջ մեծ յուսախաբութիւններ ապրիլ. օրինակի համար, ծնողք մը կը պարտադրէ, որ իր աղջիկը ամուսնանայ այս կամ այն տղուն հետ՝ համոզելով, որ իրենք որպէս հայր ու մայր այդ բոլորը կ՚ընեն իր լաւութեան համար. ժամանակ մը ետք փեսացուն վատ դուրս կու գայ, կ՚ամուսնալուծուին, հազար ու մէկ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուին եւ այս բոլորը նկատենք թէ ոչ, մեր շուրջ կը կատարուի: Մեղաւորը ո՞վ է. դաստիարակողը: Ծնողքը պարտադրելու իրաւունք չունի. ծնողքը իր զաւակը թող կրթէ լաւապէս վերլուծելու, հասկնալու, որովհետեւ յաջող զաւակը ծնողքին խօսքը կուրաբար ընդունողը չէ, այլ իր առած դաստիարակութեան հիման վրայ ճիշդն ու սխալը տարբերողն է:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ծնողքը իր կարծիքը պէ՞տք է պարտադրէ զաւակին վրայ:
Պատասխան. Ծնողքը իր փորձով եւ սիրով բնական է, որ ուղղութիւն տայ իր զաւակին, սակայն, պարտադրանքը երբեք առողջ զարգացում չի բերեր: Զաւակը ունի իր անհատականութիւնն ու ընտրելու իրաւունքը եւ ծնողքին դերը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ ստիպել, այլ առաջնորդել, բացատրել եւ օգնել հասկնալ հետեւանքները: Երբ ծնողքը իր կարծիքը կը պարտադրէ, երեխան կը զրկէ մտածելու, որոշումներ կայացնելու եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու հնարաւորութենէն: Երբ ծնողքը յարգանքով վերաբերի իր զաւակի որոշումներուն, վստահութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտ կը ստեղծուի, ուր զաւակը կը դառնայ ինքնավստահ ու հասուն մարդ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան