TRIPP-Ի ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ԳՈՐԾԵԼ
Սպիտակ տան մէջ, անցեալ օգոստոսի 8-ին, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած գագաթաժողովէն հարիւր օր անց, Հայաստանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արձանագրեցին պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը։ Երէկ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերու գծով տեղակալ Էլիսըն Հուքըր այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով բանակցութիւններու մէջ յատուկ ներկայացուցիչն է։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էլիսըն Հուքըր քննարկեցին TRIPP-ի շուրջ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման, աշխատանքային խումբերու գործունէութեան եւ յառաջիկայի ծրագիրներու վերաբերեալ հարցեր։ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Էլիսըն Հուքըրի զրոյցին ընթացքին ալ առանձնապէս շօշափուեցան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերջին իրադարձութիւնները։
Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Էլիսըն Հուքըրի այցելութեան նպատակն է՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան տեսլականին յառաջ մղումը։
Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի այցելութեան զուգահեռ՝ երէկուան դրութեամբ պաշտօնական աղբիւրները արձանագրեցին, որ հայ-ամերիկեան աշխատանքային խումբերը արդէն ձեռնարկած են գործունէութեան։ Ուաշինկթընի համաձայնութիւններու իրագործման ու մանաւանդ՝ TRIPP-ի զարգացման նպատակով սկսած է աշխատանքը։ Ամերիկեան կողմէն աշխատանքային խումբը կը գլխաւորէ պետական քարտուղարի տեղակալի օգնական Սոնաթա Քալթեր, որ կը վերահսկէ Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Եւրոպայի քաղաքականութիւնը։ Աւելի առաջ Քալթեր զբաղեցուցած էր Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան քաղաքական հարցերով խորհրդականի տեղակալի պաշտօնը։ Ուաշինկթընի դիւանագիտական աղբիւրները աւելի առաջ տեղեկացուցած էին, որ մինչեւ տարեվերջ առաջին աշխատանքային խումբերը պիտի ստեղծուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով՝ առայժմ յայտնի չէ, թէ արդեօք ստեղծուա՞ծ է նաեւ ԱՄՆ-Ատրպէյճան աշխատանքային խումբ մը կամ ոչ։
Էլիսըն Հուքըր Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակական համագործակցութիւնը, զուգորդուած Հայաստան-Ատրպէյճան լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագրի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի հետ, կը խոստանայ բանալ Հարաւային Կովկասը՝ որպէս կենսականօրէն կարեւոր առեւտրային ուղի։ Իր համոզմամբ՝ սա կը ստեղծէ նշանակալի օգուտներ թէ՛ ամերիկացի եւ թէ հայ ժողովուրդներուն համար։
Փաշինեանն ու Հուքըրը մանրամասնօրէն քննարկեցին Ուաշինկթընի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման բոլոր ծալքերը։ Վարչապետը ընդգծեց, որ վերջին ժամանակահատուածին կողմերու միջեւ համագործակցութիւնը բարձրացած է նոր մակարդակի մը։ ԱՄՆ-ի հետ գործընկերութիւնը կ՚ընկալուի նորովի հայ հանրութեան մօտ։
Իր կարգին, Հուքըրն ալ մատնանշեց, որ Երեւանի շփումներուն ընթացքին կ՚անդրադառնայ առեւտուրի, ներդրումներու, ենթակառուցուածքներու, տարածաշրջանային կապի եւ անվտանգութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը խորացնելու վերաբերեալ հարցերու։