Երեքշաբթի 18, Նոյեմբեր 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿՈՏԱՅՔԻ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կոտայքի թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Եպսկ. Քարամեանի։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հոգեւոր հայրերուն փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը՝ յորդորելով ներկայ բարդ ժամանակներուն ամուր մնալ ոգիով, հաստատուն՝ հաւատի եւ առ Եկեղեցին նուիրումի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը հոգեւոր սպասաւորներուն պատգամեց յանձնառու ոգիով եւ բարձր գիտակցութեամբ շարունակել հոգեփրկչական ծառայութիւնը իրենց խնամքին յանձնուած համայնքներէն ներս՝ ի պայծառութիւն Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդի։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025