ՊԷՏՔ Է ՄԵԾ ԱՊՐԻԼ…
1975 թուականի ամառն էր… Հայ Երուսաղէմը բացառիկ օրեր պիտի դիմաւորէր։ Արդէն ամիսներէ ի վեր համայնքը կը պատրաստուէր ընդունելու Անենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը եւ ազգիս մեծ բարերարները՝ որոնցմէ գլխաւորը տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Մարի Մանուկեաններն էին, որոնց բարերարութեամբ կառուցուեցաւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի ու ընծայարանի նոր շէնքը Հայոց վանքին ճիշդ դիմացը։
Համայնքը իր դպրոցներով, միութիւններով կը մասնակցէր կազմակերպուած հանդիսութիւններուն… Խանդավառութիւնը շատ մեծ էր։
Սակայն երկու իրադարձութիւն իրենց յատուկ տեղը գրաւեցին վաղ պատանի յիշողութեանս մէջ։ Երուսաղէմէն Յորդանան մեկնելու 50 վայրկեաննոց ճամբան կրնար ամբողջ ցերեկ մը տեւել տաքի, կեղտի եւ խստութիւններու տակ։ Յատուկ վիզայի, հրամանի պէտք էր դիմել կարենալ Յորդանանէն Երուսաղէմ գալու համար, անշուշտ, կարելի էր նաեւ մերժուիլ։ Արեւին տակ ժամերով պիտի սպասէիր, որպէսզի կարգդ հասնի, անունդ տրուի եւ անցնիս այդ փոքրիկ դժոխքէն։ Շատ բան արգիլուած էր անցընել, միայն թափանցիկ իրեր։ Ձեռքիդ ամուսնական մատանին անգամ պէտք էր արձանագրուէր, թէ ոչ կը գրաւուէր կամ մեծ տուգանք կը պահանջուէր։ Չգրեմ կորսուած ապրանքներուն մասին, յաճախ աջ կամ ձախ ոտքիդ կօշիկը հասած է միայն։ Կոպիտ վերաբերմունք եւ երկու սահմաններուն վրայ ճանճի գորգեր, որոնք ամառը թմրած, լխկած գետինները փրուած կ՚ըլլային, քիչ մը աշխոյժները եթէ կարենային թռիլ, կրնային հանգչիլ բաց թեւերուդ կամ ոտքերուդ վրայ եւ քրտինքիդ պատճառով կը փակչէին մարմինիդ։
Այսպիսին էր Երուսաղէմէն Յորդանան կամ հակառակ ուղղութեամբ ճամբորդութիւնը եւ հաւնիս կամ ոչ, այդ էր միակ ճամբան։
Սակայն, Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի մեծ դիւանագիտութեամբ՝ Կաթողիկոսին այցելութեան օրը բացուեցան սահմանները ո՛չ միայն դիմաւորելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր անձնակազմով, այլեւ մեծ թիւով յորդանանցիներ դիւրութեամբ առանց ստուգման անցան սահմանը։
Ես ծնողքիս հետ սահման գացած էի ծաղկեփունջ նուիրելու եւ այդ բոլորը այնքան գեղեցիկ էր՝ ոչ միայն Վեհափառը ընդունելու արարողութիւնը, այլեւ 1967-ի պատերազմէն եւ սահմանը փակուելէն ետք ազգականներու, բարեկամներու բաց սահմանէն դիւրութեամբ անցնելով ողջագուրուիլը։
Այս առաջին մեծ տպաւորութիւնս էր այդ բացառիկ մմառէն, իսկ երկրորդը…
Միայն քանի մը օր մնացած էր Վեհափառին ժամանումին…
Եղիշէ Պատրիարք մեր տունն էր եւ կը խօսէր իր ծրագիրներուն, հրաւիրեալներուն, ընելիքներուն մասին։ Վերջապէս որքան կազմակերպուած, որքան ինքնավստահ, բայց նաեւ այդ բոլորին պատասխանատուութեան ծանրութիւնը իր դերը կը խաղար։
Բաւական յառաջացած էր ժամը, երբ հարց տրուեցաւ. եթէ Պոլսոյ Պատրիարք Շնորհք Գալուստեանը հրաւիրուա՞ծ է։
1956-ի Տիրան-Եղիշէ մեծ պայքարէն ետք, որ պսակուեցաւ Եղիշէ Պատրիարքին յաղթանակով, բնականաբար խորունկ անջրպետ մը ստեղծուած էր երկու խումբերուն միջեւ, Շնորհք Պատրիարք տիրանական էր եւ աքսորուողներու խումբին կը պատկանէր։
-Այո, հրաւիրած եմ…
Լռութիւն… Կարեւոր քայլը առնուած էր, ներկաներուն մէջ էր նաեւ երիտասարդ աբեղայ Տ. Վիգէն Այգազեանը երբ հայրս լռութիւնը խզեց.
-Սրբազան, այդպէս չ՚ըլլար, պարզ հրաւէրով մը պատրիարք չի գար, դուք մեծ սիրտով մարդ էք… Լաւ կ՚ըլլայ Հայր Վիգէնը անձնապէս երթայ եւ ձեր կողմէն հրաւիրէ։
Պատրիարքին ժպիտը մեղմ էր, բայց հրահանգը վճռական.
-Թող երթայ…
Այդ օրերուն Պոլիս հեռաձայնելը շատ դժուար էր, ձեւով մը կապուեցան Տ. Բարթող Խրքաճեանին հետ, պէտք էր անմիջապէս քայլ առնել։ Կը յիշեմ մեր տան մթնոլորտը՝ զսպուած ուրախութիւն մը կար օդին մէջ, ինչ որ յուզում կը յառաջացնէր։ Դժբախտաբար, շատ մանրամասնութիւններ չեմ յիշեր, թերեւս տարիքով պէտք եղած հասունութիւնը չունենալուս համար, սակայն, երբ դարձեալ լծուած էի շատ սիրած գործիս՝ խառնշտկելու հօրս դարակները, որոնք լեցուն են հետաքրքրական նամակներով եւ նկարներով, այս պատմական նկարը գտայ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ պատրիարքները։ Հայրս, մայրս չկան… Դիմեցի Վիգէն Արք. Այգազեանին.
-Երբ պատրիարքը «Թող երթայ», ըսաւ ձեր հիւրասենեակին պատերն անգամ ժպտալ սկսան։ Չնայած քու ծնողքդ պայքարի ժամանակ եղիշէական եղած են, բայց ողջամիտ մարդիկ էին, քէն, վրէժ, չարութիւն շատ հեռու էին իրենցմէ, հայրդ սկզբունքային, զօրաւոր կամքի տէր մարդ էր, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կը սիրէր, նոյնպէս մայրդ, բայց ան աւելի մեղմ կը մօտենար հարցերու լուծումին, Եղիշէ Պատրիարքը «Շաքար ցանող» մակդիրը տուած էր իրեն։ Մեկնելու ժամանակ հայրդ կամաց մը ըսաւ. «Հրահանգը տրուած է տղա՛ս, առանց մէկուն բառ մ՚իսկ ըսելու, խառնակիչներ չմիջամտած եւ պատրիարքին միտքը չպղտորած՝ առտուն տոմսակդ կ՚առնես եւ սուս ու փուս ճամբայ կ՚ելլես»։
Այդպէս ալ եղաւ, բարեբախտաբար, նոյն օրը թռիչք կար։ Երբ գիշերը Պոլիս ընտանիքիս տունը հասայ՝ ծնողքս տակնուվրայ եղան, թէ ինչ պատահած էր, այս ինչ անակնկալ էր։ Երկու օրով եկած եմ, ըսի, շատ բարի գործով մը։ Շնորհք Պատրիարքը Գնալը կղզին էր։ Առտու կանուխ ոչ-հոգեւորականի զգեստով՝ ճերմակ շապիկ-տաբատով ուղրուեցայ կղզի։ Այդպէս պէտք էր։ Պատրիարքին զարմանքը ապա ժպիտը կը յիշեմ, երբ տեսաւ զիս. «Ո՞վ է այս զբօսաշրջիկը», ըսաւ։
-Պատրիարք Հայր, Եղիշէ Պատրիարքին կողմէ ձեզի հրաւիրելու եկած եմ։
Աչքերը լեցուեցան, բաւական լուռ մնաց, զգացի, որ յիշողութիւնը տարած էր զինք տարիներ առաջ, շատ կը սիրէր Երուսաղէմը եւ այս անկնկալը բնականաբար պիտի ցնցէր զինք։
-Պիտի գաք այնպէս չէ՞, սրբազան…
-Անշո՛ւշտ, պիտի գամ։
-Ուրեմն անմիջապէս տոմսակը պէտք է առնուի եւ լուր տրուի, թէ ե՛րբ պիտի հասնիք, որպէսզի պէտք եղած կարգադրութիւնները ընեն։
Ես մեկնեցայ Յորդանան, Կաթողիկոսը դիմաւորելու։
Երկու պատրիարքներուն հանդիպումը շատ յուզիչ էր։ Կարծես ոչինչ պատահած էր եւ հետաքրքրականը այն էր, որ երկուքն ալ կը սպասէին այս հանդիպման։ Երկուքն ալ յուզուեցան։ Բարութիւնը յաղթեց ո՛չ միայն սառոյցը հալեցնելով, այլեւ փշրելով քարացած ատելութիւնը իրարու հանդէպ։ Վերջ ի վերջոյ երկու մեծ հոգեւորականներու հանդիպում էր, Մայր Աթոռէն ետք սփիւռքի երկու պատրիարքութիւններուն գահակալներն էին։
Շնորհք Պատրիարքը մօտաւորապէս երեք շաբաթ մնաց, այցելեց բոլոր սրբատեղիները, յուզումնալից ապրումներ ունեցաւ եւ շատ յարգալից հիւրասիրութիւն։
Բարեբախտաբար լեցուն օրեր էին, այդպէս էր Տիրոջ կամքը, շատ ժամանակ չունեցան հին օրերը յիշելու եւ այդ մասին զրուցելու, բայց վստահ եմ, որ յետոյ երկուքն ալ երկա՜ր մտածեցին, վերյիշեցին, վերապրեցան… Կեանքը լեցուն է այսպիսի պայքարներով եւ, դժբախտաբար, կը պատահի նաեւ հոգեւորականներու միջեւ։
1990-ին ամսուան մը տարբերութեամբ երկուքն ալ վախճանեցան։ Աստուած հոգինին լուսաւորէ։ Հօրմէս ո՛չ միայն պատմութիւն եւ գրականութիւն սորված եմ, այլ ինչպէս ինք կ՚ըսէր. «Պէտք է մեծ ապրիլ, լայն սրտով», իսկ մայրս կ՚ըսէր. «Ներելը սրտին ամենամեծ սպեղանին է»։
… Եւ դեռ ինչե՜ր, ի՜նչ պատմական պահեր նկարներու մէջ յաւերժացած եւ թուղթին յանձնուած իրադարձութիւններ, նամակներ, խոստովանութիւններ կան պահուած ծնողքիս անձնական դարակներուն մէջ…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2025