ԲԱՐԴ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ

Լիբանանի ներքին պատկերը դուռ կը բանայ խօսելու համար շիիներու զարթօնքի մը մասին։ Երկրի պատմութիւնը 20-րդ դարու երկրորդ կէսին առանձնացաւ իր բարդ քաղաքական կառուցուածքով, բազմազան կրօնական եւ համայնքային յարաբերութիւններով, հասարակական անարդարութեամբ, տնտեսական անհաւասարութեամբ եւ արտաքին ազդեցութիւններով: Այդ պայմաններուն մէջ շիի համայնքը երկար ժամանակ համարուած էր անտեսուած խաւ մը՝ հակառակ անոր, որ ան կը համարուի Լիբանանի մեծագոյն բաղկացուցիչը։ Շիի համայնքի քաղաքական եւ հասարակական զարթօնքը անմիջականօրէն կապուած էր կրօնապետ Մուսա էլ Սատըրի անուան եւ գործունէութեան հետ։ Ան դարձած էր այդ համայնքի բարոյական յենարանը եւ փոփոխութիւններու առաջամարտիկը: Իր առեւանգման պատճառներն ու նպատակները մինչեւ այսօր վերջնականօրէն պարզ չեն։ Անոր անհետացումը լուրջ ազդեցութիւն գործեց Լիբանանի քաղաքական եւ ռազմական իրադարձութիւններուն վրայ։ Շատեր կը մտածեն, որ եթէ ան չհեռացուէր քաղաքական մեծ խաղէն, ապա երկիրը հաւանաբար չ՚ունենար արիւնալի քաղաքացիական պատերազմը, որ տեւեց ամբողջ տասնհինգ տարի։ 

Սատըրի նման մի քանի կարեւոր առաջնորդներու բացակայութիւնը խորապէս ազդեց Լիբանանի քաղաքական, կրօնական եւ հասարակական հաւասարակշռութեան վրայ: Ան շատերուն համար իմաստուն եւ խղճամիտ ռահվիրայ մըն էր։ Սատըր կը հաւատար աղքատներու եւ թշուառներու արդար դատին, երկխօսութեան, արդարութեան եւ ամբողջական, ինքնիշխան Լիբանանի գաղափարին։ Անոր գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ առաջնորդ մը ինչպէ՛ս կրնայ գործել՝ յարգելով բոլոր համայնքներու իրաւունքները։

Հայերու եւ շիիներու բարեկամութիւնն ալ յատկանշական եղած է Լիբանանի հասարակական համակարգին տեսակէտէ։ Լիբանանահայերու մէջ շատեր երկար տարիներ առաջ լսած էին Սատըրի գործունէութեան մասին։ Բարեկամական եւ վստահելի յարաբերութիւններ հաստատուած էին շիի համայնքի անդամներուն հետ։ Այդ բարեկամութիւնը, հիմնականապէս, ձեւաւորուած է Պէյրութի հայաբնակ Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ, ուր շիիները մեծամասնութիւն կը կազմէին։ Բարեկամութիւնը հիմնուած էր փոխադարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման վրայ, իւրաքանչիւր համայնք կ՚ապրէր իր ներքին կանոններով՝ առանց միջամտելու միւսի գործերուն։ Նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հայ-շիի բարեկամութիւնը պահպանուած է։ Ժողովրդագրական փոփոխութիւններ եղած են, երբ մեծաթիւ շիիներ փոխարինուած են քրիստոնեայ ընտանիքներով, որոնք ստիպուած էին լքել իրենց նախկին բնակավայրերը, սակայն, ընդհանուր բարեկամութիւնը մնացած է անխաթար։ Շիի համայնքը այդ օրերուն կը համարուէր երկրի ամենէն անապահով խաւը։ Այդ համայնքը թէեւ մեծաթիւ էր, սակայն, կը մնար անտեսուած։ Շատերը աշխատաւոր դասակարգէ էին եւ կ՚ապահովէին երկրի թեթեւ արդիւնաբերութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը։

Միաժամանակ, Լիբանանի քաղաքական համակարգին մէջ գերիշխող դիրք մը ունէր մարոնիթ քրիստոնեայ համայնքը, որ յաճախ կ՚օգտագործէր իր ազդեցութիւնը՝ սահմանափակելով այլ համայնքներու՝ մասնաւորապէս շիիներու իրաւունքները։ Այդ պայմանները եւ հասարակական անարդարութիւնը հիմք ստեղծեցին շիի համայնքի զարթօնքին համար՝ ներառեալ քաղաքականացումն ու յետագայ զինեալ միաւորներու ձեւաւորումը։

Քաղաքացիական պատերազմը, անշուշտ, տարածաշրջանային ճգնաժամի մըն ալ պատճառ դարձաւ։ Պաղեստինի հարցը աւելիով ծանրացուց վիճակը։ Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն էլ Սատըր մշտապէս ջանքեր գործադրած էր երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համար։ Անոր անհետացումը խափանած է այդ բոլորը։

Լիբանանի քաղաքական եւ համայնքային համակարգի ազդեցութիւններուն մասին մինչեւ այսօր կան թեր ու դէմ կարծիքներ։ Երկրի քաղաքական համակարգը բազմաբեւեռ է։ Քրիստոնեայ, շիի եւ սիւննի համայնքները երկար տարիներ պայքարեցան իրենց դիրքերը ապահովելու եւ ընդլայնելու համար։ Մարոնիթներու գերակշիռ դիրքը, հետզհետէ փոփոխութեան ենթարկուած ժողովրդագրական աճը եւ տնտեսական անարդարութիւնը շիի համայնքի քաղաքական զարթօնքի կարեւոր նախադրեալներն էին։

Լիբանանի քաղաքական մշակոյթին եւ երկրի քաղաքացիներու ինքնագիտակցութեան վրայ այս բոլորը ունի անջնջելի հետքեր։ Մինչեւ այսօր շատեր կը խօսին, թէ երկրի պատմութիւնը այլ ուղղութիւն մը կրնար ունենալ կամ ներքին պատերազմը կրնար աւելի մեղմ անցնիլ, սակայն, անշուշտ, ենթակայական եւ վերացական պարագաներ են։ Այդ ամբողջին մէջ ցայսօր ի զօրու միակ հանգամանքն է՝ արտաքին միջամտութիւններու սահմանափակման հնարաւորութիւնը։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025