ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

գ. Հայրաբանական արմատները

Քրիստոնեայ մարդը պէտք է Եկեղեցւոյ հայրերու ճամբայէն ընթանայ, ինչպէս նաեւ ոչխարներու հետքերով… Այդ պատճառով, պէտք է ուսումնասիրէ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ իր բոլոր կատարած ձեռքբերումներով, միաժամանակ ամէն տեսակի արդարացի ջատագովութիւն առողջ քրիստոնէութեան եւ ուղղափառութեան, որով դէմ դրուած է հերետիկոսութիւններուն, որոնք դարերու ընթացքին պայքարած են եկեղեցիին դէմ:

Ըսել ուզուածը այստեղ ո՛չ թէ մտաւոր փարթամութիւնն է, կամ բանական հետազօտութիւնները, այլ գիտակցիլ, թէ դարերու ընթացքին Եկեղեցւոյ հայրերուն մղած պայքարները հետեւեալներուն համար էր.

1.- Խորապէս ապրելու քրիստոնեայ ուղղափառութիւնը:

2.- Ստանալու քրիստոնէական առողջ հաւատքը:

3.- Պաշտպանելու այս հաւատքը հերետիկոսութիւններուն եւ շեղուածութիւններուն դէմ:

4.- Մեզի ուսանելի տիպարներ ըլլալու, որպէսզի անոնցմէ օրինակ վերցնենք:

Արդարեւ, երբ քրիստոնէութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ հերետիկոսութիւններուն դէմ, էականօրէն ուշադրութիւն կը դարձնէր այն բոլոր բաներուն, որոնք անհրաժեշտ են մեր փրկութեան համար եւ չէր կեդրոնանար բառի մը վրայ այստեղ կամ այնտեղ եւ կամ փիլիսոփայութեան մը վրայ, որմէ օգուտ չկայ: Օրինակի համար.

ա. Տէր Յիսուսի Աստուածութեան վարդապետութիւնը. Արիոսի հերետիկոսութեան դէմ դնելը կարեւոր էր, որովհետեւ չիմանալը թէ Տէր Յիսուս Աստուծոյ մարմնացած Բանն է, Աստուծոյ Որդին եւ Մարդու Որդին, բարեպաշտութեան աղբիւրը, Աստուած՝ որ մարմինի մէջ երեւցաւ…, այս կասկածամտութիւնը կորսնցնել կու տայ մեզի փրկագործութեան բոլոր ներգործութիւններն ու փրկութեան ճանապարհը:

2.- Սուրբ Հոգիի Աստուածութեան վարդապետութիւնը. Աղեքսանդր Մակեդոնացիի հերետիկոսութեան դէմ դնելը հիմնական էր մեր փրկութեան համար եւ տակաւին է, քանի որ Սուրբ Հոգին է մեզ յանդիմանողը, առաջնորդողն ու սրբագործողը, եւ առանց Անոր ներգործութեան մենք փրկութիւն չունինք… Արդարեւ, եթէ արարած ու սահմանափակ ըլլար, ապա ինչպէ՞ս պիտի փրկէր մեզ:

3.- Աստուածածինի վարդապետութիւնը. «Աստուծոյ մայր» ընդէմ Նեստորի, որ Տէր Յիսուսի նկատմամբ հաւատքը պատռեց, ըսելով, թէ մարդէն անջատ աստուած մըն է եւ չըսաւ, թէ Աստուածութիւնը միացած է մարդկութեան, առանց խառնուելու եւ փոփոխուելու… Եթէ Նեստորի ընկալածին համաձայն ըլլար, ապա փրկագինը սահմանափակ կ՚ըլլար եւ բացի մէկ մարդէ ուրիշներ չէ՛ր կրնար փրկել, այդ ալ եթէ կարենար այդ մէկն ալ փրկել…: Այսպիսով, փրկագործութիւնը իր անսահմանութիւնը կը կորսնցնէ ընդդէմ Ադամի մեղքին, որու պատիժը անսահման էր: Աստուածութիւնը մարդկութեան միացաւ, ըլլալով Տէր Յիսուս.

ա. Մարդ…, որ մարդկութիւնը կը ներկայացնէ:

բ. Կրնայ մեռնիլ…, որպէսզի մեր փոխարէն մեր մահուան դատավճիռը վերցնէ:

գ. Ինք անսահման է…, որպէսզի վերցնէ մեր մեղքին անսահման պատիժը:

դ. Ինք առանց մեղքի է… որովհետեւ բան մը կորսնցուցածը՝ չի՛ կրնար զայն տալ:

ե. Արարիչ…, կրնայ մեզ վերստին ծնիլ:

4.- Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինին վարդապետութիւնը. եթէ Տէր Յիսուսի մարմինը պարզապէս երեւոյթ կամ պատրանք ըլլար, ինչպէս առաջին դարուն ըսին Երեւութականները, որով Յովհաննէս առաքեալը իր նամակներով յարձակեցաւ [հակադարձեց] անոնց. կամ ինչպէս աւելի ետք Եւտիքէսը ըսաւ եւ Ընդհանրական Եկեղեցին բանադրեց զինք…, կ՚ըսենք…, եթէ Տէր Յիսուսի մարմինը երեւոյթ էր, հետեւաբար, Աստուածութիւնը կը մերժէ մեր մարդկայնութեան մէջ բնակիլ, եւ այսպիսով կը կորսուինք… Այո՛, պիտի բնակի մեր մէջ շնորհքով եւ որդեգրութեամբ եւ ո՛չ թէ այնպէս՝ ինչպէս Աստուածութեան լիութիւնը մարմնապէս լեցուեցաւ Տէր Յիսուսի մէջ, որովհետեւ բնութեամբ Աստուծոյ Որդին է: 

Ասոնք պարզապէս օրինակներ են, կարեւորելու համար պատմութեան եւ հայրաբանական գրականութեան ուսումնասիրութիւնը, որոնք պաշտպանեցին առողջ հաւատքը, կանոնեցին ճշմարիտ դաւանութիւնը, մեզի աւանդեցին, որպէսզի պահենք զայն եւ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն, ո՛չ որպէս մտային գանձ, որմէ կարելի է ձերբազատիլ, այլ՝ իբրեւ աստուածաբանական նկարագրութիւն այն հաւատքին, որ ստացան, այն հաւատքը, որ հիմա կը փրկէ մեզ, յաւիտեանս յաւիտենից:

Այդ պատճառով եկեղեցական սպասաւորը պէտք է ու սումնասիրէ՝

ա. Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, իր բոլոր դարերով ու իրադարձութիւններով:

բ. Հայրերուն կեանքը, մարտիրոսները, աստուածաբաններն ու սուրբերը:

գ. Հայրերուն խօսքերը, հոգեւոր, աստուածաբանական, դաւանաբանական եւ կանոններու մասին:

Մեր առջեւ մեծ թիւով հայրերը կան եւ ահագին գրութիւններ կան անոնցմէ, ինչպէս օրինակ.

ա. Նախանիկիական հայրեր. անոնց ժառանգութիւնը պարզութեամբ կը յատկանշուի, ինչպէս օրինակ, Յուստինոս, Երանոս, Հերմաս, Տատիանոս, Աթենակորաս, Կղեմէս Աղեքսանդրացի, Հիպողիտոս, Նովատիանոս եւ ուրիշներ: 

բ. Յետնիկիական հայրեր. երբ աստուածաբանական երկխօսութիւնները սկսան պատասխնելով բազմաթիւ հերետիկոսութիւններու. ատկէ ետք մէջտեղ եկան գրութիւններ, հետեւեալ հեղինակներէն. Օգոստինոս, Յովհան Ոսկեբերան, Աթանաս, Գրիգոր Նազիանզացի, Գրիգոր Նիւսացի, Յովհաննէս Դամասկացի, Կիւրեղ Երուսաղէմացի, Ամպրոսիոս, Քասեան, Եփրեմ Ասորի եւ ուրիշներ:

Աշխարհագրականօրէն հայրերը կարելի է դասաւորել համաձայն անոնց ապրած վայրերուն:

1. Եգիպտոսի հայրերը, մանաւանդ Աղեքսանդրիոյ եւ անապատի հայրերը:

2. Անտիոքացի հայրերը:

3. Կապադովկեան հայրերը:

4. Լատին հայրերը:

Տակաւին, հայրերուն գրութիւնները կարելի է բաժնել համաձայն նիւթերու.

1. Ջատագովական գրութիւններ:

2. Սուրբ Գիրքի մեկնաբանութիւն:

3. Քարոզներ եւ ճառեր:

4. Նամակներ:

5. Եկեղեցական պատարագներ:

6. Բանաստեղծական եւ ներբողական գրութիւններ:

7. Երկխօսութիւններ:

8. Ճգնաւորական գրութիւններ:

9. Եկեղեցական կանոններ:

10. Եկեղեցւոյ պատմութիւն:

Հայրերու գրութիւններու այս ընդարձակ ովկիանոսին դիմաց, մեզմէ իւրաքանչիւրը փոքրիկի մը նման հսկայ ովկիանոսի մը դիմաց կը կանգնի, կը թափի անոնց գրութիւններուն վրայ, կը կարդայ անոնց մեկնութիւնները, կը կշտանայ անոնց հոգեւորութեամբ, ինչպէս նաեւ կ՚օգտուի անոնց փորձառութենէն եւ ուսուցումներէն:

Մեր դիմաց արաբերէնով [նաեւ հայերէնով՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն] բամզաթիւ գիրքեր կան անոնցմէ, շնորհիւ շատերու ջանքին, որոնց մէջ ամենէն կարեւորը Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին է… Կարեւոր կարդանք եւ սորվինք…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025