ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց յոյն համայնքի յայտնի գործիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փութացած էր ցաւակցական այցելութեան։ Լաքի Վինկաս զրոյցի ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծնողներէն մին կորսնցնելու դժբախտութիւնը ապրած էր։ Ան մաղթեց, որ Նորին Ամենապատուութեան հայրը՝ նորոգ հանգուցեալ Յակոբճան Մաշալեանի յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Լաքի Վինկասին։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու օրակարգային կարգ մը նիւթերը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց Լաքի Վինկասին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025