Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ. ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Սպանիա։ Պարսելոնայի Ս. Մարիամ Թագուհի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ հայածէս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբազնութեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Արամ Քհնյ. Թիլիկեան, որ Պարսելոնայի եւ շրջակայքի հայոց հոգեւոր հովիւ նշանակուած է։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան արարողութեան ընթացքին հաւատացեալներուն ներկայացուց նոր հոգեւոր հովիւը՝ շեշտելով, որ ան ծառայութիւն պիտի մատուցէ Պարսելոնայի եւ յարակից քաղաքներու հայ հաւատացեալներուն։
Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ վերջին տասնամեակներուն հայոց ներկայութիւնը կը խտանայ եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքի կազմակերպման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Արամ Քհնյ. Թիլիկեան արդէն իսկ հաւատացեալներու ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձած է։