ՀՐԱՑԱՆԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ…
Այստեղ կը քնանան. անոնց անունները շատ են, իսկ անոնց մահը մէկ է: Յոգնած էին եւ մայրամուտը պզտիկ էր: Դիւրութեամբ ինկան եւ ոչինչ ըսին, քանի որ ժամադրութիւնը անակնկալ էր: Եւ ի՞նչ կ՚ըլլար՝ եթէ տեղեակ ըլլային: Պատուիրանները անոնց հետ էր…, եւ ամբողջ ընտանիքը աշխատանքէն կը դառնար, իսկ աշխարհը իրենց չէր:
Այստեղ կը քնանան. անյայտ որճրագործութեան մը պատիժը կրեցին: Մէկ ցոյցի իսկ չելան, եւ բացի աղօթքներէ, ուրիշ բանով չպաշտպանեցին կեանքն ու հողը: Առաւօտ կանուխ տառապանքէն դուրս կու գային, սակայն կանուխ մայրամուտին կը վերադառնայ տառապանքին: Անձրեւի կը սպասէին, որով մահը եկաւ իրենց՝ տեղատարափ անձրեւի նման:
Այստեղ կը քնանան. մայրամուտը կը մեծնայ եւ կը վերածուի անտառներու եւ չոր ծառերու: Ժամանակ չկայ անոնց յիշատակութեան, ո՛չ առիթ եւ ո՛չ ալ ժամադրութիւն: Քարերն են ժամանակը. եւ մայրամուտին տարածուիլը՝ որ անգոյն է, ա՛ն է ժամանակը: Եւ ի՞նչ կոչենք զանոնք:
Քաֆըր Քասէմի կոտորածը յիշատակութեան օր մը չէ, ո՛չ ալ հանգրուան մը, որ մոռացկոտութիւնը կը յաղթէ անոր: Անիկա ատելութեան պատմութիւնն է, որ կ՚երկարի այն օրէն, երբ Հերցէլը իր սուրը հանեց Թաուրայէն եւ Արեւելքի երեսին ծածանեցուց: Այս սրբուած եւ անհոգութեան մատնուած գիւղին բնակիչները ո՛չինչ ըրին, որ ոեւէ մէկուն բարկութիւնը շարժէր, նոյնիսկ եթէ կամաւոր թշնամի ըլլար: Անոնք միայն խիստ բնութեան եւ սեւ տառապանքին դէմ պատերազմած են: Ի՞նչ բանի համար մեռան: Մեզի համար չմեռան: Անոնք զոհեր են եւ ո՛չ թէ նահատակներ: Եւ ա՛յդ է անոնց կրկնակի ողբերգութիւնը եւ մեր կրկնակի տխրութիւնը անոնց վրայ: Կրնանք ըսել իրենց, թէ իրենք մեռան, որպէսզի մեր ատելութիւնը խորացնենք անարդարութեան եւ բռնաբարութեան նկատմամբ: Ինչպէս նաեւ որպէսզի խորացնենք մեր պաշտամունքը մեր հողին նկատմամբ: Սակայն կարիք չունինք այս վնասակար փաստին: Մենք կրնանք սիրոյ եւ ատելութեան զգայարանքը աճեցնելու, առանց այս ձրի մահուան: Հետեւաբար, ի՞նչ բանի համար մեռան:
Մեզի համար չմեռան, այլ՝ սպաննողներուն համար: Որպէսզի հրեան լեցուի այն զգացումով, թէ ինք պատմութեան մէջ կարող է դեր ունենալ, բացի զոհի դերէն: Այս փաստին համար հաճոյք կ՚առնէ սպաննելէն: «Կամ սպաննող կ՚ըլլամ, կամ ալ սպաննուած»: Ա՛յս է այն նեղ ընտրութիւնը, որ ինքն իրեն համար դրած է:
Դատարանին մէջ - թատերգութիւն. փաստաբանը հարցաքննեց հրեայ զինուոր մը, որ մասնակցած էր կոտորածին.
-Ճի՞շդ է, որ այս երկրին մէջ կ՚աշխատիս եւ թէ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին մէջդ ներարկած են այն զգացումը, թէ արաբները մեր թշնամիներն են:
Զինուորը. այո՛:
Փաստաբանը. ճի՞շդ է, որ այդ զգացումը ունիս թէ՛ Իսրայէլի մէջ եւ թէ ալ անկէ դուրս եղող արաբներուն նկատմամբ:
Զինուորը. այո՛. ո՛չ մէկ տարբերութիւն կայ:
Փաստաբանը. ճի՞շդ է, թէ զգացիր, որ եթէ հրամանը չգործադրես՝ Քաֆըր Քասէմի մէջ սպաննելու իւրաքանչիւր արաբ, որ իր տունէն դուրս է, ապա այդպիսով դաւաճանած կ՚ըլլաս այն ոգին՝ որով դաստիարակուեցար բանակին եւ սահմանապահ զօրքերուն մէջ:
Զինուորը. այո՛:
Փաստաբանը. օրինակ, եթէ պատերազմի օրերուն Հայֆայի փողոցներէն մէկուն մէջ կը քալէիր եւ արաբի մը հանդիպեցար, կը կրակէի՞ր զինք:
Զինուորը. չեմ գիտեր:
Դատաւորը. եթէ Քաֆըր Քասէմի մէջ պատահէր հետեւեալը. ժամը հինգէն ետք կին մը ձայն տար քեզի եւ դուն վստահ ըլլայիր, թէ վտանգաւոր չէ եւ անվտանգութեան չի՛ սպառնար, պարզապէս կանչեց քեզ եւ կ՚ուզէր հարցնել քեզի հարցում մը, կամ արտօնութիւն խնդրէր քեզմէ, որպէսզի իր տունը երթար: Եւ ենթադրենք, թէ օրինակ, այս դէպքը պատահէր ժամը հինգը քսան անցած, թէ այս կինը իր տունէն ընդամէնը տասը մեթր հեռու ըլլար, եւ ան կը խնդրէր քեզմէ, որպէսզի արտօնես անոր, որպէսզի իր տուն մտնէ. ի՞նչ կ՚ընէիր:
Զինուորը. չե՛մ արտօներ անոր:
Դատաւորը. ի՞նչ կ՚ընէիր:
Զինուորը. եթէ փողոցը ըլլար… կը կրակէի զինք:
Դատաւորը. սակայն ո՛չ մէկ վտանգ կար: Ընդամէնը անձ մը, սխալ պատճառի մը հետեւանքով կամ այն պատճառով, որ չէր գիտեր, որ տունէն դուրս գալը արգիլուած է որոշուած ժամէն ետք, եւ մօտեցաւ քեզի եւ արտօնութիւն ուզեց քեզմէ, որպէսզի փողոցը անցնի: Հարցումը հետեւեալն է. դուն, հակառակ այդ իրողութեան, պիտի սպաննէի՞ր իւրաքանչիւր ոք, թէ պիտի յարգէիր որոշ պարագաներ եւ որոշ պարագաներու պիտի չսպաննէիր:
Զինուորը. ո՛չ մէկ պարագայ պիտի յարգէի:
Դատաւորը. պիտի սպաննէի՞ր ով ալ ելլէր դիմացդ:
Զինուորը. այո՛:
Դատաւորը. նոյնիսկ եթէ այդ անձը կին մը ըլլար կամ երեխայ մը:
Զինուորը. այո՛:
Եւ այդ պատահեցաւ իրապէս…
Փոքրիկ մը, որ ութ տարեկան է եւ անոր անունն է Թալալ Շաքէր Իյսա: Իրենց տան բակէն այծ մը փախչելով փողոց ելած է: Ո՛չ երեխան եւ ո՛չ ալ այծը կը հասկնան, թէ գիւղին մէջ տունէն դուրս գալու արգելքը գործադրութեան մէջ մտած է ընդամէնը մի քանի վայրկեաններ առաջ: Երեխան այծին ետեւէն վազեց, որով փամփուշտը տեղատարափ իջաւ իր վրայ եւ գետնին փռեց՝ անշըն-չացած դիակ:
Հայրը կը վազէ իր զաւակին ետեւէն եւ հրացանը կը շարունակէ իր պարտականութիւնը…:
Մայրը կը վազէ իր ամուսինին եւ զաւակին ետեւէն եւ հրացանը կը շարունակէ իր պարտականութիւնը…: Աղջիկը՝ Նուրան, կը հետեւի իր ծնողներուն եւ եղբայրներուն եւ հրացանը կը շարունակէ իր պարտականութիւնը…:
Ի՞նչ էր հրացանին պարտականութիւնը:
Եռակողմ յարձակումի նախօրէին Եգիպտոսի վրայ 1956 թուականին, հրամանատար Շատմին կը կանչէ Մալենքի սպային իր կեդրոնատեղին եւ անոր կը յայտնէ այն պարտականութիւնները, որոնք իր միաւորումին յանձնուած է: Այս պարտականութիւններէն մէկը, որ սահմանապահ զօրքերուն վրայ դրուած էին կեդրոնական հատուածին վրայ, արգիլել տուներէն դուրս գալ եւ բնակիչները պէտք էր իրենց տուներէն ներս մնային Քաֆըր Քասէմ գիւղին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ, երեկոյեան ժամը հինգէն սկսեալ մինչեւ առաւօտեան ժամը վեցը: Երկու ղեկավարներուն միջեւ հետեւեալ խօսակցութիւնը տեղի ունեցած է, ինչպէս յայտնի դարձաւ յետագային կեդրոնական դատարանի որոշումներուն մէջ.
Շատմի. դուրս գալու արգելքը շատ խիստ պէտք է ըլլայ եւ երկաթէ ձեռքով պէտք է գործադրել զայն, ո՛չ թէ չենթարկուողները ձերբակալելով, այլ՝ կրակելով զանոնք: Աւելի լաւ է սպաննել զանոնք, քան թէ ձերբակալութիւններու թնճուկին մէջ մտնել:
Մալենքի. ի՞նչ է քաղաքացիին ճակատագիրը, որ գիւղէն դուրս կ՚աշխատի եւ այդ ժամին տուն կը վերադառնայ, բայց լուր չունի որոշումէն եւ շատ հնարաւոր է, որ գիւղի մուտքին սահմանապահ զօրքերու խմբաւորումներու հանդիպի:
Շատմի. զգացմունքայնութիւններ չե՛մ ուզեր. Աստուած ողորմի իրեն…:
Արագ եւ խիստ խօսակցութիւնը լրանալէն ետք, Մալենքի պահեստային զօրքերու սպային հետեւեալ հրամանը տուաւ՝ այս արտայայտութեամբ. «Արտօնուած չէ ո՛չ մէկ բնակիչի, արգելքի որոշուած ժամերուն իր տունէն դուրս գայ. ան որ դուրս կու գայ իր տունէն՝ կը կրակէք անոր վրայ. ձերբակալութիւններ չկա՛ն»:
Մալենքիին եւ իր զինուորներուն միջեւ հետեւեալ խօսակցութիւնը տեղի ունեած է, ինչպէս յայտնի դարձաւ յետագային կեդրոնական դատարանի որոշումներուն մէջ.
Զինուոր մը. ի՞նչ պէտք է ընենք վիրաւորներուն հետ:
Մալենքի. պէտք չէ հոգալ կամ տեղափոխել զանոնք: Աւելի ճիշդ՝ վիրաւորներ պէտք չէ ըլլան [համաձայն վկայութիւններուն, որ դատարանին մէջ արձանագրուած են]:
Բաժանմունքներէն մէկուն ղեկավարը. իսկ կիներուն եւ երեխաներո՞ւն պարագան:
Մալենքի. առանց զգացմունքայնութիւններու:
Նոյն ղեկավարը. իսկ աշխատանքէն վերադարձողներո՞ւ պարագան:
Մալենքի. ինչպէս բոլորը: Աստուած ողորմի իրենց: Հրամանատարը այսպէս հրամայած է:
Նոյն օրը, որոշումին գործադրութեան մէջ մտնելէն ընդամէնը կէս ժամ առաջ՝ ժամը չորսուկէսին, սահմանապահ զօրքերէն յիսնապետ մը կը տեղեկացնէ Քաֆըր Քասէմի գիւղապետին առնուած որոշումին մասին, թէ երեկոյեան ժամը հինգէն մինչեւ առաւօտեան ժամը վեցը արգիլուած է տուներէն դուրս ելլել: Զգուշացուց նաեւ, թէ որոշումը շատ խիստ է եւ մահուան վտանգ ունի իր մէջ: Խնդրեց անկէ, որ տեղեկացնէ գիւղացիներուն: Գիւղապետը ըսաւ անոր, թէ ճիշդ հիմա չորսհարիւր քաֆըրքասէմցի գիւղէն դուրս են՝ իրենց աշխատանքներուն. անոնց մէկ մասը մօտիկ են, իսկ ուրիշներ հեռու են, ինչպէս Հայֆա եւ ալ-Լաատըա, եւ այս կարճ ժամանակին, կարելի չէ տեղեկացնել զանոնք: Զրուցելէ ետք, յիսնապետը գիւղապետին խոստացաւ, թէ իր եւ կառավարութեան պատասխանատուութեամբ, պիտի արտօնուի աշխատանքէն վերադարձողներուն անցնիլ:
Իր… եւ կառավարութեան պատասխանատուութեամբ, որոշումին գործադրութեան մէջ մտնելուն յաջորդող մէկ ժամուան ընթացքին՝ ժամը հինգէն մինչեւ ժամը վեցը, քառասունեօթ արաբ քաղաքացի սպաննուեցաւ Քաֆըր Քասէմէն, սահմանապահ զօրքերուն ձեռքով: Սպաննուածներուն մէջ էին եօթ երեխաներ՝ տղայ եւ աղջիկ եւ ինն կիներ:
«Տխրութեան սովորական օրագիր»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ