ԱՆԵՐԿԻՒՂ ԵՒ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց Արարատեան Հայրապետական թեմի հոգեւոր սպասաւորները։ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ մէկտեղուիլ ներքին թեմերու հոգեւոր սպասաւորներուն հետ։ Բանտարկուած բազում հոգեւորականներու վերաբերեալ երեւոյթները, բնականաբար, եկեղեցականներուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ եւ այս իրավիճակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը ջանայ գօտեպնդել եկեղեցականաց դասը։ Երէկուան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան։

Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին կարեւորեց առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ հոգեւոր դասու տէրունապատուէր առաքելութեան անխափան իրականացումը, քահանայ հայրերու ջանքերու առաւել արդիւնաւորումը հաւատաւոր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի պայծառութեան համար։

Ան հովիւներուն յորդորեց աներկիւղ ու նախանձախնդիր կերպով յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն, զօրացնել հոգեւոր, կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը՝ ամրապնդելու համար հաւատքը, յոյսն ու սէրը ազգի զաւակաց սրտերէն ներս։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025