ԱՂՔԱՏ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ՝ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻ
Մեր թուականներէն աւելի քան հազարամեակ մը առաջ, եկեղեցւոյ հայրերէն մին կ՚ըսէր. «Եկեղեցւոյ հարստութիւնը աղքատ ժողովուրդին կը պատկանի»։ Սակայն, ինչպէ՞ս եղաւ չենք գիտեր, ժողովուրդին ծառայելու կոչուած եկեղեցին՝ որուն հիմնական պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնն է ողորմութիւնը, աղքատախնամութիւնը աղքատ ժողովուրդի վիճակը բարելաւելու փոխարէն ի՛նք հարստացաւ, սակայն, հակառակ անոր շարունակեց աշխարհի հարուստներուն դէմ «վա՜յ»եր կարդալ՝ համոզուած ըլլալով, որ հարուստը երկինքի արքայութիւն մուտք պիտի չգործէ: Եկեղեցին մի՛շտ այդ «վա՜յ»երը կարդաց հարուստներուն դէմ, սակայն, տարօրինակ ձեւով իր առաջին աթոռները տրամադրեց այդ հարուստներուն՝ հակասելով ինքն իր սկզբունքներուն ու հաւատալիքներուն:
Եկեղեցւոյ գլուխը՝ Յիսուս Քրիստոս միշտ համեստութիւնը քարոզեց եւ շքեղութիւնը ժամանակաւոր ու «չար» նկատեց, այդ իսկ պատճառով շատ մը հայրապետներ շքեղութիւնը անյարիր նկատեցին քրիստոնէութեան։ Դ. դարու սուրբերէն Սուրբ Երեմիա իր քարոզներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Շքեղութիւնը Քրիստոսի ճանապարհը չէ». Քրիստոսի ճանապարհը Քրիստոս ի՛նք իր բերնով բնութագրեց՝ որակելով «դժուար» ու «փշոտ»:
Եկեղեցին հիմնող առաքեալները աղքատ ու սովորական մարդիկ էին. Քրիստոս երբ իր առաքեալները դէպի աշխարհ կը ղրկէր, յստակ պատուէր մը կու տար անոնց. «Մի՛ ստանայք ոսկի, եւ մի՛ արծաթ, եւ մի՛ պղինձ ի գօտիս ձեր»։ Այս պատուէրով ժողովուրդի ծառայութեան լծուած եկեղեցին ինչպէ՞ս եղաւ, որ մէկէն ի մէկ հակառակ հարստութիւնը քննադատելու՝ տէր դարձաւ նման մեծ հարստութեան. ինչո՞ւ համար անոնց գօտիները՝ հակառակ Տիրոջ պատուէրին՝ լեցուեցան արծաթով ու ոսկիով։ Փիլիպեցիներուն նամակին մէջ առաքեալը ի՛նք կը խոստովանէր, թէ աղքատութեան մէջ կ՚ապրի եւ բողոք մը չէր բարձրացներ այս կապակցութեամբ. «Գիտեմ նուազել, գիտեմ առաւելուլ. յամենայնի ամենեւին խելամուտ եմ ե՛ւ յագել ե՛ւ քաղցենալ, ե՛ւ առաւելուլ ե՛ւ նուազել» (Փիլիպեցիներուն 4:10):
Պատմութեան մէջ եկեղեցին յայտնի է իր նիւթապաշտական «կողոպուտ»ներով. անցեալին եկեղեցին կը ծախէր ապաշխարութիւն, երկինքի արքայութեան մէջ հողամաս ու տարածք. նիւթական պարգեւներու դիմաց կը շնորհէր հոգեւոր պաշտօններ։ Պատմութեան մէջ, անշուշտ, շատե՜ր քննադատած են այս երեւոյթը, որովհետեւ եկեղեցին իր հոգեւոր առաքելութիւնը գործածած է որպէս ցանց՝ ժողովուրդին հարստութիւնը հաւաքելու եւ նոյն այդ հաւաքուած հարստութեան շատ անմասն մէկ բաժինը բաժնելով աղքատներուն՝ ողորմութեան ցուցադրութեան վերածած: Աշխարհի առաջաւոր միտքերէն Քարլ Մարքս եկեղեցին նկատեց աշխարհի մէջ տեղ գտած անհաւասարութեան աջակիցներէն, որովհետեւ եկեղեցին լաւապէս գիտէր շահագործել մարդոց կրօնական զգացումները եւ այդ մէկը նիւթական շահի վերածել:
Հաւատացէ՛ք, որ եկեղեցւոյ խորաններէն մինչեւ այսօր կը լսէք եկեղեցւոյ բաժին ինկած «տասանորդ»ի մասին, սակայն, երբեք չէք լսեր Քրիստոսի «ձրի առէք եւ ձրի տուք» խօսքը. վկայ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ պսակի խորհուրդը, մկրտութիւնը, թաղման արարողութիւնն ու գրեթէ ամէ՛ն ինչ կը կատարուի որոշ գումարի եւ վճարումի դիմաց:
Աշխարհի պատմութեան մէջ Ֆրանսիսկեան միաբանութեան ուխտը ծնունդ առաւ առ ի բողոք եկեղեցւոյ ունեցած հարստութեան դէմ։ Ֆրանսիսկեան միաբանութիւնը՝ իրենց առաջնորդ Ֆրանսիսկ Ասսիզեցիի առաջնորդութեամբ եկեղեցիէն կը պահանջէր, որպէսզի վերադառնայ նախկին աղքատութեան, որովհետեւ Քրիստոսի պատուիրաններուն դէմ է շքեղութեան եւ հարստութեան մէջ ապրիլը, այդ իսկ պատճառով անոնք սխալ կը նկատէին, որ եկեղեցին ունենայ հսկայական հողատարածքներ ու ոսկիներ. սխալ կը նկատէին, որ եկեղեցին ու եկեղեցականները ապրէին իշխանաւորներու նման: Թէեւ ըսենք, որ այսօր Ֆրանսիսկեան միաբանութիւնը եւս որոշ հարստութեան մը տէր է:
Բացէ՛ք եւ աչքէ անցուցէք մերօրեայ եկեղեցիներու ունեցուածքը ներկայացնող վիճակագրական տուեալները. մի քանի հարիւրի հասնող միլիառներ պիտի տեսնէք։ Այդ տուեալներու համաձայն՝ Կաթոլիկ եկեղեցին ունի մօտաւոր 265 միլիառ տոլարի հասնող հարստութիւն մը։ Եթէ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու հարստութիւնը ի մի համախմբէք… կարծեմ դժուար կ՚ըլլայ ի յայտ եկած արդիւնքը կարդալ։ Անշուշտ, ցաւալի է մտածել, որ այդ բոլորին դիմաց աշխարհի մէջ սովամահ կ՚ըլլան բազմահազար մարդիկ… եւ եկեղեցիները իրենց հարստութենէն մեծ մաս մը անոնց տրամադրել փորձելու փոխարէն՝ կը շարունակեն ողորմութիւն քարոզել: Աւետարանը ի՛նք կ՚ըսէ չէ՞, որ «հաւատք եթէ գործս ոչ ունիցին, մեռեալ են առանձինն» (Յակոբոս 2:17). հաւատքը առանց գործի՝ մեռած է. հետեւաբար մեռած է նաեւ քարոզութիւնը եկեղեցւոյ՝ որ ողորմութիւն եւ աղքատներու հանդէպ բարեսրտութիւն կը քարոզէ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Եկեղեցին իրաւունք ունի՞ հարստութեան տէր ըլլալու:
Պատասխան. Եկեղեցին չի կրնար արդարացնել իր հարստութեան կուտակումը, որովհետեւ Քրիստոս իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն յորդորեց, որ ապրին խոնարհութեան մէջ, վստահ ըլլալով, որ նիւթական հարստութիւնը կարելի չէ փոխարինել հոգեւոր արժէքներով: Քրիստոսի ուսուցման համաձայն՝ եկեղեցւոյ ունեցած միջոցները պէտք է ծառայեն մարդոց բարօրութեան, աղքատներու օգնութեան։ Եկեղեցին այդ միջոցները պէտք է գործածէ իր առաքելութիւնը իրականացնելու: Հետեւաբար, եկեղեցին իրաւունք չունի հարստանալու, որովհետեւ այդ մէկը կը հակասէ Քրիստոսի ուսուցումներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան