ԵՐԲ ՊԱՏԱՆԻ ԵՆՔ… ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԷՐ

Հարիւր տոկոս միացումը երեւակայութեան ու կեանքին չկայ ու չի գար մեր բոլոր կեանքի ընթացքին, ինչքան կը ձգտինք անոր հասնիլ յուսահատօրէն: Պատանեկութիւնը, հաւանաբար, ամենաարդար տեղն է համոզումով կամ ոչ-համոզումով կերտելու՝ այդ երկուքին անհամատեղելիութեան անգիտակցային ջանքն ու անկատարութիւնը: Պատկերացում-սպասումը, սպասում-պատկերացումը՝ ինչքան մեզ խլած է իրականութիւն խաղալու մեր անվերջ պատկերագծմամբ, միաժամանակ, ինչքան մեզ խրած է երեւակայածին ու մտացածին մեր իրականութեան մէջ։

Երբ պատանի ենք, ամէն ինչ արդարացի է ու լիակատար, սակայն, անկատարութեան մէջ: Պատանեկութիւնն ու ծագումնաբանութիւնը ամենամեծ յուզմունքի աղբիւրներն են մարդկային հոգիին համար: Պատանեկութեան յուզումնականութիւնը չի բանականացներ ու կը մնայ ամենազգացականութեան արտն ու արմատը, ինչքան մարդկային ծագումը իր ոչ-ապրուածային հանգանակով՝ իբրեւ յաւերժ պատմագիտական ու պատմազննման ամենագայթակղիչ ու թիւդիչ արժէք մեզ կլանէ, մենք միշտ կեանքով կ՚ուզենք մնալ պատանի, քանի կեանքի ծարաւը այդ կէտէն կը սկսի: Պատանեկութեամբ սիրոյ արդարացումը կը թօթափէ անիմացութիւնը ու կամաց-կամաց սիրուածութեան անշեղ ու իրատեսական պատկանումը կը շրջուի սիրելու փտտմամբ ու կայացութեան ամենաթէժ կայծով: Վաղուայ ուրախութիւնը, վաղուայ ըլլալն ու ապագայագործումէն անկախ զուտ ըլլալն ու կատարելայայտնումը՝ երբ պատանի ենք, աւելի յորդուն է ու գալիք, քանի կեանքի ժամանակային բախտը յաւերժական կը թուի: Վաղը այս պիտի ընեմ, վաղը զայն պիտի տեսնեմ, վաղը այս գագաթը պիտի նուաճեմ… վաղը չկայ իբրեւ էոյթ, այլ կայ անոր արտադրութիւնը՝ սպասուած աքթի մը մէջ ծրագիրով ու գծագրութեամբ մը կանգուն: Ճիշդ այս կէտին է, ուր սպասման հաւատքի չափը կը լուսանայ, նոյն յոյսի հասկացողութիւնը ուրուագծելով ու մեզ ապրեցնլով տեւականօրէն, ինչքան ալ ըլլայ աշխարհը դաժան ու թշուառածին տեղ մը:

Երբ պատանի ենք, մեր գոյութիւնը յաղթահարման համար չունի որեւէ հարց, պատգամ, իրողաապրեցում, մեր գոյութիւնը հոն կայ մեզմէ վեր ու մեզմէ կախուած միատեղօրէն եւ մեզ կը հասցնէ այդ բացարձակութեան, մենք չունինք այդ վիճակը մեր ապագային, բայց կը կարծենք, որ կը կերտենք մեր հոգեւոյն աւելի կատարեալը: Մինչ մեր պատանի հոգին այդպէսով իր անշաղուածութեամբ կատարելութիւն հագուած է, մեր պատանի հոգին չգոյութեան հետ մեծ հարց ունի, քանի ան ալֆա-օմեկա կացուցակարգի մէջ է հոն: Այո՛, չգոյութիւնը կը յաղթահարուի միայն չգոյութեամբ, սակայն, պատանեկան սկիզբը տեսական ու կամային իմացականութեամբ ու կամքով յաղթահարող է չգոյութիւնը, ինչքան ալ դառն ըլլայ գոյութեան անհատատեղուած ու անընթացքային իրականութիւնը ու չարդարացուող յաւերժապէս նախասկիզբով ու չըլլալով: Մարդկայնութիւնը գալու եւ կատարուելու հրամայականի մէջ է յաւերժապէս՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքաբար։ Իսկ մենք որոնման մէջ ենք ամէն վայրկեան, ամէն տեղ ու ամէն պարագայի՝ մեր ինքնութեան ու փիլիսոփայութեան հաստատման սիրոյն: Անոր այդ ամենայն փնտռտուքն ու արտացոլանքը մեզ կը վերածէ ո՛չ միայն սոսկ ապրելի էակներու, այլեւ՝ ոգեղինութիւն կերտողներու, ինչ որ, կարծեմ, ամենամեծ առաքելութիւններէն մէկն է մարդ էակին ու իրմով մարդկութեան:

Ո՞րն է գերագոյն ինքնաըլլալը, ո՞ւր է անոր սահմանը, ո՞վ կը գծէ անոր եզրը… եւ կա՞յ բան մը ներսէն դուրս ծորող ու դուրսէն ներս սահեցնող, ի վերջոյ, ո՞վ վերջնականապէս, բացառօրէն ու յաւերժածին ձեւերով պիտի արժեւորէ զիս՝ անկախ իմ աշխարահագործուած ըլլալուս եւ անկախ կրօնագործումէս կամ ապակրօնաւորումէս:

Երբ սկսայ այս մարմնով ու հոգւով, ես բան մըն ալ չէի գիտեր իրենց մասին, իրենք ինծի ներկայացա՞ն կամ ես իրենց ներկայացուցի՞, դեռ չեմ գիտեր այսքան տարի ետք: Պարզապէս պատանեկանութիւնը ջինջ էր ու վեհ, գերանկեղծ էր ու սրբագին եւ որ մնաց ինքնաճանաչման ու գնահատման իբրեւ հաղորդութիւն՝ առանց օդի, հաւաքի, տեղի ու հազար ու մէկ քաոսագործութեան աղաւաղումներուն:

Նոյն ինքնաըլլալը պատանեկան է ու միայն այն հոն է, որ ինքզինք կը գտնէ, ատկէ դուրս ամէն ինչ ձեռք բերուած է ու շինուած:

Կեանքը զուարճութեամբ կեանք է, ապրուստը թեթեւացումով ապրուստ է, մեր ամէն ինչը մղուած է ուրախանալու ու անհոգութիւն կերտելու, հակառակ ահռելի, անտանելի հոգերու, ի վերջոյ, մեր հարցերու կարեւորագոյններէն մէկը այն է, որ միթէ մենք պիտի կարենա՞նք վերջնականապէս ջլատել-հեռացնել վերջաբանի՝ ո՛չ թէ չըլլալը, այլ ինչպէս որ ան կայ՝ անոր ողբերգականութիւնը: Երբ սկզբնաւորութեան մէջ ենք, մեզի տակաւին կատարեալ կը թուի վերջն ու վերջաբանը, նաեւ կը թուի, թէ կրնանք տնօրինել զայն ու ձեւով մըն ալ հոն է յաւերժութեան գաղտնիքը:

Երբ պատանի ենք…

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 22, 2025