ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ (1915 - 1966)

Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Եդուարդ Պոյաճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը եւ անոր մասին մի քանի վկայութիւններ: Այսօր, պիտի ներկայացնենք Պոյաճեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը: 

ՀԱՅԸ

(Հատուածներ)
Հայու հոգի՝ դա՜ր ու դժոխք,
Հայու անցեալ՝ դա՜ր ու գեհեն,
Հայու ներկայ՝ սփի՜ւռք հայու, ծուէն, ծուէն:
Հայու արիւն, դուն չես ըսուիր՝ անասելի:
Ու պատմութիւն, չես պատմուիր՝ անպատմելի:
Ու սի՜րտ հայու, դուն չես գրուի՝ անգրելի՛:

Հայութի՞ւնը.
Հեռուներէն մինչեւ այսօր մեծ ու փոքրի հակասութիւն:
Անվերջ բախում:
Դար ու թնճուկ:
Դար ու կոյր գիրք, կոյր հեղինակ,
Ինքզինք պատմող, յաւէտ պատմող ու չկրցող՝ տաղանդ կարճուկ,
Տխրավարակ:

Հայը հին վախ, հին սպասում, դժուա՜ր երկունք:
Երկնէր երկին… դաժա՛ն երկունք:
Ծիրանի ծով… աստուածներու վիժա՛ծ ծնունդ,
Դա՜ր դար արիւն:
Ընդ եղեգան… հազարամեայ ծո՜ւխ ու կարծես ոչի՜նչ, ոչի՜նչ.
Եւ ի ծխոյն… սառնամօրուս ծերութեան դէմք, ծերութեան քայլ,
Ապա դարձեալ կարծես ոչինչ:

Հայը հին անձ, հին հանելուկ,
Հին ազատ մարդ, ու հին ստրուկ:
Ներկային մէջ փշուր փշուր հին հայելի՝
Մեր պատմութեան, մեր անցեալի, 
Կու տայ պատկեր խառնատեսակ,
Մերթ պանծալի, մեր ցաւալի, անասելի:

Հա՛յը, հա՛յը…
Հի՜ն անորոշ, կ՚որոնեմ զինք, կ՚ընդնշմարեմ:
Դար կայ ճակտին:
Դար՝ յօնքերուն:
Դար՝ աչքերու խո՜ր յատակին:
Ժամանակի այնքա՜ն այնքա՜ն դարափոշի՝
Ուղեղին մէջ ու կենցաղին,
Նիստ ու կացին:
Կը թուի թէ՝
Օրը վրան շող չի նետեր, միշտ կը մթնէ՛.
Չ՚ըներ լոյսի ան վարուցան անդաստանի մէջ սեփական,
Օտար արտի մէջէն կ՚ընէ չքաւորի միայն քաղհան:
Կը հնձէ մինչ ամէն դարէ խո՜ւրձ խո՜ւրձ խաւար,
Մութի կարծես մշակ ըլլար,
Հնձւոր վիշտի, հնձւոր ցուրտի,
Ցորենի տեղ ձիւնե՜ր կամնող, ձիւնե՜ր ուտող:
Աղքատութիւն միշտ ճաշելով՝
Սովի պարապ պնակներէն:

Հա՛յը, հա՛յը,
Ողբաբերան, ողբահագագ,
Ողբ քարոզող, ո՜ղբ կտակող սերունդներուն երիտասարդ,
Արտառո՛ց հայը, արտառո՜ց մարդ,
Ամէն տեսակ վէրք ու վիշտի վաղնջական հաշիւ մը բարդ:

Կեա՜նքը հայուն՝
Ջա՜րդ է անթիւ, ոսոխ եւ իժ,
Ընդհանուր ծեծ, սաստիկ պատիժ:
Տունը ըրին իրեն միշտ բանտ
Ու բանտը տուն երազաքանդ:
Կեանքին ճամբա՞ն.
Կարմիր աքսոր, սեւ կախաղան:
Օտարներ ցուրտ, նենք ու դաժան՝
Դրոշմեցին հայուն վրայ տարագիրի խորունկ խարան:
Դարը սուրի նման դրին մեր պատմութեան պարանոցին,
Յետոյ գացին:
Նորէն եկան, նորէն գացին:
Վերադարձին՝
Նորէ՛ն զարկին:
Օ՜, ե՞րբ, օ՜, ե՞րբ, մեր անցեալէն ու ներկայէն,
Պիտի վանենք պատիւի դէմ հարուած տուող, ոչնչացնող,
Թշնամիին այդ աքացին:

Ապրեցանք յար, կ՚ապրինք ահա,
Դարու մը մէջ որ դանդաղ չէ, որ չի քալեր, որ կը սուրայ,
Հիւլէ, հրթիռ՝ երբ աստղերուն կամք կը տանին,
Երբ կը պեղեն երկինքներու հեռու հոգին, կապոյտ հոգին, կնճռոտ հոգին:
Ո՜ւժ կը վազէ, ո՜ւժ կը յորդի,
Ուժ կ՚ողողէ, կը հեղեղէ՜ արդ ամէն դի:
Հանդէպ այսքան մեծ օրերու բոց ու ճաճանչ հորիզոնի,
Կ՚ապրինք խելօք, խելքէ հեռու, ճիգէ հեռու, առաքինի զերթ վայրենի:
Տգէտ ու սուրբ: Անխոհ կնճիռ:
Նոր կեանքի դէմ եւ արուեստի՝ հին բանելու մեռելակիր:
Անպատկեր յուշ: Անանդունդ սիրտ, անբարձունք կամք:
Հոգիներու միշտ խո՞տ եղանք ու նորէն խո՞տ պիտի մնանք:
Ո՛չ, ո՛չ անշուշտ.
Կուշտ ենք մանրէն, ու մահէն կուշտ:
Հայու կեղեւ ու միայն մորթ այս բաներէն՝
Պիտի նայինք ներս աւելի, պիտի նայինք անդին ու վեր,
Գտնելու բան յաւերժական, մեծ ու տարբեր:

Յամառութեան պողպատ է ան, անժանգ, մաքուր՝ պիտի ապրի:
Միջօրէի նման լուսեղ, միջօրէի նման կիզիչ, ճիգ է անվերջ՝ պիտի մնա՛յ:
Սպասում է հազար տարուայ, երկու հազար՝
Գիշերն իր մութ, անհո՛ւն խաւար՝ պիտի լուսնայ:
Դա՜ր դա՜ր բախեց, կը բախէ դեռ,
Յամառութեամբ ու նայուածքով բարձրասեւեռ՝
Դուռն ամրափակ մեծ բաներուն,
Անյայտ ու խոր տարածութեանց՝ գալիքներուն:
Բիբին խորը լուսեղ տեսիլք, աճող հեքիաթ, հո՜ւր առասպել՝
Կը սպասէ ան:
Հաւատքին իսկ ծանրուենէն ա՛լ փուլ եկած՝
Սպասումի հի՜ն հի՜ն տաճար՝
Կը սպասէ ան:

(«Բագին» ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի, Ա. տարի, թիւ 3, 1962, Պէյրութ, էջ 1-8): 

ԲԱՂՁԱՆՔ

Մաքուր, յստակ աչքերով, 
Ըլլալ տղա՛յ մը բարի, 
Ունենալ սէր ու գորով՝ 
Հանդէպ հանո՜ւր աշխարհի… 

Ամպերուն հետ սպիտակ, 
Որ քաղցրօրէն, տես, կ՚անցնին, 
Կեանքիդ ափէն աւերակ, 
Ըլլալ ընկե՛ր մտերիմ։

Կուրծքդ ըլլայ արձագանգ 
Տերեւներու խարշափին, 
Որոնք տժգոյն եւ անկեանք
Ալ կը մեկնի՜ն, կը մեկնի՜ն…

Մեռնող ամէն ծերուկի 
Տալ պատասխան գթալիր, 
Ծնող ամէն մանուկի՝ 
Օրհնութիւննե՜ր անձանձիր։

Յոյսին համար, որ կու գայ
Հեռուներէն, խորերէն՝ 
Այս հին կեանքին մէջ հիմա,
Վառել ճրա՛գ մը նորէն։

(«Բագին» ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի, Բ. տարի, թիւ 2, 1963, Պէյրութ, էջ 20): 

ՏԽՈՒՐ ԲԱՆԵՐ ՈՒ ԹԱԽԻԾ

Գիտնալէ վերջ հողէն ենք ու սահմանուած նոյն հողին,
Գիտնալէ վերջ թէ չկայ ա՛յլ կեանքերու ոչ մէկ յոյս,
Գիտնալէ վերջ թէ խորունկ փոսն է մահիճը վերջին՝
Կ՚արժէ՞ ապրի՜լ, երազե՜լ, կ՚արժէ՞ մահէն տալ միշտ խոյս:

Կեանքն ի՜նչ է որ, վերջապէս. ափ մը հողի պատմութիւն, 
Երջանկութեան ի խնդիր, խուլ սպառում մը տակաւ,
Կեանքն ի՞նչ է որ, եթէ ոչ ապրիլ՝ տեւե՜լ մը տժգոյն,
Քիչ մը ժպիտ, պահ մը սէր ու տուայտա՜նք մը անբաւ:

Ի զո՜ւր մարդիկ կ՚աշխատին ու կ՚երազե՜ն ու կու լա՜ն,
Ի զո՜ւր մարդիկ կը սիրեն ու կը տենչա՜ն, կ՚աղօթեն,
Կա՛րճ է կեանքն այս եւ սակայն ունի ցաւե՛ր անվախճան,
Խաչելութիւն եւ ապա սո՜ւգ մըն է մեծ նոյն ատեն:

Օ՛ր մը եւս տառապիլ, ո՛վ որ կ՚ևուզէ կը մնայ.
Օ՛ր մը եւս ծաղրուիլ, ան որ չ՚ուզեր, թող մեկնի,
Վաղն ամոքում չի բերեր, վաղն ա՛լ ժպիտ մը չկայ,
Մեծ յոյսն ամէն տեղ, գիտեմ, վաղն իսկ պիտի անհետի:

Մենք կը փնտռենք մեծ բաներ՝ պզտիկ սրտի մը համար,
Բայց հոն ինչպէ՜ս լեցընել ցնծութեան այսքա՜ն վառօդ
Առանց ստոյգ վտանգի, այսքան հեշտանք անհամար,
Գինովութիւն ու երազ, անբիծ սէրեր մշկահոտ:

(«Ազդակ» օրաթերթ ազգային, գրական, քաղաքական, հասարակագիտական, Խ. տարի, թիւ 189, 14 հոկտեմբեր 1966, Պէյրութ, էջ 1): 

ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍԵՆՖՈՆԻ

(Supremum vale)
Քաղցրամարմի՜ն իմ երազ, քաղցրամարմի՜ն իմ երազ,
Մահուան սայլակն անուրախ կը ճռնչէ վերստին,
Մոռացումիս ճամբայէն կ՚անցնի կարօ՜տ մը անհաս,
Աղօթահե՜ւ ու լռիկ, կու լայ թախիծն աշունին:

Ու մեկնումի կը հնչէ, խուլ մահազա՜նգ մը հեռուն,
Կարելի չէ՜ ալ մնալ այս տանջանքին մէջ անյոյս,
Պէտք է ալ տալ հրաժեշտ սիրուած բոլո՜ր բաներուն,
Եւ չքանա՜լ յաւիտեան ունայնութեան մէջ անլոյծ:

Ալ չմնաց ոչ մէկ սէր, ոչ մէկ տենչանք, ոչ մէկ յոյս, 
Սպառեցա՜ւ ամէն ինչ, տխրութեան սե՛ւ ցայգին մէջ,
Հիմա վէրքերն են առատ, որ կը կոտտան իմ անլոյս
Թողլքումիս մէջ հիւանդ ու կարօտիս տրտմառէջ:

Մահածորա՜ն աշունի եղերաշուք տրտմութիւն, 
Կեանքիս արեւը տակաւ կը քայքայուի անվախճան,
Չարախինդ հո՛վ մը կ՚ոռնայ՝ մեկնումի գո՜րշ իրիկուն,
Հիւանդ քերթողն եմ կրկին, երջանկազուրկ մութ տղան:

…Անո՛նց՝ որոնք ա՛լ մեռած, եղած են հող ու աւազ,
Կամ ճառագայթ ու մշուշ, երկնքի մա՜ս մը կապոյտ,
Տանք մեր վերջին նայուածքով վշտակցութիւն մը, երազ,
Չիմացած դեռ իրենց, կեանքին ափէ՜ն այս տղմուտ:

Անո՛նց՝ որոնք չծնած, պիտի ծնին ու մեծնա՜ն,
Սիրե՜ն, սիրուի՜ն ու տենչան ու մինչեւ մահ տառապին,
Ապա օր մ՚ալ իրարմէ յափրացած հեռանան,
Բարի գալուստ մենք մաղթենք ու դեռ մաղթենք որ մեկնին:

(«Ազդակ Շաբաթօրեակ» Ա. տարի, թիւ 11, ուրբաթ, 12 մայիս 1944, Պէյրութ, էջ 4):

ՃԷՊԷԼ-ՄՈՒՍԱ

… Ով իմ հոգի՛
Դուն կը մտնես Ճէպէլ-Մուսա, դուն կը կենաս որեւէ տեղ.-
Այս երկինքին տակ, այս խորագմբէթ կամարին ներքեւ
Աստղերն են լոյսի յորդուն բաժակներ
Մանիշակագոյն բովանդակութեամբ.
Կախուեր են միլիոն շթաքարի պէս
Տիեզերքներուն հսկայ անձաւէն
Մինչ վարը նստած ստուերներու մէջ
Ահա կ՚աղօթեն բլուրներ բարի…:
Մեր լեռն է ասի, աղուոր ամէն ժամ, գիշեր թէ ցերեկ,
Ձմեռ թէ ամառ.
Ինչպէ՞ս դուն հիմա հեռու տեղ ինկած,
Աւազախրուած օտարութեան մէջ, ու տարիներուն
փուշը քու վէրքին՝
Չըսես, չկրկնես
«Կարօտցա՛ծ ենք քեզ, սքանչելի սար,
Սկզբնապատկեր բուն հայրենիքի,
Միջերկրականեան թոռնի՛կ Մասիսի.
Կարօտցած ենք քեզ՝
Խաչակիր հայոց մնացորդացի
Դուն բիւրեղարան, հսկիչ մեծազօր»:
… Մեր լեռն է մաքուր. արագա՛ղջ երկիր,
Թարշիշի հսկայ գունդի պէս դրուած
Միջերկրականի եռացող ափին
Դիմացը յստակ, հպարտ Կասիոսին,
Կը կենաս, կը նայիս, կը տեսնես.-
Քամի՛ է ցատկեր եւ կտոր մշուշ՝ սա քարին վրայ անվերջ կրծոտուած
Մութ արջ դարերէն հին հին շրջանի.
Գարունն է պատռեր հոս կանաչ շապիկ
Գիշերներ առաջ ու հեռացեր շուտ՝
Հիւսիսի ճամբով եւ արեւելքի:
Խաղաղ ծովուն մէջ պսպղուքներ կան Օգոստոս մասու
Ու կապոյտն ի վար մեծ հեղուկներուն
Կը լողայ, կ՚երթայ տաճար մ՚արեւի,
Այս երկնքին տակ մութն է բացակայ
-մութն ամէ՛ն բանի-.
Մի՛ դուք զարմանաք.
Ունի վառ ճրագ
Բուխերիկ մ՚ի վար
Իջնող յամրաբար
Ամէն հոծ խաւար
Ամէն տան համար:
Մի՛ դուք զարմանաք.-
Ամէն սեւի մէջ եւ ամէն սուգի՝
Կայ հին մեռելի նայուածք մը բարի,
Որ միշտ կը վառի,
Որ կու տայ միշտ լոյս
Կեանքի խրախոյս,
Կենդանութիւն նոր ու դեռ կամք հզօր
Եռանդ ու կորով ծագող ամէն օր,
Երբ կեանքն է այսպէս որ կը կրկնէ քեզ
Կեանքով մահուան մէջ ու մահով կեանքին՝
Չի մնար սարսափ ընդմիշտ կորչելու:

Երկինքը երկրին ոչ մէկ ուրիշ տեղ
Չտուաւ ա՛յսքան ինքնիրմէ բաժին,
Սրբազան մասեր.
Խոր անկեղծութեան չզարկաւ կնիք՝
Երկրագնդային ա՛յլ մակերեսի:
Աստուած հոս բա՛ն մը դրաւ, որ չդրաւ ուրիշ տեղ,
Դրաւ հոս բա՜ն մը շքեղ,
Եւ չծնաւ անկէ ետք ոչ մէկ տգեղ բան այստեղ:
Ոչ մէկ պզտիկ գոյութիւն, ոչ մէկ պղտոր արարած.
Ո՜վ իմ հոգի կարօտած,
Մեծ բանն է հոս մեծ, անփոքրանալի՛:

(«Ազդակ Շաբաթօրեակ» Դ. տարի, թիւ 30, ուրբաթ, 19 սեպտեմբեր 1947, Պէյրութ, էջ 1):

ԻՐ ԱԼՊՈՄԻՆ

Եւ օր մըն ալ, աղո՜ւր քոյր, երբ աւարտես ամէն սէր,
Քաղցր մատնիչ անցեալի սեւ տողերուն ընդմէջէն,
Տանիս հոգիդ անխարդախ մեծ անցեալի՛ մը աւեր,
Յիշէ տղա՜յ մը տրտում եւ արտասուէ՛ դուն նորէն:

Երբոր աշուն մը դեղին, աղօտ հեքիաթ մը՝ պատմէ
Քու նայուածքիդ տրտմանուշ ջրվէժին տակ լուսաւոր,
Ու անցեալիդ փուլքերէն որբ յիշատակ մը կանչէ
Քեզի քու տա՜ք անունով, վերադարձի՜ր ի՛մ աղուոր:

Յիշէ խնճոյքն անաւարտ, մահանուա՜ղ ու բարի,
Որուն մարդիկն այս տխմար, ի զուր «Անցեալ» կ՚ըսեն միշտ,
Մինչ աւելի քան ներկան, ներկա՜յ է ան եւ գերի
Ու նաեւ տէ՛ր մեր սրտին՝ յաճախ տրտում, մերթ անվիշտ:

Մեծ ջուրերու խռովքին, յանձնէ երա՜զըդ ամբողջ
Աստուածախենթ Զղջումին հաշիշներէն խելագար,
Երբոր յիշես մոռցուած դեռ քու հին սէրը դողդոջ
Նետէ նաւակը սրտիդ իմ այս երգին մէջ խաւար:

Սեւ ու տրտում գետերուն հսկայ ցանցին անծանօթ՝
Որ ալպոմէդ կը բղխին եւ ալ երբեք չեն հատնիր.
Տղմապղտոր հոսանքին յանձնէ ամէ՜ն առաւօտ,
Աղուոր երազդ քո՛յր իմ ու բաղձանքնե՜րդ ամբասիր:

(«Ակօս» պարբերագիրք, ձեռնարկ Հայ ճեմարանի շրջ. միութեան, ԺԳ., 1946, Պէյրութ, էջ 65):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 22, 2025