Երեքշաբթի 25, Նոյեմբեր 2025
ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Շաբաթավերջին, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ոսկի աշնան աւանդական խրախճանքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Պոլսահայ միջմիութենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկի ծրագիրը ունէր երաժշտական ճոխ բաժին մէջ, որու ընթացքին հանդէս եկան Ալէն Ցնծալ, Մարալ Աթաման եւ Սարգիս Եազմաճը։ Բոլոր մասնակիցները հաճելի ժամանց ունեցան թէ՛ վայելելով իրարու հետ անմիջական զրոյցը եւ թէ հաղորդ դառնալով հայկական աւանդութիւններու եւ երաժշտութեան։
Խրախճանքի յարաբերաբար աւելի փոքր տարիքէ մասնակիցներուն համար ալ նախատեսուած էր հաճելի ժամանցի մթնոլորտ՝ մանաւանդ, որ գծագրական աշխատանքները բաւական հրապուրիչ էին անոնց տեսակէտէ։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025