ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՒԱՏՈՅ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, այս շրջանին համայնքէն ներս ստեղծուած է «Պոլսահայ հաւատոյ երգչախումբը», որ երէկ երեկոյեան իր առաջին փորձը կատարեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Սա աւանդական ձեւաչափով կազմուած միացեալ երգչախումբ մըն է, սակայն, հաշուի առնելով անոր կատարելիք երգեցողութեան բնոյթը՝ տարբեր անուանումով մը աշխատանքի ձեռնարկած է։

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի խնդրանքով ստեղծուած է այս երգչախումբը՝ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ։ Սրբազան Պապը Թուրքիա պիտի այցելէ Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին առթիւ։ Յոբելեանը թէեւ պիտի նշուի Նիկիոյ մէջ, սակայն, Սրբազան Քահանայապետի Թուրքիա այցելութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, կեանքի պիտի կոչուի Իսթանպուլի մէջ։

Նոյեմբերի 29-ին, այս շաբաթ երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը պիտի պատարագէ «Volkswagen Arena»ի համալիրէն ներս։ Արարողութեան ընթացքին պիտի հնչեն նաեւ հայկական շարականներ։ «Պոյսահայ հաւատոյ երգչախումբը» պիտի կատարէ այդ շարականներու երգեցողութիւնը։ Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեայ յոբելեանին առթիւ կազմուած այս միացեալ երգչախումբի ղեկը վստահուած է Յակոբ Մամիկոնեանին, որ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին վարիչն է։ Երգեհոնահարուհին պիտի ըլլայ Լիւսի Գահվէճիօղլու, որ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի սիւներէն է։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ այս երգչախումբին համար պատասխանատու նշանակուած է Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Երէկուան առաջին փորձին ժամանակ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան միացեալ կազմի անդամներուն փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները։ Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ սա համաքրիստոնէական իրադարձութիւն մըն է եւ այս ամբողջին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացնելը կ՚ենթադրէ թէ՛ մեծ պատիւ եւ թէ մեծ պատասխանատուութիւն։ Երգչախումբի անդամներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար։

Կազմը աշխատանքի ձեռնարկեց Տէրունական աղօթքով եւ հայր սուրբի «Պահպանիչ»ով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025