ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Տարբերութիւն կայ «դաս տուող» ծառայողին, այսինքն՝ ան, որ քարոզներ եւ դասախօսութիւններ կու տայ անոնց՝ որոնց կը սպասարկէ, առանց անոնց մէջ յառաջացնելու երկխօսելու, մասնակցելու, փնտռելու եւ մտածելու հոգին, եւ «կազմակերպող» ծառայողին միջեւ, այսինքն՝ ան, որ իրմէ սպասարկուածները կը մղէ, որպէսզի պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունենան, ինչպէս նաեւ արթնութիւն, աւելին կրնան մասնակցիլ, օգնել՝ մտածումով, գործադրելով եւ ստեղծագործելով, որոնք այսպիսով աճելու ճամբայէն կը քալեն:
Կազմակերպող ծառայողին համար Տէր Յիսուս գերագոյն Տիպարն է, հակառակ անոր, որ Ամենակարող Աստուածն է, սակայն աշակերտներու եւ օգնականներու խումբեր կազմեց, սկսելով տասներկու աշակերտներէն, անցնելով եօթանասուն առաքեալներուն, մինչեւ հինգհարիւր եղբայրենրը, որոնք ականտես եղան Իր յարութեան եւ վկայեցին այդ մասին, անցելով հարիւր քսան անուններուն, որոնց վրայ իջաւ Սուրբ Հոգին Պենտեկոստէի օրը:
Արդարեւ, ի՞նչ են կազմակերպող ծառայողին յատկութիւնները եւ ի՞նչ են իր միջոցները:
1. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂ ԾԱՌԱՅՈՂԻՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Կազմակերպող ծառայողը բազմաթիւ յատկութիւնն ունի, որոնցմէ են.
ա. Ան ինքզինք անսխալական, բոլորէն գերազանց կամ իւրայատուկ չի՛ զգար:
բ. Կը յարգէ իւրաքանչիւր մարդու մարդկութիւնը:
գ. Կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր մարդ պարգեւներ ունի:
դ. Կը յայտնաբերէ կորովները եւ կ՚աճեցնէ զանոնք:
ե. Կը քաջալերէ խումբը, որպէսզի իրենք զիրենք արտայայտեն:
զ. Իւրաքանչիւր անձի ստեղծագործական հմտութիւնը կը քաջալերէ:
է. Կը հաւատայ հաւաքական աշխատանքին:
ա. Կազմակերպող ծառայողը ինքզինք անսխալական, բոլորէն գերազանց կամ իւրայատուկ չի՛ զգար:
Դուն ամբողջ ճշմարտութիւնը չունիս, կամ բոլոր կորովները, կամ բոլոր պարգեւները, ինչպէս նաեւ առանց Աստուծոյ քու մէջդ գործող շնորհքին՝ ո՛չ ոքէ աւելի լաւ ես, հետեւաբար, դուն քեզ անսխալական, բոլորէն գերազանց կամ իւրայատուկ մի՛ զգար: Այդ պատճառով, կը նկատենք, թէ ամենէն զօրաւոր զէնքը, որով կը յաղթես ծառայութեանդ մէջ՝ խոնարհութիւնն է: Եթէ գլուխդ դէպի երկինք բարձրացուցիր, ապա ոտքերդ գետնին վրայ հաստատ պիտի չմնան, այլ խօսքով՝ հպարտութիւնը պիտի մղէ քեզ, որ սայթաքիս: Անդին, եթէ քննադատութիւն չես ընդունիր, ապա դուն տկարութեան եւ վտանգի մէջ ես, պիտի չկարենաս տեսնել մեղքերդ եւ ժխտական կողմերդ եւ հետեւաբար՝ պիտի չկարենաս սրբագրել զանոնք:
Մովսէս մարգարէն, որ միայն 90-րդ սաղմոսը գրած է, ինքն իրեն համար ութսուն տարի տուաւ ապրելու… Այդ տարիներէն քառասունը անցուց փարաւոնի տան մէջ, իսկ միւս քառասունը՝ անապատին մէջ եւ երբ կարծեց, թէ իր կեանքը վերջացած է, Աստուած հրաւիրեց զինք փառաւոր գործի մը, որով եւս քառասուն տարիներ անցուց:
բ. Կը յարգէ իւրաքանչիւր մարդու մարդկութիւնը:
Չի՛ վիրաւորեր ոեւէ մէկ պարզ մարդու զգացումները, այլ՝ կը յարգէ բոլոր մարդոց: Չի՛ ծաղրեր ոեւէ մէկը՝ ֆիզիքական կամ մտաւոր տկարութեան պատճառով, արդարեւ դուն ալ պիտի մեծնաս եւ կրնայ ըլլալ նոյն բաներէն տառապիս…: Խնդայ անոր հետ՝ բայց մի՛ խնդար անոր վրայ, քանի որ Աստուած զինք Իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն ստեղծեց, ան Աստուծոյ սիրտին մէջ թանկագին կտոր մըն է, եւ Աստուած սիրեզ զինք ու իր փոխարէն զոհուեցաւ, անոր քանքարներ եւ բազմաթիւ պարգեւներ տուաւ:
գ. Կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր մարդ պարգեւներ ունի:
Չկայ մարդ, որ պարգեւներ չունենայ: Իւրաքանչիւր մարդ, ինչ ալ ըլլայ, ունի իւրայատուկ պարգեւներ, զորս Աստուած տուած է իրեն: Օրինակ, բառացի անգրագիտութիւնը միակ անգրագիտութիւնը չէ, այլ՝ մշակութային անգրագիտութիւնը աւելի ծանր ու վտանգաւոր է: Արդարեւ, քանի կայ անգրագէտ մարդ, որու մէջ աստուածային իմաստութիւն եւ բացառիկ առաջնորդողի ոգի կայ: Իւրաքանչիւր մարդ ունի պարգեւներ, քանքարներ եւ կորովներ, կարեւորը յայտնագործենք զանոնք եւ ձգենք, որպէսզի աշխատին, գործեն:
դ. Կը յայտնաբերէ կորովները եւ կ՚աճեցնէ զանոնք:
Անպայմանօրէն պէտք է ծառայողներու շարունակական դասարաններ հասցնել: Արդարեւ, Աստուած կը մերժէ մէկ ծառան, ով ինքզինք կը տեսնէ եւ ուրիշներուն առիթ չի՛ տար:
Հետեւաբար, յայտնաբերենք կորովները եւ ջանանք աճեցնել զանոնք. ասիկա կ՚իրականանայ աշխատանքով, ծառայելով, ինքզինք արտայայտելով, առանց ասոնց կարելի չէ կորովները յայտնաբերել, ո՛չ ալ օգտագործել քանքարները՝ որոնք իւրաքանչիւր մարդու մէջ կան:
ե. Կը քաջալերէ խումբը, որպէսզի իրենք զիրենք արտայայտեն:
Մէկ ուղղութեամբ խօսիլը վտանգաւոր է…, եւ ծառայողը պէտք է տիրապետած ըլլայ ուրիշը լսելու արուեստը: Ձգէ, որ անոր որուն կը ծառայես՝ ինքզինք արտայայտէ, մի՛ մերժեր զինք եւ մի՛ արգիլեր: Քաջալերելը ինքզինք արտայայտելու՝ կարեւոր է, որով առիթ կու տայ քեզի գիտնալու անոր պարագաները, հարցադրումները, հոգերը, կորովները, քանքարները, իր հոգեւոր մակարդակը, եւ ալն:
զ. Իւրաքանչիւր անձի ստեղծագործական հմտութիւնը կը քաջալերէ:
Գործունեայ ղեկավարը գիտէ, որ իր խումբի անդամները ստեղծագործական հմտութիւններ ունին եւ կ՚աշխատի իւրաքանչիւր անձնական գանձը յայտնելու, որպէսզի խումբը օգտուի իր միւս անդամներուն պարգեւներէն: Ասոր լաւագոյն օրինակը կիրակնօրեայ դպրոցներու համագումարներու ընթացքին կատարուած մրցումներն են, ինչպէս օրինակ՝ զրուցավար, երաժիշտ, լրագրող, պատմող, բանագնաց, արուեստագէտ, բանաստեղծ. այս բոլորը կը կատարուին յայտնաբերելու եւ աճեցնելու համար խումբի անդամներուն ճարպիկութիւններն ու կորովները, որով խումբը կը հարստանայ:
է. Կը հաւատայ հաւաքական աշխատանքին:
Որով խումբին ղեկավարը այնպիսի ընկերային հաւաքական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որով կը քաջալերէ նորարարութիւններ ընել, գործակցիլ եւ փոխազդեցութիւն ունենալ իրարու վրայ: Բոլորը, ինչպէս գիտենք, մասերէն աւելի մեծ է, եւ հաւաքական աշխատանքը մեզի կու տայ նոր ու նորոգուող կորովներ. ան մէկ հոգիի միայն պիտի չապաւինի, այլ՝ սպասաւորներու անձնակազմի մը:
2. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂ ԾԱՌԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ
Կազմակերպող ծառան բազմաթիւ միջոցներ կը գործածէ, որոնցմէ են.
ա. Երկխօսութիւն:
բ. Սորվիլ՝ գործադրելով:
գ. Բաժնեկցիլ - մասնակցութիւն:
դ. Սորվիլ՝ իւրացնելով:
ե. Աշխատանքային խումբեր:
ա. Երկխօսութիւն:
«Դարուս լեզուն է» եւ միակ միջոցն է մարդը աճեցնելու՝ մանկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն, որովհետեւ այս կը կայանայ առնելու եւ տալու վրայ, զգալու եւ արձագանգելու վրայ, ընդունելու եւ մերժելու վրայ:
Երկխօսութիւնը մեզ կը տանի՝
1. Գիտնալ լսողներուն կարիքները:
2. Իմանալ անոնց կորովները:
3. Հասնիլ միասնական համոզումներու:
4. Հասնիլ առողջ որոշումի:
5. Այնպէս կ՚ընէ, որ ծառայողները դրականօրէն մասնակցին գործադրելու առնուած որոշումը, որու մասին համաձայնած են:
6. Գիտնալ խումբին եւ անհատներուն խնդիրները:
7. Ուշադրութիւնը, որով մի քանի զգայարանքներ կը գործածեն, ինչպէս՝ լսել, նայիլ, խօսիլ, հակառակ դասախաօսութեան՝ որ մէկ ուղղութեամբ է:
բ. Սորվիլ՝ գործադրելով:
Որովհետեւ բան մը գործադրելոը աւելի զօրաւոր է՝ քան սորվեցնելու մեթոտները…, ինչպէս օրինակ՝ ուսուցողական պատարագ, վանքերու այցելութիւններ՝ գիտնալու համար վանականութեան, սարկաւագութեան եւ փառաբանութեան հիմքերն ու էական կէտերը: Մարդ երբ ծառայութիւնը գործնականօրէն կը կատարէ, իրապէս շատ բան պիտի սորվի:
գ. Բաժնեկցիլ - մասնակցութիւն:
Այսինքն՝ անդամները մասնակցին դասը պատրաստելուն, ժողովը առաջնորդելուն, որպէսզի իւրաքանչիւր երիտասարդ վերածուի ժողովի մէկ մասնիկին, որով կը մերժէ դուրս ելլել եկեղեցիէն, այլ՝ ան դրական դերակատարութիւն կ՚ունենայ աշխատանքին մէջ:
Մասնակցիլը ժողովը պատրաստելուն, իւրաքանչիւր անդամը կը վերածէ կենդանի մասնիկի մը, որ հոգեպէս, հոգեբանականօրէն եւ ընկերայինօրէն կը զգայ իր պատկանելիութիւնը այս ժողովին, եկեղեցիին եւ Տէր Յիսուսին:
դ. Սորվիլ՝ իւրացնելով:
Այսինքն՝ տիպար ըլլաս, որով խումբին անդամները քու վարուելակերպէդ, վերաբերմունքէդ աւելի՛ն կը սորվին, քան՝ խօսքերէդ եւ ուսուցումներէդ: Նոյնիսկ ծառայութիւնն ու անոր ոգին քեզմէ՛ պիտի իւրացնեն:
ե. Աշխատանքային խումբեր:
Որպէսզի ժողովը աշխատանքի խումբերու վերածուի, այն կը տանի՝ ծանօթանալու, ձիրքերը յայտնաբերելու, ամչկոտը կը սկսի խօսիլ, համոզուիլ իր ընկերներէն մէկուն ըսածին. ան՝ որ ծառայութիւն կը ստանայ, կը հասնի ճշմարտութեան՝ իր ջանքերով, նոր առաջնորդներ պատրաստել, եւ այլն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 6
Վաղարշապատ