ՔԱՋ ՎԱՐԴԱՆԻՆ ԹՈՌՆ ԵՄ Ե՛Ս

Հայ գրականութեան մէջ գոյութիւն ունին բազմաթի՜ւ անծանօթ ու անյայտ գրողներ, որոնք իրենց ժամանակաշրջանին ստեղծագործած են եւ լռութեամբ հեռացած՝ առանց արժանանալու այն գնահատանքին, որուն իրապէս արժանի են։ Այս դժբախտ երեւոյթը յաճախ կ՚ուզենք շեշտել, որովհետեւ հայ գրականութիւնը միայն Պարոյր Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան եւ կամ Գրիգոր Զօհրապ չէ. այդ արժանաւոր՝ սակայն համեստ ու լուռ գրողներէն մէկն է Ա. Արփինէ. Արփինէ Աբրահամեան անունով կին գրող մը՝ որուն մասին շա՜տ քիչ բան գիտենք. 1940-ական թուականներէն սկսեալ անոր անունը կը տեսնենք տարբեր պարբերականներու մէջ: Ա. Արփինէ հսկայական գիրքերու կամ մեծաթիւ պատմուածքներու հեղինակ մը չէ. անոր գործերը հազիւ թէ մի քանի տասնեակ պատմուածքներ կ՚ամփոփեն: Հեղինակ է մի քանի փոքր աշխատութիւններու. «Կեանքի կատակերգութիւնը», «Եւ նաւը սուլեց», «Պրկուած ծառեր»: Գրող՝ որ կեանքին վերջին տարիները ապրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Նիւ Եորք: 

Արձակագիր, հրապարակագիր եւ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեան, 1968 թուականին, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի շաբաթ, 16 մարտ 1968 թուակիր թերթին մէջ (ԽԲ. տարի, թիւ 11 (10972) էջ 3, Ա. սիւնակ) խօսելով Ա. Արփինէի մասին կը գրէր. «Շատ բծախնդիր, քիչ արտադրող, աւելի քիչ թերթերու մէջ երեւցող գրողներու այն դասուն կը պատկանի Ա. Արփինէ, որոնք նովիւ բանիւ կը մնան քիչերուն ծանօթ, հասարակութեան լայն խաւին գուրգուրանքէն հեռու՝ հակառակ իրենց արժանիքներուն, անառարկելի շնորհներուն: Ա. Արփինէ շատ արտադրելը առաքինութիւն չհամարեց եւ ոչ ալ գրեց ծափի ու պսակի համար: Գրե՛ց: Ինքն իրեն համար նախ, նախ՝ ինքն իրմէ ազատագրուելու եւ ապա՝ միայն այլոց հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու համար, ինչպէս կ՚ընեն արուեստին հանդէպ յարգանք ունեցող բոլոր հոգիներ»: 

***

Այսօր դէմս ունիմ Ա. Արփինէի «Հայ եմ ես» պատմուածքը՝ գրուած 1964 թուականին՝ Նիւ Եորքի մէջ. պատմուածք՝ որ յետցեղասպանութեան հայ ժողովուրդին մեծագոյն վէրքերէն մէկը կը ներկայացնէ. գաղթ, օտարութիւն եւ ամենէն դաժանը՝ հայաթափութիւն: 

Պատմութիւնը կը նկարագրէ մայր մը, որուն զաւակը մեկնած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ նոր կեանքի մը սկսելու, ապրուստ մը ապահովելու եւ այդտեղ գտնելով իր կեանքին կէսը՝ ամուսնացած ու ունեցած էր երկու զաւակ: Խեղճ մայրը ամբողջ ութ տարի քաշած էր տղուն կարօտը. միւս կողմէ, սիրտը կը վառէր իր թոռներով. տակաւին չէր տեսած զանոնք, սակայն իր երեւակայութեան մէջ հո՛ն էր, անոնց մօտ. կ՚երեւակայէր, թէ ինչպէ՛ս ժամանակ պիտի անցընէ անոնց հետ, ինչպէ՛ս պիտի պատմէ հայ հերոսներուն մասին, ինչպէ՛ս հայերէն գրել ու կարդալ պիտի սորվեցնէ եւ զինք կեանքին կապող միակ երազները ասոնք էին: Ամէ՛ն անգամ քովի դրացիին զաւակը՝ Վարդանիկը իր գիրկը նստեցնելով փորձած էր նախափորձեր ընել. այդ երազները մասամբ փորձած էր կեանքի կոչել Վարդանիկին վրայ. ամէ՛ն անգամ խօսած էր հայ հերոսներու մասին, հայ հերոսամարտերուն մասին եւ Վարդանիկ ոգեւորուելով բարձրացած էր աթոռին վրայ, հպարտութեամբ ձեռքը օդը բարձրացուցած ու կոչած էր. «Հա՛յ եմ ես, քա՛ջ եմ ես… քաջ Վարդանին թո՛ռն եմ ես»: 

Այդ հայու հպարտութեան մէջ կինը փորձած էր տեսնել իր թոռները, որոնք նոյնպէս ոգեւորուած պիտի բարձրանային աթոռի վրայ եւ այդ հայաշունչ տողերը ըսէին: 

Կեանքը բախտը կը վիճակէ եւ մայրիկը ութ տարի կարօտ քաշելէն ետք կը հասնի այն թոռնիկներուն՝ որոնց կարօտը փորձած էր առնել Վարդանիկէն: Սակայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հասնելով մայրիկին ուրախութիւնը երկար չի տեւեր… հասնելուն պէս իր զաւակին՝ Տիգրանին անունը փոխուած կը գտնէ. Տիգրանը հին էր եւ Ամերիկայի համար նոր անուն մը պէտք էր. թոռները եւս հայկական անուն չունէին. մէկը Մայք էր, իսկ միւսը՝ Ճիմի. սակայն կ՚ուզէր, որ այս բոլորը արգելք չըլլան իր երազներուն։ «Մա՛յք, Ճիմի՛, ձագերս, քովս եկէք», կ՚ըսէր, սակայն թոռները չէին գար, պարզապէս իրենց անունը լսած ըլլալնուն համար կը ժպտային. թէ՛ զաւակն ու հարսը, թէ՛ թոռները իրարու միջեւ անգլերէն կը խօսէին. անոնց կը միանային նաեւ որոշ գաղթական հայեր եւս. անոնցմէ մին կ՚ըսէր. «Հայերէ՛ն խօսեցէք ճանս, մայրիկն ալ հասկնայ». սակայն, մայրիկը յուսահատ գլուխը կը շարժէր, ըսել ուզելով՝ ձգէ ուզածնուն պէս խօսին… որովհետեւ այն հայերէնը, որ կը խօսուէր, այդ մէկը եւս խորթ էր իրեն համար: Ա. Արփինէի բառերով. «կոտրած սրտով հայուհի մըն էր ինք այլեւս. ըմբոստացած, ընդվզած ու լռած: Եթէ հայերէն իսկ խօսէին, շատ բան չէր հասկնար արդէն։ Բառերուն կէսէն աւելին օտար էր եւ անհարազատ այդ եղանակը ուղղակի անհանդուրժելի՝ իր ականջներուն, զորս կ՚ուզէր խցել, խցե՜լ ու չլսել…»: 

Հայրենի հողին վրայ Վարդանիկով իր թոռները երազող մայրը, այժմ թոռները գիրկը Վարդանիկը կ՚երազէր. 

«Հազիւ հինգ գարուններու արեւը վայելած Վարդանիկը սակայն ՀԱՅ էր. անոր երակներուն մէջ հայ քաջերուն, հայ հերոսներուն արիւնը կ՚եռար, անոր էութեանը մէջ կարծես ցեղին ձայնը կ՚որոտար…»: Հիմա, իր թոռները նոյնիսկ եթէ օր մը կարդային հայ քաջերու, հայ հերոսներու մասին, անոնց ակնարկին մէջ երբեք պիտի չիյնար այն կարծը, որով կը վառէր Վարդանիկին աչքերը. անոնց էութիւնը երբեք պիտի չբռնկէր այն հուրով, որ Վարդանիկի արիւնին ու ձայնին մէջն էր, մանաւանդ ա՛յն ժամանակ, որ աթոռին վրայ բարձրանալով կոչէր.- «ՀԱՅ ԵՄ ԵՍ… ՔԱՋ ԵՄ ԵՍ…»: 

Այս մէկը դժբախտ մայրիկի մը պատմութիւնը չէ լոկ. ազգի մը դժբախտութիւնն է՝ ամփոփուած կարճ էջերու մէջ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Օտարութեան մէջ ծնող սերունդները կրնա՞ն իրենց արմատներուն հարազատ մնալ:

Պատասխան. Օտարութեան մէջ ծնող սերունդները կրնան հարազատ մնալ իրենց արմատներուն, երբ լաւապէս ճանչնան իրենց մշակութային ժառանգութիւնը եւ ունենան սէրը այդ մէկը պահպանելու: Եթէ կապուած չմնան իրենց արմատներուն, չսորվին մայրենի լեզուն, չճանչնան ազգային սովորութիւններն ու արժէքները, չսերտեն պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ աստիճանաբար կը մոռնան իրենց արմատները եւ կը հեռանան: Օտար միջավայրի մէջ հասակ առնող սերունդներուն համար ազգային դաստիարակութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի, որով կրնան կապուած մնալ իրենց ինքնութեան հետ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025