ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔ
«Փրկութիւն» բառը երբեմն կը նշանակէ արտաքին չարիքէ ազատութիւն, ինչպէս (ԵԼՔ. ԺԴ 13)։ Նաեւ կը նշանակէ բժշկութիւն, ինչպէս (ՅԱԿ. Ե 15), ուր քրիստոնեայի հիւանդութեան վրայ խօսելով առաքեալը կ՚ըսէ. թէ՝ «Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ», այսինքն՝ պիտի բժշկէ «հիւանդը»։ Սակայն «փրկութիւն» բառը սովորաբար կը վերաբերի այն օրհնութիւններուն՝ զորս հաւատացեալներ կը վայելեն հոգեւորապէս, եւ երբեմն այն օրհնութիւններուն՝ զորս կը վայելեն երկրի վրայ. (ԵՓԵՍ. Բ 8), (ՂՈՒԿ. Ա 77), բայց աւելի յաճախ՝ Քրիստոսի կողմանէ հաւատացեալներու խոստացուած ամբողջ երանելի վիճակին, որու սկիզբն է մեղքերու թողութիւն եւ վախճանը՝ յաւիտենական փառք. (ՀՌՈՎՄ. ԺԳ 11)։
«Շնորհք» բառին ընդհանուր նշանակութիւնն է բարերարութիւն, պարգեւ։ Երբ Աստուծոյ վրայ է խօսքը, կը նշանակէ «բարերարութիւնը՝ զոր մարդոց ըրաւ Աստուած, եւ որուն արժանի չեն մարդիկ. այս իմաստով կը գտնուի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Իր նախասահմանութեանը եւ շնորհներուն նայելով». (Բ ՏԻՄ. Ա 9)։
«Շնորհք» կը նշանակէ նաեւ այլ եւ այլ պարգեւները, զորս կու տայ այս «շնորհք»ը, զոր օրինակ, արդարացումը, ինչպէս. (ՀՌՈՎՄ. Ե 15)ի մէջ՝ զօրութիւն եւ սրբութիւն, ինչպէս. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի». (Բ ԿՈՐՆ. ԺԲ 9)։ Կը նշանակէ նաեւ «յաւիտենական փառք», ինչպէս. (Ա ՊԵՏՐ. Ա 13)։
(ԳՈՐԾՔ. ԺԴ. 3)ի մէջ «Շնորհներու խօսք» ըսելով կը հասկցուի Աւետարանը։
Նոյնպէս (ԵԲՐ. ԺԳ 9)ի մէջ «Շնորհք» բառով կը հասկցուի Աւետարանին վարդապետութիւնը։
Այս բոլոր հատուածներուն մէջ յիշուած բառերուն այս ինչ կամ այն ինչ նշանակութիւնը կ՚որոշուի անոնց հետ գործածուած միւս բառերուն իմաստէն։
Այս կանոնը, որ ընթերցողին կ՚օգնէ որոշել, թէ խօսքի մը մէջ այս ինչ բառին բազմաթիւ նշանակութիւններէն ո՛րն է տեղւոյն յարմարագոյնը. ան կ՚օգնէ նաեւ հասկնալ, թէ այն բառը հոն նկարագրապէ՛ս, այսինքն՝ առաջին եւ հասարակ նշանակութեամբ, թէ այլաբանութեամբ առնուած է։
Երբ խօսք մը կարդալով կը տեսնենք, թէ իմաստին մէջ հակասութիւն մը կամ անհնարութիւն պիտի ծագի, եթէ անոր բառերը առնուին իրենց հասարակ նշանակութեամբ, յայտնի է, թէ հոն բառերը առնուած են այլաբանական մտօք։
Զոր օրինակ, (Ա ՊԵՏՐ. Բ 5)ի մէջ քրիստոնեաներ կոչուած են «կենդանի քարեր»։ (ՀՌՈՎ. ԺԳ 12)ի մէջ առաքեալները կը յորդորեն հաւատացեալները «լոյսի զէնքերը» հագնիլ։ (Ա ՊԵՏՐ. Ա 13) համարին մէջ քրիստոնեաներու ըսուած է. «Ձեր միտքերուն մէջքը գօտեւորած»։ Այս խօսքերուն մէջ բառերուն կապակցութիւնը յայտնի կը ցուցնէ, թէ «այլաբանութիւն» կայ, որովհետեւ նկարագրական կամ սովորական մտքով առնել չի յարմարիր։ Այսպիսի են նաեւ հետեւեալ վկայութիւնները։ (Ա ԿՈՐՆ. Զ 11) համարին մէջ պէտք է այլաբանական մտքով հասկնալ «Լուացուեցաք» խօսքը՝ զոր առաքեալը կ՚ըսէ քրիստոնեաներէն ոմանց, քանի որ ան կ՚աւելցնէ նաեւ. «Մեր Աստուծոյ Հոգիովը»։
Նոյնպէս պէտք է այլաբանօրէն հասկնալ Քրիստոսի սա հրամանը. «Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները». (ՄԱՏԹ. Ը 22), որ կը նշանակէ, թէ աշխարհասէրները թող երթան աշխարհային գործերու։ Նոյնպէս այլաբանութեամբ է Քրիստոսի սա խօսքը. «Ասիկա է իմ արիւնս», քանի որ նկարագրական՝ պատկերացումով միտք առնելով անոր իմաստը հակառակ կու գայ ուղիղ Բանին եւ Սուրբ Գիրքին։
Արդարեւ, որոշելու համար, թէ բառեր պատկերացումով՝ նկարագրապէ՛ս թէ այլաբանութեամբ գործածուած են՝ միշտ բաւական չէ վերոյիշեալ կանոնը՝ որ կը պահանջէ ի մտի ունենալ անոնց հետ կապուած բառերու իմաստը, սակայն ա՛յս է ընդհանուր կանոնը՝ որով կ՚որոշուի այս խնդիրը։
Հասկնալու համար պէտք է մեկնաբանել խօսքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2025, Իսթանպուլ