ԶԵԿՈՅՑ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ հրապարակեց՝ նախօրէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողովին վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, 2025 թուականի նոյեմբերի 25-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Հայաստանի եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողով։ Քննարկուեցաւ վերջին շրջանին առանձին հոգեւորականներու կողմէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ թեմակալ առաջնորդի անուններու յիշատակութեան միտումնաւոր զեղչման խնդիրը։
Եպիսկոպոսաց դասը դատապարտելի նկատեց սոյն երեւոյթը՝ արձանագրելով, որ եկեղեցաբանական տեսանկիւնէն սա հակականոնական է եւ կրնայ յանգեցնել հերձուածի։ Ընդգծուեցաւ, որ նման գործողութիւնները ենթակայ են խստագոյն պատիժի, եթէ եկեղեցականը չզղջայ եւ չսրբագրէ իր հակականոնական ընթացքը սահմանուած կարգով։
Ժողովը կարեւոր նկատեց, որ հոգեւորականները չտրուին պառակտիչ գործողութիւններու եւ սադրանքներու, պահպանել միաբանութեան ոգին՝ յանուն Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ առաւել զօրացման։