ԿՌԻՒ՝ ՈՐ ՅԱՂԹՈՂ ՄԸ ՉՈՒՆԵՑԱՒ

Մեր թուականէն 92 տարիներ առաջ՝ 1933 թուականին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնաթերթը իր դեկտեմբերի թիւին մէջ (Է. տարի, թիւ 12, էջ 437) կը հրատարակէր «Ըմբռնել կացութիւնը» խորագրեալ կարեւոր խմբագրական մը, որուն մէջ կը տեսնենք լուրջ մտահոգութիւն մը՝ սփիւռքահայ կեանքին եւ անոր ապագային նկատմամբ: Խմբագրականը լուրջ մտահոգութեամբ կը դիտէր աշխարհի երեսին տարածուած հայութեան վիճակը եւ մտատանջ այս հարցադրումը կու տար. «մՄինչեւ ե՞րբ արդեօք»։ Սփիւռքը մինչեւ ե՞րբ պիտի յաջողէր կենդանի պահել իր ազգային լեզուն, կրօնը, մշակոյթն ու միութիւնը. պիտի կարենա՞ր ինքզինք հայ զգալով դիմել դէպի նոյն ապագան՝ որ հայրենիքը կը դիմէր: 

Սփիւռքի կեանքին մէջ կար հայրենիքէն բաժնուած ըլլալու մտահոգութիւնը, սակայն, կար աւելի լուրջ ու մտահոգեցուցիչ երեւոյթ մը. օտարութեան մէջ միութեան զօրութեամբ ամուր մնալու կոչուած հայ ժողովուրդը սփիւռքի մէջ եւս բաժնուած էր մէկէ աւելի մասերու։ Եղբայրասպան կռիւներու մէջ էին կուսակցութիւնները, արդէն իսկ մօտիկ անցեալին դժբախտ ցեղասպանութիւնը ապրած ժողովուրդին վրայ բարդելով նոր ցաւ մը, նոր մտահոգութիւն մը: 

Արդէն իսկ սփիւռքը բաժնուած էր իր հայրենիքէն։ Եղած էին երկու մաս. եղբայրասպան կռիւներով այժմ այդ միւս կէսը ինքն իր մէջ կը բաժնուէր երկու մասի եւ այս մէկը լուրջ մտահոգութիւն էր, որովհետեւ երկու կէսը բաժնել փորձող ժողովուրդը այժմ ինքզինք պիտի գտնէր մի քանի տասնեակ կէսերու դիմաց, որոնց միացումը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար: Ոմանք (ինչպէս Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը) գովելի եւ անհրաժեշտ կը նկատէին Խորհրդային իշխանութիւններու գոյութիւնը հայրենիքէն ներս, իսկ ուրիշներ այդ մէկը ազատութեան ու անկախութեան դէմ նկատելով՝ գերութիւն որակելով կը քննադատէին եւ կ՚ուզէին տեսնել ազատ ու անկախ Հայաստան մը՝ որուն նախափորձը արդէն իսկ նախօրօք կատարուած էր: Խորհրդային իշխանութեան կարեւորութիւնը շեշտելով հանդերձ, Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը կ՚ուզէ չէզոք դիրք մը ունենալ, լաւապէս գիտնալով, որ նման նրբանկատ հարցեր կրնան հակառակորդներու ախորժակը սրել. այդ ներքին անհամաձայնութիւններն ու կռիւները խմբագրութիւնը կը կոչէ «սին պայքարներ», «տհաճութիւն», «գայթակղութիւն», որոնք պարզապէս հայ ժողովուրդի ներքին կեանքը կը թունաւորեն: 

Այստեղ կ՚ուզենք ըսել, որ մեր ներկայ դժբախտ կացութեան հիմնական մեղաւորները մե՛նք ենք. յետ ցեղասպանութեան հայ ժողովուրդը անիմաստ վիճաբանութիւններն ու ըսի ըսաւները մէկդի դնելով, ազգային արժէքները աւելիով ամրապնդելու եւ հայ ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ կանգուն պահելու փոխարէն, զբաղեցաւ անիմաստ ու ժամանակավրէպ հարցերով. կուսակցական հարցեր ծագեցան՝ տարբեր գաղափարներու եւ համոզումներու պատճառով. այս մէկը վերջ չգտած ծագեցան կաթողիկոսական հարցեր. Էջմիածին եւ Անթիլիաս իր միս ուտելով փորձեցին հեղինակութիւն բանեցնել. ծնունդ առին թեմերու խնդիրներ, մեծ դժբախտութեամբ պատահեցաւ Լուսաւորչի աջի ամօթալի պատմութիւնները եւ այսպէս, արդէն իսկ հարուած ստացած սփիւռք մը միանալու եւ զօրանալու փոխարէն, աւելի եւս բաժան բաժան եղաւ եւ այդպէս ալ չյաջողեցաւ սփիւռքի մէջ հայ լեզու, հայ մշակոյթ եւ հայ ինքնութիւն պահելու իր պարտաւորութիւնը լաւագոյնս կատարել։ Շատեր պիտի պնդեն, թէ 1930-1960 թուականներուն սփիւռքի մէջ լաւ աշխատանք տարուեցաւ, սակայն, իրողութեան մը արդիւնքը մի քանի տարիներու վրայ չափելու փոխարէն, պէտք է չափել իր վախճանով, ինչ որ է մերօրեայ սփիւռքի վիճակը:

Եթէ աչքէ անցընենք այդ թուականներու մամուլը, միշտ նոյն հարցերը պիտի տեսնենք. Դաշնակցութիւնը ի՞նչ սխալներ ըրաւ Ա. Հանրապետութեան շրջանին. Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան տակ մտնելը ինչքանո՞վ ճիշդ էր, ինչքանո՞վ սխալ. կաթողիկոսութիւններէն ո՞ր մէկը աւելի բարձր ու գերիշխո՞ղ է. նոր ստեղծուած գաղութներուն մէջ ո՞ր կուսակցութիւնը իր հեղինակութիւնը պիտի բանեցնէ.... եւ կարելի է գրել նման հազար ու մէկ անիմաստ հարցեր՝ որոնք շուքի տակ կը ձգէին ամենէն կարեւորը՝ սփիւռքահայութեան վիճակը: 

«Սիոն»ի խմբագրականը թէեւ կը «փորձէ» այդ խնդիրին կարեւորութիւն տալ, սակայն, որպէս մարդ կամայ ակամայ տեղի կու տայ այդ օրերուն ի յայտ եկող խնդիրներուն դիմաց եւ կ՚ընէ նոյնը՝ ինչը կ՚ընէին միւսները։ Ահաւասիկ, խմբագրականէն տող մը. «Ազգային Եկեղեցւոյ ընդհանրական Պետը, Մայր Աթոռոյ Հայրապետն է, գերագոյն դատաւորը: Անո՛ր դատումն ու խօսքը պէտք է իշխեն. Անո՛ր հրամանին առջեւ հնազանդութիւն կը պարտի ամէն հայ»: 

Հաւատացէ՛ք, որ այդ թուականներուն, ցեղասպանութենէն տակաւին հազիւ մէկ տասնեակ յետոյ ժողովուրդի հիմնական մտահոգութիւնը ո՛ր կաթողիկոսութեան աւելի գերագոյն ըլլալ չըլլալը պէտք չէ ըլլար։ Կը հաւատանք, որ այդպէս ալ չէր. այդ մէկը պարզապէս կուսակցութիւններու, կաթողիկոսութիւններու եւ որոշ փառք ու պաշտօն փնտռող մարդոց մտահոգութիւնն էր պարզապէս՝ որ յաջողած էին տարածել ամբողջ ազգին մէջ: 

«Սիոն» Էջմիածինի գերակայութիւնը կը ճանչնայ, սակայն, նման հարցերու մասին կ՚ըսէ. «Անկարգապահութիւն է ու անկարգապահութիւնը ազգին այս փափուկ վիճակին մէջ մանաւանդ, ամենէն տխուր բանն է, որուն պիտի չկրնար բնաւ ցանկալ որեւէ լուրջ եւ ազնիւ հայ»: 

Ազգային մշակոյթը, լեզուն, հայու ինքնութիւնը կորուստի տալէ ետք ի՞նչ օգուտ ո՞րն է գերագոյնը. եթէ Մայր Աթոռը եւ կամ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինքզինք գերագոյն կը նկատէր, ապա մեղաւորը այժմ երկուքն են. թող որպէս «գերագոյն» հաշուետու ըլլան, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ համար այս վիճակին հասաւ հայ սփիւռքը։ Եթէ կուսակցութիւնները կը պնդէին, թէ իրենք են ճիշդը, իրենք են ղեկավարները, ապա թող պատասխան տան, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հոս հասանք: 

Այս մէկը հայկական հիւանդութեան տեսակ մըն է. այն ինչ որ լաւ է, կու գայ կուսակցութիւններէն եւ եկեղեցիներէն. այն ինչ որ վատ է՝ կու գայ հակառակ կողմէն. այս տրամաբանութեամբ՝ ինչ լաւ բան կայ իրե՛նք են հեղինակը, իսկ վատին հեղինակը բնականաբար հակառակորդն է: 

Այսօր այդ կռիւներէն անցած է աւելի քան 90 տարիներ, սակայն, այդ կռիւներուն հետեւանքը այսօր մենք կը կրենք. միութեամբ ազգը զօրացնելու փոխարէն, զբաղեցան մանրուքներով եւ անոր որպէս հետեւանք տուժեց ժողովուրդը, տուժեց լեզուն, տուժեց հայու ինքնութիւնը. ո՞վ եղաւ յաղթականը անիմաստ կռիւին... ո՛չ ոք:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ձեր կարծիքով ի՞նչ է հայ ժողովուրդին մեծագոյն սխալը:

Պատասխան. Ըստ պատմաբաններու եւ մտաւորականներու՝ հայ ժողովուրդի մեծագոյն սխալը այն է, որ դարերու ընթացքին անոնց միութիւնը հաստատուած է զգացումներու վրայ եւ ոչ թէ կազմակերպուած ու շարունակական պետական մտածողութեան վրայ: Որպէս արդիւնք, հայ ժողովուրդը շատ արագ արձագանգած է արտաքին վտանգներու եւ մոռցած՝ ներքին կառոյցներու, հաստատութիւններու երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը: Այս բոլորը պատճառ եղած են, որպէսզի անոնք միանան վտանգի ժամուն եւ ապա դարձեալ վերադառնան իրենց համոզումներուն. այս բոլորը պատճառ եղած է, որ պատմական հնարաւորութիւնները կորսուին եւ ձեռք բերուած յաջողութիւնները խոցելի ըլլան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 28, 2025