ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ ՄԷԿ ՂՐՈՒՇ…

Հրեայ գրող՝ Պուաազ Ապրուն քանդած է հոգեւոր եւ բարոյական համբաւի ենթադրութիւնը, զոր Իսրայէլի իշխանութեան մունետիկները կը փորձեն տարածել: Ան կը գրէ. «Կոտորածէն ի վեր մենք քննութեան մէջ ենք: Մեր ազնուութիւնը, մարդկայնութիւնն ու քաջութիւնը դրուեցան քննութեան մը առջեւ, որ ձախողեցանք անցնելու»: Չորս յանցաւորներ կը թուարկէ ան. «Առաջինը՝ մամուլն է: Երկու կամ երեք զարտուղի պարբերականներէ բացի, մամուլը համաձայնեցաւ լուռ դաւադրութեան մը եւ վարագոյր մը իջեցուց կոտորածին վրայ: Փոխանակ Քաֆըր Քասէմի մէջ եղած կոտորածին ու սպանութեան մասին գրելու, գրեց «փորձեանքի» մը, «սխալի» մը կամ «ցաւալի պատահարի» մը մասին: Իսկ երբ այս պարբերականները գրեցին այդ փորձութեան զոհերուն մասին, յայտնի չէ, թէ որո՞ւ մասին կը խօսի. սպաննուածներո՞ւն, թէ՞ սպաննողներուն մասին: Երկրորդ յանցաւորը երկրի կրօնական ղեկավարութիւնն ու կրօնական միւս մարմիններն էին: Անոնք որոնք իշխանութիւն կը պահանջեն, որպէսզի «հրէական արարչագործութիւնը տիրապետէ» եւ «մեր Իսրայէլի պապուկի հոգին»: Անոնք եւս լռեցին կատարեալ անտարբերութեամբ: Նոյնիսկ ո՛չ մէկ կրօնական անձնաւորութիւն բորբոքեցաւ, փրկելու համար հրէական կրօնքին պատիւը: Երրորդ յանցաւորը ակադեմական ղեկավարութիւնն է: Բացի քիչ մը «խենթեր»է, ո՛չ մէկ փրոֆեսէօր կամ դասախօս գտնուեցաւ, որ գոռար. «Ասիկա ոճրագործութիւն է»: Իսկ չորրորդ յանցաւորը մտաւորական-արուեստագիտական ղեկավարութիւնն է: Մտաւորականներու կազմակերպութիւնը, որ յայտնի իր մնայուն բողոքներով՝ չոր բողոքներով դիմելու «աշխարհի լուսաւոր խիղճին» լռե՛ց, եւ տակաւին լուռ է եւ լուռ ալ պիտի մնայ»: Գրողը կ՚աւելցնէ. «Իսկ ո՞ւր էին այն կուսակցութիւնները, որոնք այդ բոլոր ժամանակամիջոցին իշխանութեան աթոռներուն կը նստէին եւ խաղաղութեան, արդարութեան եւ ժողովուրդներու եղբայրութեան լոզունգները կը ծածանեցնէին: Ո՞ւր էին յեղափոխականները: Ո՞ւր էինք մենք…՝ շարքային քաղաքացիներս, որ զզուանք եւ արհամարհանք զգացին՝ դիտելով դեւերու պարը»:

Դեւերու պարը դատարանն է:

Կոտորածին երրորդ մասն է, որ սկսաւ սպանութեամբ եւ յետոյ լռութեամբ…, ապա դատավարութեամբ: Պատրաստուելով դատավարութեան՝ որ կառավարութիւնը ձգձգեց անոր կատարումը, նուաստացուցիչ հաշտութիւն մը կը կնքուի Իսրայէլի կառավարութեան եւ Քաֆըր Քասէմի զոհերու ազգականներուն հետ:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հարիւր հազար լիրա յատկացուց որպէս գին՝ յիսուն արաբ զոհի:

Պատմութեան ամենէն արժան գինը:

Գնագոյացումը սահմանուեցաւ հետեւեալ կերպով.

Երկու հազար լիրա տասնհինգ տարեկաններուն: Հազար լիրա՝ ութ տարեկանէն վար եղողներուն: Ամուսնացածը, որ զաւակներ չունի, գինը երեք հազար լիրա է: Ամուսնացածը, որ մէկ զաւակ ունի, գինը չորս հազար լիրա է: Ամուսնացածը, որ մէկ զաւակէն աւելի ունի, հինգ հազար լիրա կ՚արժէ: Իսրայէլեան յայտնի եւ անյայտ լրատուութիւններով իշխանութիւնները պարտադրեցին հաշտութիւնը եւ փոխհատուցումը:

Ապա…, սկիզբ առաւ ոճրագործներուն դատավարութիւնը, սպաննուածները դատապարտելէ ետք:

Կոտորածէն երկու տարի ետք, դատարանը հրապարակեց իր որոշումները, որոնք երկար ժամանակ խլեցին իրմէ: Ի՜նչ գեղեցիկ է, որ զինուորական իշխանութիւնը դերերը բաժնէ սպաննողի, դատաւորի եւ վկայի միջեւ:

Իր «արդար» դատավճիռին մէջ, դատարանը որոշեց, թէ սպայ Շամուէլ Մալենքի եւ փոխանորդ Ճպրայիլ Տըհան յանցաւոր են քառասուներեք քաղաքցի սպաննելուն մէջ: Առաջինին դատապարտութիւնը տասնեօթ տարի բանտարկութիւն էր, իսկ երկրորդինը՝ տասնհինգ տարի: Իսկ երրորդ մեղադրեալը՝ Շալոմ Աուֆարը, որ ամենէն սարսափազդու ձեւով եւ ամենէն շատը կատարած էր սպանութիւնները (ինչպէս արձանագրուած է փաստաբան Սապրի Ճրէյսի գիրքին մէջ, հիմնուելով կեդրոնական դատարանի որոշումներուն վրայ), ապա յանցաւոր գտնուած է քառասունմէկ քաղաքացի սպաննելուն մէջ եւ դատապարտուած է տասնհինգ տարուան բանտարկութեան: Իսկ չորրորդ եւ հինգերորդ մեղադրեալները, զինուորներ՝ Մախլութ Հըրէյշը եւ Իլյահօ Իպրահամը, ապա մեղաւոր ճանչցուած են քսաներկու քաղաքացի սպաննելուն մէջ: Իսկ զինուորներ՝ Ալպերթ Ֆահիման եւ Ատմոնտ Նահմանին, մեղաւոր ճանչցուած են տասնեօթ քաղաքացի սպաննելուն մէջ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին, ինչպէս նաեւ նախորդ երկու զինուորներուն դատապարտութիւնը եղած է ութ տարուան բանտարկութիւնը: Եւ դատարանը միւս երեք մեղադրեալները արդարացուցած է:

Թէեւ այս թեթեւ դատավճիռները, որոնց նպատակն է քաջալերել սպանութիւն գործելը՝ կանոնական ներողամտութեան ծածկոցին տակ, արաբ քաղաքացիներուն զարմանք պատճառեց, միաժամանակ մտահոգութիւն՝ ապագայի նկատմամբ. միւս կողմէ ընդվզումը շարժեց ծայրայեղ հրեաներու, որոնք կը պնդէին, թէ ոճրագործները իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարեցին: Կարգ մը իսրայէլեալ պարբերականներ նոյնիսկ չքաշուեցան պահանջել ներում՝ ոճրագործներուն համար:

Զարմանալի կամ անակնկալ չէր, որ իսրայէլացի պատասխանատուները ականջ տային այս ժողովրդական պահանջին, որով զինուորական բարձրագոյն դատարանը ճիշդ տեսաւ վերանայիլ վճիռը, որովհետեւ շատ ծանր էր եւ պէտք է թեթեւցուէր: Այսպիսով, ան արձակեց նոր դատավճիռ մը, որով Մալենքիի դատավճիռը տասնչորոս տարիի իջեցուց, Տըհանինը՝ տասը տարիի, Աուֆարինը՝ ինն տարիի: Ապա, բանակի հրամանատարը միջամտեց, որով Մալենքիի դատավճիռը տասը տարիի իջաւ, Տըհանինը՝ ութ տարիի, իսկ միւս ոճրագործներունը՝ չորս տարիի: 

Ապա պետութեան նախագահը եկաւ ա՛լ աւելի խորացնելու իսրայէլեան ոճրագործութեան արդարութեան սկզբունքը, որով Մալենքիին եւ Տըհանին մասնակի ներում շնորեց եւ անոնց դատավճիռը հինգ տարիի իջեցուց:

Դատավճիռներու նուազեցումի այս շղթան խաղի մը տեսքը ստացաւ՝ ներկայացնելու պարգեւներ ոճրագործներուն, գնահատելով անոնց յաջողութիւնը՝ սառնասրտութեամբ սպաննելու, որով «Բանտարկեալներուն ազատութիւն շնորհելու» յանձնախումբը նուիրաբերեց՝ իւրաքանչիւր դատապարտեալի բանտարկութեան դատավճիռին երեք քառորդը իջեցնելու: Որճրագործներէն մէկը 1960 թուականի սկիզբները ազատ արձակուեցաւ: Իսրայէլացի պատասխանատուները տեսան, որ Ճպրայիլ Տըհանը, որ քառասուներեք արաբ սպաննած էր մէկ ժամուան ընթացքին, արժանի է լաւ քաղաքացիական պաշտօնի մը, նկատի ունենալով իր արեան կապը, որ կը կապէ զինք արաբներուն, որով ալ-Րամլայի համայնքապետարանը նոյն տարուան ընթացքին յայտարարեց, թէ Տըհանը ընդունած է իր մօտ՝ «քաղաքին մէջ արաբներուն կապուած հարցերուն» պատասխանատուի պաշտօնով: 

Իսկ ի՞նչ կայ հրամանատար Շատմիի մասին, որ հրաման տուողն է Մալենքիին եւ թելադրած էր անոր, որ իր զինուորներուն մէջ տարածէր առանց զգացմունքներու ըլլալու հանգամանքը: Աւելին, ի՞նչ կայ այն մեծ աղբիւրի մասին, որմէ Շատմին բարձրագոյն հրամանները ստացած է: Շատմին դատելը՝ իրական կերպով, վարագոյրը պիտի իջեցնէ հրամաններու բարձրագոյն օղակին վրայէն: Այդ պատճառով, Շատմին ձեւական զինուորական դատարանի մը առաջ ներկայացաւ, որու անդամները նշանակած էր բանակի հրամանատարը:

Դատավարութիւնը շատ արագ կերպով ընթացաւ: Դատարանը տեսաւ, որ Շատմին «գիտարուեստական [technical] սխալի մը» մէջ յանցաւոր է եւ այդ պատճառով ալ դատավճիռ արձակեց… յանդիմանելով զինք միայն եւ դրամական տուրք նշանակելով՝ մէկ իսրայէլեան ղրուշ:

Շատմիին ղրուշը թերեւս ամենէն թանկ դրամն է ոճրագործութիւններու պատմութեան մէջ եւ անոր համբաւը պիտի երկարի շա՜տ տարիներ՝ այնքան ատեն, որ ոճրագործութեան համար տեղ կայ աշխարհի վրայ: Պատասխանատուն քառասունինն անմեղ քաղաքցիներ սպաննուելուն՝ ապահով գիւղի մը մէջ, պատիժ կը կրէ մէկ ղրուշ վճարելով միայն: Այս բանը շատ չի՛ պատահիր…, շատ չի՛ պատահիր պատմութեան մէջ, բացի երբ նացիականութեան զոհերու զաւակները կը կապկպեն զիրենք սպաննողները: Ա՛յս է դասը, որ սորվեցան Պաղեստինի հողին վրայ սիոնիստական մտադրութիւն կրողները:  

Իսկ ի՞նչ գրեց հրեայ մտաւորական՝ Ահատ Հըաամը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց սիոնիստականութեան քարոզին եւ դիմադրելուն՝ հրեաներուն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ միախառնուելուն: Ի՞նչ գրեց նախքան իրենց պետութիւնը հիմնելը եւ իր աչքերով տեսնելը հրեայ գաղթականներուն վերաբերմունքը Պաղեստինի մէջ 1891-ին: Գրեց. «Մեր գաղթական հրեայ եղբայրները ի՞նչ կ՚ընեն Պաղեստինի մէջ: Սփիւռքի մէջ ստրուկներ էին եւ յանկարծ իրենք զիրենք գտան ազատութեան մը մէջ, որ ո՛չ ոք կրնար խլել զայն իրենցմէ: Այս յանկարծակի փոփոխութիւնը անոնց մէջ դէպի բռնակալութիւն հակում մը ծնաւ, ինչպէս կ՚ըլլայ պարագան, երբ ստրուկը տէր կը դառնայ: Անոնք արաբներուն հետ վայրագութեամբ եւ թշնամաբար կը վարուին, անոնց իրաւունքները կ՚ոտնահարեն անպատմելի եւ անկարելի ձեւերով, ապա անոնց գործերը, որոնք այդ բոլորէն վեր են: Մեր մէջ մէկը չկայ, որ այդ ստոր եւ միաժամանակ վտանգաւոր հակումին դէմ կանգնի»: Եթէ դասական սիոնիստ Ահատ Հըաամը բողոքեց նախնի գաղթականներու վայրագուենէն, նախքան պետութիւն մը հիմնելը եւ բանակ ու զէնք ունենալը, արդարեւ ի՞նչ կրնայ գրել ներկայիս հետեւողը…:

(Տխրութեան սովորական օրագիր)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2025