ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի մէջ վերջին ամիսներու իշխանութիւն-եկեղեցի լարուածութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Երկրի վարչապետը եօթ տարի պաշտօնավարելէ ետք յիշած է, որ ինք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ է եւ այդ եկեղեցիէն ներս ամէն կիրակի սուրբ եւ անմահ Պատարագ կը մատուցուի, այսպէսով սկսած է կանոնաւորապէ՛ս իւրաքանչիւր կիրակի պատարագի մասնակցիլ՝ տարբեր եկեղեցիներէ ներս: Մասնակցութեան պայմանն ալ Ամենայն Հայոց Հայրապետին անուան զեղչումն է Պատարագի ընթացքին. երեւոյթ մը, որ ո՛չ միայն հակականոնական է, այլեւ՝ հակաքրիստոնէական: Ախթալայի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Հեթում Քհնյ. Թարվերտեան այս կապակցութեամբ ուշագրաւ գրութիւնով մը հանդէս եկած է՝ իր դիմատետրի էջին վրայ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յօդուածը, որ արեւմտահայերէնի փոխադրուած է Վարանդ Քորթմոսեանի կողմէ։
*
Վերջին շրջանին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցած որոշ անառողջ երեւոյթներ՝ յատկապէս Պատարագի ընթացքին կաթողիկիոսի կամ թեմական առաջնորդի անունը չյիշատակելու փորձերը կը պահանջեն ո՛չ թէ յուզական, այլ՝ սթափ, փաստարկուած եւ ակունքներուն հաւատարիմ քննադատական մօտեցում: Իր էութեամբ այս խնիրը չի՛ վերաբերիր մասնաւոր անձերու, առաւել եւս՝ ժամանակաւոր տարաձայնութիւններու, այլ՝ Առաքելական Եկեղեցւոյ կառուցուածքի ա՛յն հիմնարար սկզբունքին, որու վրայ վերջնականապէս կը յանգի ամբողջ եկեղեցական գոյութիւնը՝ միասնութիւնը:
Ա. ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՈՉ-ԵՐԿԻՄԱՍՏ ՀՐԱՄԱՆՆԵՐԸ
Սուրբ Գիրքի շարք մը հատուածներ, երբ ամբողջականութեան սկզբունքով կը կարդացուին, յստակ կը ձեւակերպեն այն անվերազանցելի ճշմարտութիւնը, թէ քրիստոնէական համայնքի կեանքը առանց հնազանդութեան եւ կարգապահութեան կարելի չէ պատկերացնել:
Եփեսացիներու 4.4-5-ին մէջ կը կարդանք. «Մէկ մարմին, մէկ Հոգի, ինչպէս մէկ է Տէրը, մէկ՝ հաւատքը, մէկ՝ մկրտութիւնը»:
Այս խօսքերը, առաքելական ինքնագիտակցութեան ամփոփում ըլլալով, որեւէ կերպով չեն կրնար համատեղուիլ անհատական կամայականութեան հետ, ինչպիսին է առաջնորդի յիշատակութենէն հրաժարիլը:
Այս նոյն տրամաբանութիւնը կ՚ամրապնդուի Եբրայեցիներու 13.17-ով. «Հնազանդեցէ՛ք ձեր առաջնորդներուն եւ ենթարկուեցէք անոնց»:
Այստեղ հնազանդութիւնը իբրեւ մարդկային հեղինակութեան դիմաց ենթարկում չի՛ սահմանուիր, այլ՝ իբրեւ աստուածային կարգի պահպանում, ինչին խախտումը անխուսափելիօրէն համայնքէն ներս խառնաշփոթի ստեղծում կը բերէ:
Բ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԱՆԺԽՏԵԼԻ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Քրիստոնէական պատմութեան ամբողջ ընթացքը այնպիսի միակողմանի պատկերացում մը կու տայ, որ եպիսկոպոսական իշխանութեան եւ հօտի միասնականութեան խզումը երբեք չէ կրցած որեւէ դրական արդիւնքի հասցնել:
Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացին՝ առաջին դարերու ամենափայլուն վարդապետներէն մէկը, կը հռչակէ. «Ուր որ եպիսկոպոսն է, այնտեղ է ժողովուրդը, եւ ուր որ չկայ եպիսկոպոս, այնտեղ չկայ եկեղեցի»:
Այս խօսքը պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ իբրեւ հեղինակութեան պաշտամունք, այլ՝ իբրեւ այն պարզ իրականութիւնը, թէ եկեղեցւոյ գոյութիւնը պայմանաւորուած է իր անխախտ կառուցուածքով:
Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացին, խորապէս գիտակցելով եկեղեցական միասնականութեան բնոյթին, կ՚աւելցնէ. «Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միասնութիւնը եպիսկոպոսութեան վրայ հիմնուած է»:
Հետեւաբար, յիշատակութիւնը դադրեցնելը կը նշանակէ՝ դուրս գալ այս միասնութեան շրջանակէն:
Նոյն մտայնութիւնը կը նկատուի Բարսեղ Մեծի եւ Յովհան Ոսկեբերանի ուսմունքներուն մէջ, ուր մէկը յիշատակութենէն հրաժարողը «կարգը խախտող» կ՚անուանէ, միւսը՝ «մէկ քահանայութեան կապը խզող»: Իսկ Ներսէս Շնորհալիի յորդորը՝ «պահեցէ՛ք միասնութիւնը», կ՚ամփոփէ Հայ Եկեղեցւոյ ինքնութեան հիմքը:
Գ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓՈՐՁԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին բոլոր պառակտումները՝ առանց բացառութեան, սկիզբ առած են ուղղակիօրէն այն նոյն քայլէն՝ յիշատակութեան խզումէն:
Թոնդրակեցիներու, Պաւլիկեաններու, Աւետարանական կամ այլ ուղղութեամբ զարգացած ներհակ շարժումներու արմատներուն մէջ անխուսափելիօրէն կը հանդիպինք նոյն երեւոյթին՝ հոգեւոր իշխանութենէն դուրս գալու ինքնակամ ձգտումին:
Պատմութիւնը այս խնդրի պարագային միակողմանի յստակութիւն ունի։ Այնքան ատեն, որ տակաւին եկեղեցւոյ ներքին միասնականութիւնը կը պահպանուի, արտաքին վտանգը երբեք չի՛ կրնար ոչնչացնել զայն: Իսկ երբ այդ միասնութիւնը ներսէն կը խախտուի, ապա իւրաքանչիւր արտաքին միջամտութիւն՝ երկրորդական կը դառնայ:
Դ. Ի՞ՆՉ Է ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵՆԷՆ ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ
Յիշատակութեան դադարեցումը չի՛ կրնար իբրեւ կարծիք կամ համեստ բողոք դիտուիլ: Այն հետեւեալն է իր էութեամբ.
1. Եկեղեցւոյ առաքելական կառուցուածքէն դուրս գալու բացայայտ դրսեւորում:
2. Իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու սահմաններու խախտում:
3. Հոգեւոր կեանքի մէջ ինքնիշխանութեան անթոյլատրտելի փորձ:
4. Եկեղեցական ժողովուրդի մէջ պառակտումի եւ շփոթութեան սերմանում:
Այդ պատճառով Սուրբ Պօղոս կը գրէ. «Աստուած երկփեղկութեան հեղինակ չէ՛, այլ՝ խաղաղութեան» (Ա. Կր. 14.33):
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հետեւելով Սուրբ Գիրքին, եկեղեցւոյ հայրերուն եւ հայ աւանդութեան անշեղ վկայութեան՝ յիշատակութեան խնդիրը դուրս կու գայ անձերու եւ ժամանակաւոր իրադարձութիւններու շրջանակէն եւ կը վերածուի եկեղեցի ըլլալ-չըլլալու խնդրին:
Հետեւաբար, այն բոլոր փորձերը, որոնք այսօր կը կատարուին կաթողիկոսին կամ առաջնորդին անունը չյիշատակելու պատրուակով՝ ինչքան ալ արդարացումի հագուստով պատուած ըլլան, իրենց խորքին մէջ, սակայն, նոյն վտանգաւոր հետեւանքը ունին. եկեղեցւոյ միասնականութեան խախտում։ Այս բանին համար պատասխանատուութիւն կը կրեն ո՛չ միայն նախաձեռնողները, այլեւ՝ անոնք, որոնք լռութեամբ կամ անտարբերութեամբ կը նպաստեն այդ խզումին:
Եկեղեցին այնքանով ուժ ունի՝ ինչքանով որ միասնական է: Եւ այնքանով՝ ինչքանով որ իր հաւատարմութիւնը կը պահէ առաքելական կարգին:
ՀԵԹՈՒՄ ՔՀՆՅ. ԹԱՐՎԵՐՏԵԱՆ